ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Բե­րա­յի թան­գա­րա­նին մէջ, Թե­փեպա­շը, տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չու­թեան կող­մէ լոյս ըն­ծա­յուած «Yok Hükmünde» գիր­քին շնոր­հան­դէ­սը, ո­րու պա­տուոյ հիւ­րերն էին Ուղ­ղա­փա­ռաց Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէոս Ա. Տիե­զե­րա­կան Պատ­րիար­քը եւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ու­շագ­րաւ շնոր­հան­դէս մըն էր այս մէ­կը, որ հան­դի­սա­ցաւ երկ­րի ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րէ բազ­մա­թիւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ժա­մադ­րա­վայ­րը։ Բա­ցի հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն, ձեռ­նար­կին մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պետ Հայ­րի Ի­նէօ­նիւ, բազ­մա­թիւ ի­րա­ւա­բան­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ եւ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան աշ­խար­հէն դէմ­քեր։

Ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան եւ ա­նոնց հո­գե­ւոր կեդ­րոն­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան կար­գա­վի­ճա­կին վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րը միշտ կը մնան այժ­մէա­կան։ Նման մթնո­լոր­տի մը մէջ հրա­տա­րա­կուե­ցաւ «Yok Hükmünde»ն, ո­րու շնոր­հան­դէսն ալ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այն­պի­սի ի­րա­վի­ճա­կի մը մէջ, երբ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը գտնուի փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու օ­րէն­քի մը ըն­դուն­ման վար­կա­ծը կամ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը։ Վե­րո­յի­շեալ խըն-դիր­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին ե­րեք գի­տա­ժո­ղով­ներ կազ­մա­կեր­պը-ւած էին Կա­լա­թա­սա­րա­յ հա­մալ­սա­րա­նին, Ան­գա­րա­յի հա­մալ­սա­րա­նի Քա­ղա­քա­գի­տու­թեան ֆա­քիւլ­թէին եւ Իս­թան­պու­լի «Պիլ­կի» հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ Այդ գի­տա­ժո­ղով­նե­րուն ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ց-ւած զե­կու­ցում­նե­րուն հի­ման վրայ պատ­րաս­տուած է «Yok Hükmünde»ին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը։

Ե­րէ­կուան շնոր­հան­դէ­սին ըն­թաց­քին ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան «Ա­րաս»ի հրա­տա­րա­կու­թեան տնօ­րէն Ռո­պէր Քոփ­թաշ, Վաքըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց նախ­կին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Լա­քի Վին­կաս, այժ­մու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան, ի­րա­ւա­պաշտ­պան Ռի­թա Էն­տէր, ըն­կե­րա­բան Փրոֆ. Ա­րուս Եու­մուլ եւ գրող Մկրտիչ Մար­կո­սեան։ Ձեռ­նար­կի ա­տե­նա­խօս­նե­րը շեշ­տե­ցին, որ գիր­քին մէջ ար­ծար­ծուած հար­ցե­րը կը վե­րա­բե­րին ընտ­րե­լու եւ ընտ­րուե­լու, ներ­կա­յա­նա­լու եւ ներ­կա­յա­ցուե­լու տար­րա­կան ի­րա­ւունք­նե­րուն, ո­րոնք ու­նին ան­վի­ճե­լի նշա­նա­կու­թիւն։ Ներ­կայ կա­ցու­թիւ­նը ստուեր կ՚ա­ծէ այդ ի­րա­ւունք­նե­րուն վրայ։ Իր կար­գին Ա­րուս Եու­մուլ մաս­նա­ւո­րա­պէս կանգ ա­ռաւ, որ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րը կը ձգտին ի­րենց ար­դար տե­ղը գտնել սե­փա­կան հա­սա­րա­կու­թեան մէջ։ Ռո­պէր Քոփ­թաշն ալ մատ­նան­շեց վեր­ջին շրջա­նի դրա­կան յա­ռա­ջըն­թա­ցը եւ ա­ւել­ցուց, թէ այդ զար­գա­ցում­նե­րուն տրա­մա­բա­նա­կան շա­րու­նա­կու­թիւ­նը կ՚ակն­կա­լուի։

Շնոր­հան­դէ­սի ըն­թաց­քին ա­տե­նա­խօս­նե­րուն կող­մէ մատ­նան­շուած ու­շագ­րաւ հար­ցե­րէն մին ալ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց եւ Յու­նաց պատ­րիար­քու­թիւն­-նե­րու Թուր­քիոյ մէջ ներ­կա­յաց­ման հար­ցա­կանն էր՝ հա­շ-ւի առ­նե­լով, որ ան­ցեա­լին Ա­նա­տո­լուի մէջ ա­նոնք ու­նե­ցած են բա­զում կա­լուած­ներ։

Ե­լոյթ­նե­րէն վերջ ներ­կա­նե­րը ան­մի­ջա­կան մթնո­լոր­տի մը մէջ զրու­ցե­ցին ի­րա­րու հետ՝ կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­լով առ­կայ խնդիր­նե­րուն եւ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ։

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016