ՀԱՅՈՒ ՀՈԳԻԻ ԿՇՌՈՅԹԸ

Ան­ցեալ Ապ­րի­լի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն Ար­ցա­խի սահ­ման­նե­րուն վրայ չոր­սօ­րեայ ա­նակն­կալ պա­տե­րազ­մը ե­կաւ ան­գամ մը եւս հաս­տա­տե­լու, թէ ի­րա­պէս ազ­գո­վին դժուա­րին պայ­ման­նե­րու մէջ կը գտնուէինք: Լուրջ, նոյն­քան ալ՝ վտան­գա­ւոր:

Եւ ի տես այս նոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն՝ հա­մայն հա­յու­թիւ­նը ապ­րե­ցաւ տե­սակ մը վի­ճակ­նե­րու ա­նօ­րի­նակ խառ­նուրդ մը, որ զինք հաս­ցուց մեր ար­դի պատ­մու­թեան ա­մենէն ճա­կա­տագ­րա­կան հանգ­րուան­նե­րէն մէ­կուն սե­մին:

Պատ­մու­թիւ­նը խառ­նած էր իր է­ջե­րը ու հա­յու հո­գին դժուար պայ­քա­րի մէջ մտնե­լով՝ ի­րեն հա­մար բա­ցած էր պատ­մա­կան նոր էջ մը: Ա­րիւ­նոտ եւ ցա­ւա­լի:

Կրկին ան­գամ ազ­գո­վին անդ­րա­դար­ձանք, որ մեծ խա­ղի մը ող­բեր­գու­ներն էինք: Ա­ւե­լի՛ն. անն­պաստ պայ­ման­նե­րու զո­հե­րը:

Այս բո­լոր տո­ղե­րը, սա­կայն, ձե­զի հա­մար նո­րու­թիւն­ներ չեն, որ կ՚ար­ձա­նագ­րեմ: Շա­տեր խօ­սած են. ու­րիշ­ներ՝ կրկնած եւ կամ պար­զած: Բո­լորդ ալ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն քա­ջա­տե­ղեակ էք: Բո­լորդ ալ լսած էք եւ՝ պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յան­նե­րէն տե­սած, որ մեր հայ­րե­նի­քի եր­կին­քէն մա­հը կրկին ան­գամ սկսած էր տե­ղալ:

Վտան­գը յստակ էր, եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի ճա­կա­տա­գի­րը ա­նո­րոշ խա­ղեր սկսած էր խա­ղալ մեր  գլխուն: Գի­տէինք, որ թշնա­մի եւ թշնա­մի­ներ շատ ու­նէինք: Սա­կայն, միւս կող­մէ, կը կար­ծէինք, որ դաշ­նա­կից­ներ ալ ու­նէինք: Բայց… Այս ու­րիշ հարց է:

Ու իբ­րեւ աշ­խար­հի մէջ սփռուած հա­յեր, ինչ­պէս սո­վոր է ա­նուա­նել, գի­տակ­ցե­լով այս վտան­գի ա­հա­ւո­րու­թեան, մե­զի վի­ճակուե­ցաւ նոր կա­ցու­թիւն: Մեզ­մէ շա­տեր ի­րենց աչ­քե­րը վեր բարձ­րաց­նե­լով կրկին ան­գամ եր­կին­քին հետ սկսած էին խօ­սիլ խուն­կով եւ ա­ղօթ­քով: Հա­ւա­տա­ցէ՛ք՝ չոր­սօ­րեայ պա­տե­րազ­մը կա­տակ չէր: Ան ե­կաւ իբ­րեւ սպառ­նա­լիք՝ մեր ապ­րե­լու եւ գո­յա­տե­ւե­լու ինք­նու­թեան: Վայր­կեա­նի մը հա­մար աշ­խար­հը մե­զի շուա­րած եւ նոյ­նիսկ ան­միա­բան ազգ կար­ծե­լով՝ ու­զեց հաս­տա­տել, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դի վեր­ջա­կէ­տը շար­ժած էր իր թե­ւե­րը:

Բայց…

Տե­ղին է յի­շել, ու պատ­մու­թիւ­նը վկայ, որ մեր պա­պե­նա­կան հո­ղե­րուն վրա­յէն միշտ եւ ա­մէն ա­ռիթ­նե­րով ող­բեր­գու­թիւ­նը եր­կա­թէ ոտ­քե­րով ան­ցած էր: Միշտ, մեզ­մէ ան­կախ, հա­սուն­ցած էին մեր երկ­րի ծանր ցա­ւե­րը:

Սա­կայն մի մոռ­նա՛ք, որ այս անբ­նա­կան կա­ցու­թեան պատ­ճա­ռով, վայր­կեա­նին, ազ­գո­վին, հա­յը հա­գաւ մար­տի­կի իր շա­պի­կը: Ու­նե­ցաւ իր հո­գիին յա­տուկ նոր կշռոյ­թը:

Ու պոռթ­կաց: Ո­րո­նեց իր ինք­նու­թիւ­նը: Եւ երբ մէկ կող­մէ յա­նուն գե­րա­գոյն գա­ղա­փա­րի, յա­նուն ա­զա­տու­թեան եւ հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան իր մարմ­նին մէկ մա­սը երկն­ցու­ցած էր մա­հուան եւ իր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ա­րիւ­նը կը թա­փէր, միւս կող­մէ, սա­կայն, նոյն այս հա­յը թշնա­միին, նա­խա­յար­ձա­կին, նոյ­նիսկ ամ­բողջ աշ­խար­հին կը փաս­տէր իր ըլ­լա­լու կամ­քը, իր կեր­տե­լու կամ­քը, իր ա­զա­տա­սի­րու­թեան կամ­քը եւ իր  ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու կամ­քը: Ու ա­ւե­լի՛ն. իր շուր­ջը տի­րող ի­րա­վի­ճա­կին մէջ լոյ­սը վա­ռե­լու կամ­քը:

Բո­լորս ալ լա­ւա­տե­ղեակ ենք, որ մեր երկ­րի պատ­մու­թիւ­նը միշտ թու­րով եւ կրա­կով շա­ղախուած է: Ա­նոր հա­մար այս պա­տե­րազ­մին մեր բար­կու­թեան եւ զո­հա­բե­րու­թեան, ընդվ­զու­մի եւ հայ­րե­նի­քի ա­զա­տու­թեան սի­րուն զգա­ցա­կան գե­տե­րը յոր­դե­ցան: Ա­կանջ տա­լով հայ­րե­նի հո­ղէն լսուող եւ լսե­լի դար­ձող ու ճայ­թող  սեր­մե­րու ա­ղա­ղա­կին՝ մենք կրկին ան­գամ միա­կամ ո­րո­նե­ցինք մեր ինք­նու­թիւ­նը: Հո­գե­փո­խուե­ցանք: Մեր մէջ ար­ձա­նա­ցած ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը քան­դե­ցինք ու շարժ­ման մէջ դրինք մեր բո­լոր լծակ­ներն ու հնարք­նե­րը:

Ու այս օ­րե­րուն, երբ տա­կա­ւին պա­տե­րազ­մի սպառ­նա­լի­քը կը սա­ւառ­նի Ար­ցա­խի գլխուն, երբ գրե­թէ ա­մէն օր կը լսուին ռում­բե­րու ան­ժա­մա­նակ պայ­թում­նե­րու ձայ­նե­րը, երբ ա­մէն օր հա­յը կը զո­հուի յա­նուն հայ­րեն­քի, ժա­մա­նա­կը ե­կած է նաեւ բա­ցա­յայ­տե­լու իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու սխալ­նե­րը:

Պէտք է հա­շուի առ­նել այս բո­լո­րը իբ­րեւ ինք­նասր­բագ­րու­մի միակ ու­ղի: Լրջօ­րէն եւ գի­տա­կից մօ­տե­ցու­մով: Հան­դու­ժո­ղա­կան ո­գիով:

Հա­ւա­տա­ցէ՛ք՝ պատ­մու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ իր ըն­թաց­քը, ա­ռանց դա­դա­րի: Մեզի չի սպա­սեր: Զո­հուած ե­րի­տա­սարդ­նե­րու, ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու ա­րիւ­նը բո­լո­րիս հա­մար ալ թանկ է եւ սուղ: Հա­ւա­նա­բար ե­ղած քննա­դա­տու­թիւն­ներն ու մատ­նան­շում­նե­րը յստակ ի­րո­ղու­թեան մը ար­դիւնք ու ծնունդն են: Սա­կայն, իմ կար­ծի­քով, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը քննա­դա­տե­լու ժա­մա­նա­կը չէ: Հի­մա կար­ճամ­տու­թիւն է խօ­սիլ ա­ռար­կա­յա­կան պայ­ման­նե­րու մա­սին: Այդ մէ­կը ձգենք, որ ինք՝ իշ­խա­նու­թիւ­նը ինք­զինք շու­տով ու փոյ­թով մը սրբագ­րէ, ո­րով­հե­տեւ փաս­տուե­ցաւ, որ ժա­մա­նա­կը մեր օգ­տին չէ:

Այս բո­լո­րը՝ ո­րով­հե­տեւ նաեւ ա­նոր հա­մար, որ Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը մեր բո­լո­րին ա­րեան մէջն են ա­մէ­նօ­րեայ ո­գե­ւո­րու­մով:

Ուս­տի կը կար­ծեմ, որ պէտք է գտնել ընդ­հա­նուր լու­ծում մը: Ա­րա՛գ եւ ար­դա՛ր:

Ի­րո­ղու­թիւն է, որ ար­դէն այս օ­րե­րուն աշ­խար­հի եր­կիր­նե­րու քար­տէս­նե­րը խառ­նաշ­փոթ դար­ձած են: Մեր ե­րազն է, որ չկորսնց­նենք ներ­կայ մեր միու­թիւնն ու միաս­նա­կան ո­գին, ու հա­յու­թեան աղ­մու­կէն չհե­ռա­նանք ու մա­նա­ւանդ չհե­ռաց­նենք մենք զմեզ:

Չմոռ­նանք նոյն­պէս, որ ան­ցեալ մը ու­նե­ցած ենք յա­ւեր­ժա­կան, որ հե­րո­սու­թեան հա­ւատ­քով լե­ցուած է: Չմոռ­նանք նաեւ, որ ա­մէն բան բախ­տին չենք կըր-նար ձգել:

Քաջ գի­տենք, որ ճա­կա­տա­գիր ը­սուա­ծը նա­խա­սահ­մա­նուած չէ: Աշ­խար­հը, ուր կ՚ապ­րինք, մեր ճա­կա­տագ­րի այն մասն է, որ կը կեր­տէ մեր կեան­քը: Եւ թէեւ մեր ուղ­ղու­թիւն­նե­րը շատ են, նպա­տակ­նե­րը՝ բազ­մա­զան, սա­կայն այս օ­րե­րուն եւ այս դրու­թեան մէջ մեր ընտ­րու­թիւ­նը կա­խեալ է մեր հա­յու ո­գիէն, մեր կամ­քէն:

Մենք ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին կո­չուած ենք միա­սին կեր­տե­լու մեր կեան­քը: Իսկ ե­թէ տա­կա­ւին ան­տար­բեր­ներ կան, պէտք է փո­խուին, նո­րո­գուին:

Կը բա­ւեն բո­լոր գաղ­թերն ու փա­խուս­տը: Կը բա­ւեն բո­լոր մե­ռել­ներն ու մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու թա­փած ա­րիւ­նը: Չնստինք ծու­լու­թեան բազ­մոց­նե­րուն վրայ, որ­պէս­զի վեր­ջը դժբախ­տու­թեան հետ դա­շինք կնքած չըլ­լանք:

Հա­յու ո­գի եւ հո­գի ը­սի, պէտք է որ նաեւ ա­ւելց­նէի այս եր­կու­քին կշռոյ­թը: Այս կշռոյ­թը է, որ կը զսպէ օ­տար ա­լի­քը եւ կը սահ­մա­նէ փո­թո­րի­կը եւ կը պաշտ­պա­նէ մեր հայ­րե­նի­քի ա­զա­տու­թիւ­նը:

Մեր դե­րին գի­տակ­ցինք, ո­րով­հե­տեւ կը հա­ւա­տամ, որ Ա­րա­րա­տը նստած է մեր բո­լո­րին սրտե­րուն, հո­գի­նե­րուն վրայ: Բո­լորս ալ պա­տաս­խա­նա­տու ենք մեր պատ­մու­թեան առ­ջեւ:

Ուս­տի մէկ­դի ձգե­լով մեր հին ու նոր վէ­ճե­րը՝ գտնենք մեր իս­կա­կան ո­գին: Եւ երբ  զայն գտնենք, աշ­խար­հին կրկին ան­գամ հաս­տա­տած պի­տի ըլ­լանք մեր ազ­գո­վին տար­բեր ժո­ղո­վուրդ մը ըլ­լա­լը եւ մեր ա­նու­րա­նա­լի պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը:

Ճիշդ է, որ Ապ­րի­լը այս տա­րի ու­րիշ ե­ղաւ, սա­կայն յի­շենք, որ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն տե­սած ազ­գը իր մե­ծով ու պզտի­կով, հա­րուս­տով եւ աղ­քա­տով չի կրնար դա­ւա­ճա­նել իր հայ­րե­նի­քին, իր Ար­ցա­խին եւ իր ազ­գի ա­պա­գա­յին:

Մե­զի հա­մար այ­սօր էա­կան եւ անհ­րա­ժեշտ է մեր խոր ու ցա­ւոտ վէր­քը միաս­նա­բար ա­մո­քե­լու պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը: Կա­րե­լի չէ ի­րա­կա­նու­թեան մօ­տե­նալ պարզ աչ­քե­րով: Պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ կան մեծ եւ սրբա­զան: Զո­հո­ղու­թիւն­ներ եւ զո­հա­բե­րու­թիւն­ներ:  Օ­րե­րը մե­զի նոր բա­ներ կը յու­շեն: Չկորսնց­նենք մեր պատ­մա­կան կշռոյ­թը:

Լա՛ւ յի­շե­ցէք, ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ե­րի­տա­սարդ են, երբ ի­րենց հո­գին միշտ կը նա­ւար­կէ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ուրբաթ, Մայիս 13, 2016