ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայաստան եւ Եւրոմիութիւնը ներկայիս բանակցութիւններ կը վարեն՝ իրենց յարաբերութիւններուն համար նոր իրաւական հիմք մը ձեւաւորելու առաջադրութեամբ։ Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ այդ բանակցութիւններուն հերթական՝ երրորդ փուլը։ Բանակցութիւնները գլխաւորեցին Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեան եւ Եւրոմիութեան Արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան Արեւելեան գործընկերութեան բաժնի տնօրէն Տիրք Շուպէլ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան քաղաքական երկխօսութեան, բարեփոխումներու, արդարադատութեան եւ ազատութիւններու ոլորտներէն ներս համագործակցութեան գլուխներուն բովանդակութեան վերաբերեալ հարցեր։
Լիագումար նիստի ընթացքին ամփոփուեցան ոլորտային ու առեւտուրի եւ ներդրումներու հարցերուն նուիրուած մինչեւ օրս տեղի ունեցած բանակցութիւններուն արդիւնքները։ Նախանշուեցան նաեւ ապագայ քննարկումներուն շրջանակն ու ժամանակացոյցը։