ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ՊՏՈՅՏՆԵՐԸ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները վերջերս յաջողութիւններ արձանագրեցին զանազան ընկերամշակութային գործունէութիւններու շրջագծով։
«Պէյքենթ» վարժարաններու ցանցին կողմէ կազմակերպուած «սքրապլ»ի մրցաշարքին շրջագծով առաջին հանդիսացաւ Աւետիք Չաքըր, որ պարգեւատրուեցաւ պնակիտով մը։ Խումբին մաս կը կազմէին Աւետիք Չաքըր, Լենա Սարըօղլու, Կապրիէլ Թուրկուտ, Սելին Թոմպաք եւ Թալին Եշիլթեփէ։ Այս խումբը բարձրացաւ մինչեւ աւարտական։ Կապրիէլ Թուրկուտ հանդիսացաւ երկրորդ, իսկ Լենա Սարըօղլու՝ երրորդ։
«Monami» խորագրեալ գծագրութեան աւանդական մրցոյթին մասնակից Մէրամէթճեան վարժարանի սաներէն Քայլա Էպրիւշիւմ նուաճեց մետայլ մը, իսկ Լենա Դաւիթեան, Լեթիսիա Սիւրմէեան, Արտէն Ֆոսքոլօ եւ Թալիա Ֆերահեան ստացան վկայականներ։
«Նոթր Տամ տը Սիոն» ֆրանսական վարժարանին կողմէ կազմակերպուած «Պաստառէն դէպի գրիչ. պատմուածքի եւ բանաստեղծութեան մրցոյթ»ին յաջող մասնակցութիւն բերին Մէրամէթճեան վարժարանի սաները։ Աքսէլ Իսքէնտէրօղլու նուաճեց առաջնութիւնը՝ «Տխուր հեծանիւը» խորագրեալ պատմուածքով։ Մանսիոնի արժանացաւ Արի Արման Քայաօղլու։
«Տարրիւշաֆաքա» վարժարաններու ցանցին կողմէ կազմակերպուած յօդուածագրութեան մրցոյթին շրջագծով Մասիս Էօզնիկոլեան արժանացաւ մանսիոնի։ Շիշլիի Կրթական տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած անգլերէնով շարադրութեան մրցումի արդիւնքին Լենա Սարըօղլու դարձաւ առաջին։
Մէրամէթճեան վարժարանը այս տարի եւս յաջող մասնակցութիւն բերաւ Mind Lab-ի Թուրքիոյ աւարտականին։ Դպրոցի խումբին մէջ էին՝ Արի Արման Քայաօղլու, Տարօն Սիրականեան, Քամի Ճան Թորիկեան եւ Նիքոլ Քարաքուշ։ Մէրամէթճեան վարժարանի խումբը հանդիսացաւ եօթներորդ՝ 26 վարժարաններու շարքին։ Արի Արման Քայաօղլու յաջողութեամբ աւարտեց մրցոյթի հինգ փուլերը եւ իրաւունք շահեցաւ մասնակցելու համաշխարհային մրցաշարքի անհատական մրցումներուն։
Միւս կողմէ, Մէրամէթճեան վարժարանի սաները վերջերս իրականացուցին նաեւ շարք մը պտոյտներ՝ դէպի զանազան թանգարաններ կամ պատմամշակութային տեսարժան վայրեր։