ԶԻՊԷՉ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԻԼ ՄԵՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

ԶԻ­ՊԷՉ, որ կը գոր­ծէ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­վա­նիին ներ­քեւ, ներ­կա­յիս կը պատ­րաս­տուի գործ­նա­կան գետ­նի վրայ հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ իս­թան­պու­լա­հայ վար­ժա­րան­նե­րուն հետ։ ԶԻ­ՊԷՉ-ի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Տիւլ­կէ­րեան ե­րէկ սար­քեց մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց նոր ծրագ­րե­րուն շուրջ։ Իր հետ էին նաեւ վար­չա­յին­ներ եւ մաս­նա­գի­տա­կան անձ­նա­կազ­մէն դէմ­քեր։

ԶԻ­ՊԷՉ-ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ իս­թան­պու­լա­հայ վար­ժա­րան­նե­րուն մէջ կը գտնուին զա­նա­զան ա­շա­կերտ­ներ, ո­րոնք յա­տուկ կամ յա­ւե­լեալ խնամ­քի կը կա­րօ­տին՝ դպրո­ցա­կան մի­ջա­վայ­րի յար­մա­րե­լու կամ ի­րենց տա­րե­կից­նե­րուն հետ հա­մա­պա­տաս­խան մա­կար­դակ մը ա­պա­հո­վե­լու ճա­նա­պար­հին։ Ներ­կա­յիս ԶԻ­ՊԷՉ դա­սըն­թացք­ներ կազ­մա­կեր­պած է, որ­պէս­զի Շա­բաթ եւ Եր­կու­շաբ­թի օ­րե­րը մեր դպրոց­նե­րուն նման խնդիր­նե­րով ա­շա­կերտ­նե­րը օգ­տուին իր մաս­նա­գի­տա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն ու պա­շա­րէն։ ԶԻ­ՊԷՉ-ի մաս­նա­գէտ­նե­րը հա­մո­զուած են, թէ դպրո­ցին հա­մար­կե­լու հա­մար խնդիր­նե­րը պէտք է յաղ­թա­հա­րուին հնա­րա­ւո­րինս վաղ շրջա­նին։

ԶԻ­ՊԷՉ-ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ ա­շա­կերտ­նե­րուն ա­ռըն­թեր ա­նոնց ու­սու­ցիչ­նե­րուն եւ ծնող­նե­րուն հա­մար ալ սե­մի­նար­ներ կը նա­խա­տե­սեն։

Վեր­ջերս շուրջ տասն օ­րուան ման­րակր­կիտ աշ­խա­տան­քով ԶԻ­ՊԷՉ-ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը մեր վար­ժա­րան­նե­րու ման­կա­պար­տէզ­նե­րու եւ ա­ռա­ջին դա­սա­րան­նե­րու փոք­րիկ­նե­րը ա­ռած են խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ։ Ա­նոնց­մէ ո­մանց պա­րա­գա­յին մտա­հո­գու­թիւն­ներ խնդրոյ ա­ռար­կայ են՝ կրթա­կան եւ ըն­կե­րա­յին նպա­տակ­նե­րու հաս­նե­լու տե­սան­կիւ­նէն։ Հե­տե­ւա­բար, ԶԻ­ՊԷՉ-ի եւ մեր վար­ժա­րան­նե­րուն մի­ջեւ հա­մա­տեղ աշ­խա­տանք կը նա­խա­տե­սուի՝ այդ փոք­րիկ­նե­րուն կա­ցու­թիւ­նը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու հա­մար։ 

Ուրբաթ, Մայիս 13, 2016