ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԳԻՏԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

«Գի­տու­թիւն՝ ա­մէն ին­չի հա­մար» կար­գա­խօ­սով Է­սաեան վար­ժա­րա­նը այս տա­րի վե­ցե­րորդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պած է գի­տա­կան խրախ­ճանք մը։ Միջ­վար­ժա­րա­նա­յին բնոյթ ու­նի այս ծրա­գի­րը, ո­րուն կը մաս­նակ­ցին իս­թան­պու­լա­հայ միջ­նա­կարգ­նե­րէն ա­շա­կեր­տա­կան խում­բեր։ Է­սաեա­նի սա­նե­րը դպրո­ցի տար­րա­լու­ծա­րան­նե­րուն, զա­նա­զան բա­ժին­նե­րուն եւ պար­տէ­զին մէջ պատ­րաս­տած են զա­նա­զան գի­տա­կան ծրագ­րեր։ Գի­տու­թեան ա­ռար­կա­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ բա­ժին­նե­րը պատ­րաս­տուած են միջ­նա­կար­գի ա­շա­կերտ­նե­րուն կող­մէ, իսկ մնա­ցեալ­նե­րը՝ լի­սէա­կան­նե­րուն։ Մեր միջ­նա­կարգ­նե­րէն տղա­քը խումբ առ խումբ կը հիւ­րըն­կա­լուին Է­սաեան վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ, ուր ա­շա­կերտ­նե­րը ա­նոնց կը ներ­կա­յաց­նեն ի­րենց տա­րած աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քը։

Ե­րէկ սկսած Է­սաեա­նի ե­ռօ­րեայ գի­տա­կան խրախ­ճան­քը վա­ղը պի­տի հաս­նի իր ա­ւար­տին։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 12, 2016