ԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

«Ա­րուես­տա­կա­նու­թիւն», մա­նա­ւանդ մեր դա­րուն, բնու­թեան դէմ մար­դուս հռչա­կած ճա­կա՛տն է, որ պայ­քար մը, մրցակ­ցու­թիւն մըն է նաեւ մար­դուն եւ բնու­թեան մի­ջեւ։ Ա­րուես­տա­կա­նու­թիւն կը նշա­նա­կէ՝ անբ­նա­կա­նու­թիւն, կեղծ, կեղ­ծուած՝ նմա­նը բայց ո՛չ ի­րա­կա­նը։ Այս ի­մաս­տով «ա­րուես­տա­կա­նու­թիւն»ը կեր­պով մը կը նշա­նա­կէ բնու­թիւ­նը կեղ­ծել, բնու­թեան նման ըլ­լա­լու աշ­խա­տիլ, բայց ո՛չ ին­քը։ Շին­ծու, խե­ղա­թիւ­րուած կեր­պով ներ­կա­յաց­նել ի­րա­կա­նը, կեղ­ծել բու­նը եւ ա­նով գո­հա­նալ, ա­նով գոր­ծել։

Բայց թե­րեւս ա­մէն ինչ կա­րե­լի է կեղ­ծել, ձե­ւաց­նել եւ կամ նմանց­նել, բայց բնու­թիւ­նը կեղ­ծել, նմանց­նել, ձե­ւաց­նել կա­րե­լի չէ՛, քա­նի որ բնու­թիւ­նը ինք­նու­րոյն, ա­ռանձ­նա­յա­տուկ էու­թիւն մըն է, եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով՝ բնու­թեան հետ մրցիլ, չա­փուիլ սխալ է եւ ա­նի­մա՛ստ։ Սա­կայն, ինչ­պէս ը­սինք, մա­նա­ւանդ մեր դա­րուն, մար­դը «ա­րուես­տա­կա­նու­թիւն»ը դրած է բնու­թեան դէմ, զո­հե­լով ա­մէն բա­րո­յա­կան եւ հո­գե­ւոր ար­ժէք։ Այ­նու­հան­դերձ բա­րո­յա­կան եւ հո­գե­ւոր այ­ժէք­ներ բնու­թեան կողմն են, քա­նի որ ան­կէ կը բխին։

Մի­ջո­ցը կարճ է եւ սրտե­րը՝ տա՛ք։ Զոր օ­րի­նակ, առ­նենք «բջի­ջա­յին հե­ռա­ձայն»ը՝ կար­ծես մար­դուս ան­բա­ժա­նե­լի մէկ մաս­նի­կը, ան­դա­մը, ա­մէն տեղ կը փո­խադ­րուի, կը տա­րուի մար­դուն հետ։ Ո­մանք կ՚ը­սեն, որ այդ ա­րուես­տա­կան կա­պը, մար­դոց ա­ւե­լի շատ ի­րե­րու մօ­տե­նա­լուն, մի­ջոց­նե­րը կար­ճեց­նե­լու, նոյ­նիսկ բո­լո­րո­վին ջնջե­լու, ան­հե­տաց­նե­լու պատ­ճառ ե­ղած է եւ սա­ռած, քա­րա­ցած սիր­տե­րը տաք­ցու­ցած եւ մեղ­մա­ցու­ցած է։ Ի՞նչ կը խոր­հիք, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ։ Այդ «ա­րուես­տա­կա­նու­թեան» պատ­ճա­ռով թե­րեւս «հե­ռու»ներ մօ­տե­ցած, «սառ»եր լկած՝ հա­լած են, բայց «մօտ»ե­րը, մեր­ձա­ւոր­նե­րը հե­ռա­ցու­ցած, տաք սրտե­րը սա­ռե­ցու­ցած է նաեւ այդ «ա­րուես­տա­կա­նու­թիւն»ը։ Դի­տե­ցէք ձեր շուր­ջը ու­շադ­րու­թեամբ՝ ա­մէն մէկ, գո­նէ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը կը խօ­սի իր հե­ռա­ւոր բա­րե­կա­մին հետ, բայց կ՚ան­տե­սէ ան­մի­ջա­պէս իր մօտ գտնուած սի­րե­լին։ Այս սա կը նշա­նա­կէ՝ հե­ռու­նե­րը կը մօ­տե­նան, բայց մօ­տը գտնուող­նե­րը, մեր­ձա­ւոր­նե­րը, հա­րա­զատ­նե­րը կը հե­ռա­նան։

Նո՛յնն է պա­րա­գան հե­ռուս­տա­ցոյ­ցին հա­մար՝ ան­ծա­նօթ­նե­րու կը ծա­նօ­թա­նայ մարդ, սա­կայն կ՚օ­տա­րա­նայ իր հա­րա­զատ­նե­րուն։

Տար­բեր չէ պա­րա­գան հա­մա­կար­գիչ մե­քե­նա­յին՝ հա­մա­ցան­ցին, տե­ղե­կու­թիւն փո­խադ­րող գոր­ծի­քին հա­մար, քա­նի որ մար­դիկ կը տա­րուին եւ շատ ան­գամ կ՚ան­տե­սեն, կը մոռ­նան ի­րենց ան­մի­ջա­կան շրջա­պա­տը։ Եւ այս­տեղ վտանգ մըն ալ կայ գրա­սէր­նե­րը վնա­սող կամ վի­րա­ւո­րող, հետզ­հե­տէ կը սկսի զանց ը­նել գիր­քը, անխ­նամ լքել գիր­քի ըն­թեր­ցու­մը, որ մեծ հա­ճոյք մըն է, վա­յելք մըն է գրա­սէ­րին հա­մար։ Եւ գիր­քին տես­քը եւ բոյ­րը ար­դէն բա­ւա­րար է գրա­սէ­րին հա­մար։ Ա­րուես­տա­կա­նու­թեան ան­պա­տե­հու­թիւն­նե­րէն մէ­կը եւս ա­հա­ւա­սի՛կ։

Հա­պա ի՞նչ ը­սել գրե­լու մա­սին։

Ճեր­մակ թուղ­թի վրայ գրի­չով գրուած գրու­թեան մը կեն­դա­նու­թիւ­նը, ե­ռան­դը, վա­յել­քը կա­րե­լի՞ է ապ­րիլ հա­մա­կար­գի­չի վրայ մե­քե­նա­բար գրուած տո­ղե­րուն մէջ։ Ձեռ­քին մէջ գրիչ մը՝ գրուած ա­մէն մէկ տո­ղի մէջ հո­գի կա՛յ, կեանք կա՛յ, ապ­րում կա՛յ, ո­գի եւ ո­գե­ւո­րու­թիւն կա՛յ, աշ­խու­ժու­թիւն կա՛յ եւ մտեր­մու­թիւն, ան­կեղ­ծու­թիւն կա՛յ…։

Ան­գամ մը փոր­ձե­ցի հա­մա­կար­գի­չի վրայ գրել, կար­ծես սա­ռած, ան­շունչ, ան­կեն­դան մէ­կու մը հետ դէմ յան­դի­ման կը գտնուէի՝ ո՛չ ո­գի, ո՛չ խան­դա­վա­ռու­թիւն եւ ոչ ալ հա­ճոյք կար, կար­ծես մտա­ծում­նե­րը կորսն­ցու­ցած էին ի­րենց էու­թիւ­նը։ Մատ­նե­րուս մէջ՝ գրի­չով կեն­դա­նա­ցաւ ա­մէն ինչ, տա­ռե­րը, տո­ղե­րը կար­ծես «յա­րու­թիւն առ­նել»ով վե­րա­կեն­դա­նա­ցան, արթն­ցան եւ ի­մաստ գտան, դէ­պի ի­րենց նպա­տա­կը՝ սու­րալ սկսան…։

«Ա­րուես­տա­կա­նու­թիւն»՝ լա՛ւ, բայց ե­թէ մարդ ա­նով կը կորսնց­նէ բնա­կա­նը, ի­րա­կա­նը, կեն­դա­նու­թիւ­նը, ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը, ի՜նչ ար­ժէք կ՚ու­նե­նայ այն։

Եւ կար­ծեմ դար­ձեալ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը զգա­լի կը դառ­նայ՝ չա­փա­ւո­րու­թեան, եր­կու հա­կա­դիր ար­ժէք­նե­րու ներ­դաշ­նա­կու­թեան կա­րո­ղու­թեա­նը։ Ար­դա­րեւ այն­քան դժուար չէ եր­կու ար­ժէք ներ­դաշ­նա­կե­լը՝ չա­փա­ւո­րե­լը, բայց մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս կը նա­խընտ­րեն ծայ­րա­յե­ղու­թիւ­նը՝ կա՛մ մէ­կը կա՛մ միւ­սը ընտ­րե­լը, եւ եր­կու­քը, եր­բեմն ա­ւե­լի շատ ար­ժէ­քը չեն կրնար ներ­դաշ­նա­կել։ Ա­մէն բան իր ար­ժէ­քին հա­մե­մատ գոր­ծա­ծել, յար­մա­րա­գոյն եւ նպա­տա­կա­յար­մար գոր­ծա­ծել՝ թէ՛ օգ­տա­կա­րու­թիւ­նը կ՚ա­ւելց­նէ եւ թէ ա­մէն մէկ ար­ժէք իր ար­ժա­նի­քը կը գտնէ։ Տե­ղին հա­մե­մատ մէ­կը եւ միւ­սը գոր­ծա­ծել ա­մե­նա­լաւ լու­ծումն է, ա­մէն մի­ջո­ցէ օգ­տուիլ եւ օգ­տա­գոր­ծուիլ կեան­քը կը դիւ­րաց­նէ, դիւ­րա­տար կ՚ը­նէ։ Մինչ­դեռ միայն մէ­կուն վրայ կառ­չիլ՝ վնաս կը պատ­ճա­ռէ, փո­խա­նակ օ­գու­տի։

Ա­րուես­տա­կա­նու­թիւ­նը ե­թէ տե­ղին օգ­տա­գոր­ծուի, ան­շուշտ որ օգ­տա­կար է, բայց ամ­բողջ կեան­քը ա­նով տա­նիլ կը նշա­նա­կէ՝ բո­լո­րո­վին ա­նոր անձ­նա­տուր ըլ­լալ՝ գե­րին դառ­նալ կը նշա­նա­կէ «մի­ջոց»ին, «ա­ռար­կայ»ին։ Մինչ­դեռ պէտք է բծախնդ­րու­թեամբ զա­նա­զա­նել նպա­տա­կը եւ մի­ջո­ցը՝ ա­ռա­ջադ­րու­թիւ­նը եւ ա­ռար­կան։

Ար­դա­րեւ ըն­կե­րա­յին բո­լոր փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ, երբ ա­րուես­տա­կա­նու­թիւ­նը մուտք կը գոր­ծէ, պէտք է խոս­տո­վա­նիլ, թէ ան­կեղ­ծու­թիւ­նը մա­սամբ կ՚ոչն­չա­նայ, ան­կեղծ սէ­րը կը հա­լի, մտեր­մու­թիւ­նը կը նօս­րա­նայ ձե­ւա­կեր­պու­թիւն­նե­րու եւ ձե­ւա­պաշ­տու­թիւն­նե­րու մէջ։

Սի­րե­լի՜­ներ, խօ­սակ­ցու­թիւն մը որ­քան կը տար­բե­րի երբ ըլ­լայ ուղ­ղա­կի՛ եւ կամ զոր օ­րի­նակ հե­ռա­խօ­սով, բնա­կան ձե­ւով կամ ա­րուս­տա­կա­նու­թեան ո­րե­ւէ բնա­կան ձե­ւով կամ ա­րուես­տա­կա­նու­թեան ո­րե­ւէ մի­ջո­ցով։ Ա­ւե­լին՝ ո՞ր մէ­կը դի­տո­ղը ա­ւե­լի կը տպա­ւո­րէ՝ շար­ժան­կա՞­րը, թէ թատ­րո­նը։ Կեր­պով մը ա­րուես­տա­կա՞­նը, թէ բնա­կա­նը։ Ու­րիշ օ­րի­նակ մը՝ ո՞ր մէ­կը ա­ւե­լի տպա­ւո­րիչ է՝ բնու­թեան մէջ տե­սա­րա՞ն մը, թէ՝ նոյն տե­սա­րա­նին նկա­րը կամ լու­սան­կա­րը։ Ան­շուշտ եր­կուքն ալ իւ­րա­յա­տուկ ար­ժէ­քը ու­նին, բայց եր­կու­քին տպա­ւո­րե­լու մար­զը, մար­դուս մէջ ստեղ­ծած զգա­ցու­մը, ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը տար­բեր է, նոյ­նիսկ ան­հա­մե­մատ եւ ան­բաղ­դա­տե­լի։ Մին՝ բնա­կան է, եւ միւ­սը՝ ա­րուես­տա­կա՛ն։ Խոս­տո­վա­նինք, որ բնա­կա­նը միշտ հա­րա­զատ է, ան­կեղծ եւ ճշմա­րի՛տ։

Ա­յո՛, ա­րուես­տա­կա­նու­թիւ­նը դիւ­րա­ցուց մար­դուս կեան­քը, բայց ըն­դու­նինք, սիր­տե­րը հե­ռա­ցուց ի­րար­մէ, զգա­ցում­նե­րը ի­րեն պէս «ա­րուես­տա­կան» ը­րաւ, գու­ցէ սէրն ալ փո­խեց իր էու­թիւ­նը, տար­բեր զգա­ցում մը ե­ղաւ եւ քիչ մը «ա­րուես­տա­կան»…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

­Մա­յիս 7, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Մայիս 13, 2016