ԿԱՐԾԻՔԻ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Իս­թան­պու­լի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ա­ւագ Հիւ­պա­տո­սու­թեան մամ­լոյ կցորդ Տէյ­վիտ Քո­նըլ ե­րէկ այ­ցե­լեց ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի խմբագ­րա­տու­նը։ Քո­նը­լին ըն­կե­րա­ցաւ հիւ­պա­տո­սա­րա­նէն ներս իր ղե­կա­վա­րած բա­ժան­մուն­քի աշ­խա­տա­կից­նե­րէն Էօզ­կիւր Չա­պուք։ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբագ­րա­տան եր­դի­քին տակ ա­նոնք հիւ­րըն­կա­լուե­ցան թեր­թիս գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեա­նի կող­մէ։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցին ըն­թաց­քին Տէյ­վիտ Քո­նըլ տե­ղա­կա­ցուց, որ իր ա­ռա­քե­լու­թեան շրջա­նը ա­ւար­տին հաս­նե­լու վրայ է, հե­տե­ւա­բար ան փա­փա­քած էր փու­թալ հրա­ժեշ­տի այ­ցե­լու­թեան։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին ան պաշ­տօ­նի պի­տի կո­չուի Սպա­նիոյ մէջ, Մատ­րի­տի մօտ ԱՄՆ-ի դես­պա­նու­թե­նէն ներս՝ որ­պէս մամ­լոյ կցորդ։ Ա­րա Գօ­չու­նեան վեր­յի­շեց Տէյ­վիտ Քո­նը­լի Իս­թան­պու­լի մէջ պաշ­տօ­նի նոր ձեռ­նար­կած շրջա­նին խմբագ­րա­տունս տուած այ­ցե­լու­թիւ­նը եւ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ մաղ­թեց իր յա­ռա­ջի­կայ գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։

Տե­սակ­ցու­թիւ­նը շա­րու­նա­կուե­ցաւ ան­մի­ջա­կան զրոյ­ցի մը մթնո­լոր­տով։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ թրքա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան եւ հա­մայն­քի օ­րա­կար­գի ներ­կայ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն։ Ըստ Ա­րա Գօ­չու­նեա­նի, իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու քա­ղա­քա­կան կամ­քով վեր­ջին տա­րի­նե­րուն փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար կա­տա­րուած բա­րե­փո­խում­նե­րը թրքա­հայ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն յոյս կը ներշն­չեն գոր­ծըն­թա­ցի տրա­մա­բա­նա­կան շա­րու­նա­կու­թեան հա­մար, մինչ ա­նոնք մտա­հո­գուած են նաեւ երկ­րի լա­րուած ու բե­ւե­ռա­ցեալ մթնո­լոր­տով։

Զրու­ցա­կից­նե­րը շօ­շա­փե­ցին Թուր­քիոյ ներ­քին եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր, նաեւ ա­նոնց անդ­րա­դար­ձը երկ­րի ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու կեան­քին վրայ։ Ան­կեղծ խօ­սակ­ցու­թեան մը ձե­ւա­չա­փին մէջ, կող­մե­րը բաժ­նե­ցին ի­րենց դի­տար­կում­նե­րը՝ Ան­գա­րա-Ե­րե­ւան առ­կայ փա­կու­ղիին, տա­րած­քաշր­ջա­նի ի­րադ­րու­թեան, հայ-թրքա­կան երկ­խօ­սու­թեան ըն­թաց­քին, հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հար­թու­թեան վրայ կամ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու կող­մէ գոր­ծադ­րուած ջան­քե­րուն շուրջ։ Քո­նըլ եւ Գօ­չու­նեան խոր մտա­հո­գու­թեամբ մատ­նան­շե­ցին, որ ներ­կա­յիս Եւ­րո­պա­յի եւ ամ­բողջ Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ վե­րելք կ­­՚ապ­րին ծայ­րա­յե­ղա­կան հո­սանք­նե­րը, մինչ ա­ռա­ջա­տար եր­կիր­նե­րուն ղե­կա­վար­նե­րը կը մա­շին առ­կայ ծանր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն հե­տե­ւան­քով։

Տէյ­վիտ Քո­նըլ մաս­նա­ւո­րա­պէս հե­տաքրք­րուե­ցաւ այս բո­լոր հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի մօ­տե­ցում­նե­րով։ Ի պա­տաս­խան Ա­րա Գօ­չու­նեան յայտ­նեց, որ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թը միշտ կ­­՚ա­ռաջ­նոր­դուի հա­ւա­սա­րակշ­ռուած ու չա­փա­ւոր մեր­ձե­ցում­նե­րով, շի­նիչ ո­գիով։ Թեր­թը փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու եւ թրքա­հայ հա­մայն­քի խնդիր­նե­րը կը հա­մա­րէ երկ­րի ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան մա­կար­դա­կի փոր­ձա­քա­րե­րէն մին, միւս կող­մէ ալ կողմ­նա­կից է մեր հա­մայն­քի նե­րու­ժի բաց, ա­ռար­կա­յա­կան պատ­կե­րա­ցու­մով ա­պա­գա­յի հա­մար են­թադ­րու­թիւն­նե­րու կա­տա­րուե­լուն։ Գօ­չու­նեա­նի հա­մոզ­մամբ, հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով բե­կում­նա­յին պա­հը պի­տի ա­պա­հո­վուի եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ առ­կայ փա­կու­ղիի յաղ­թա­հար­մամբ։ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն բնա­կա­նո­նա­ցու­մը գե­տին պի­տի պատ­րաս­տէ նաեւ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ջան­քե­րու լիար­ժեք ար­գա­սա­ւոր­ման։

Հիւ­րե­րը խմբագ­րա­տու­նէս հրա­ժեշտ ա­ռին մօ­տա­ւո­րա­պէս ժամ մը տե­ւած զրոյ­ցի ա­ւար­տի­ն։

Ուրբաթ, Մայիս 13, 2016