ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Փոր­ձա­ռու ելմ­տա­գէտ եւ վաս­տա­կա­ւոր հա­մայն­քա­յին գոր­ծիչ Ե­դուարդ Գո­վա­նի կող­մէ պատ­րաս­տուած եւ Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կին կող­մէ հրա­տա­րա­կուած «Թրքե­րէ­նէ հա­յե­րէն ա­սու­թիւն­նե­րու այժ­մէա­կան բա­ռա­րան»ը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան փայ­լուն հա­ւա­քոյ­թով մը հան­րու­թեան ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ։ Շնոր­հան­դէ­սին նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րու  կող­քին էին բազ­մա­թիւ հո­գե­ւոր հայ­րեր։ Ներ­կայ էր նաեւ ՍԾՏՀԿ­-ի մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան։

Ե­րե­կոյ­թին յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Մա­րիամ Տրա­մէ­րեա­նի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Հե­ղի­նա­կին մա­սին ար­տա­յայ­տուե­ցան Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, «Մար­մա­րա»ի խմբա­գիր Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեան։ Ներ­կա­նե­րը մեծ հա­ճոյ­քով ունկնդ­րե­ցին Սիլ­վա Կո­մի­կեա­նի աս­մուն­քին։ Ե­րաժշ­տա­կան կա­տա­րում­նե­րով հան­դէս ե­կան Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լու եւ Սի­րուն Սի­րու­նեան։ Փոք­րիկ­ներ Ա­լի­սիա, Ա­լեքս եւ Ար­սէն Գո­վան­ներն ալ ծա­փա­հա­րու­թիւն­ներ խլե­ցին ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով։

Շնոր­հան­դէ­սը Գո­վա­նի հա­մար մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թեան մը բնոյ­թը ու­նէր։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ Ե­դուարդ Գո­վան ար­տա­սա­նեց սրտի խօս­քը եւ ստա­ցաւ յու­շա­նուէր­ներ։

Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին կար­կան­դակ մը հա­տուե­ցաւ ի պա­տիւ Ե­դուարդ Գո­վա­նին եւ յա­ջոր­դած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին բո­լոր ներ­կա­նե­րը զին­քը շրջա­պա­տե­ցին՝ փո­խան­ցե­լով շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ։

Ուրբաթ, Մայիս 13, 2016