ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆ ԳԾԱՖԻԼՄԵՐ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին Իս­թան­պու­լի չոր­րորդ ման­կանց ու ե­րի­տա­սար­դաց պիէ­նա­լին։ Ապ­րի­լի 19-էն ի վեր ըն­թաց­քի մէջ է այս պիէ­նա­լին ծրա­գի­րը, որ իր ա­ւար­տին պի­տի հաս­նի Մա­յի­սի 23-ին։ Գա­րա­կէօ­զեա­նի տղա­քը այս շրջագ­ծով ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց կող­մէ պատ­րաս­տուած ե­րեք գծա­ֆիլ­մեր՝ հա­յե­րէ­նով եւ թրքե­րէ­նով։ Պէ­յօղ­լուի «Անթ­րե­փօ 1»ի եր­դի­քին տակ ցու­ցադ­րուե­ցան այդ գոր­ծե­րը։

Գա­րա­կէօ­զեան­ցի­նե­րուն կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած գոր­ծե­րը ընդ­հան­րա­պէս պտուղն էին դպրո­ցէն ներս ի­րա­կա­նա­ցուած «գծա­ֆիլմ-ա­նի­մա­սիոն»ի դա­սըն­թացք­նե­րուն։ Պիէ­նա­լին շրջագ­ծով գա­րա­կէօ­զեան­ցի­նե­րուն կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած գոր­ծե­րը ար­ժա­նա­ցան ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։

Ի լրումն այս բո­լո­րին, դպրո­ցի սա­նե­րէն Ա­րեգ Պե­տի­կեան եւ Թա­րա Զիլ­ման պիէ­նա­լին շրջագ­ծով ի­րա­կա­նա­ցու­ցին աշ­խա­տա­նո­ցի ձե­ւա­չա­փով ցու­ցադ­րու­թիւն մը, ո­րու ըն­թաց­քին հե­տաքր­քիր­նե­րուն գործ­նա­կան բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուին ի­րենց գծա­ֆիլ­մե­րու պատ­րաս­տու­թեան փու­լե­րուն շուրջ։ Ա­շա­կերտ­նե­րուն աշ­խա­տանք­նե­րը վե­րահս­կեց ա­նի­մա­սիո­նի ու­սուց­չու­հի Հավ­վա Քան­կալ Էր­տո­ղան։

Երեքշաբթի, Մայիս 10, 2016