ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՎԻԵՆՆԱ

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը այս ա­ռա­ւօտ հաս­տա­տե­ցին, թէ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Եր­կու­շաբ­թի աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ պի­տի մեկ­նի Վիեն­նա, ուր ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ նա­խա­տե­սուած են շարք մը աշ­խա­տան­քա­յին հան­դի­պում­ներ։ Ծա­նօթ է, որ վեր­ջին օ­րե­րուն միջ­նորդ­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցած էին, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին շրջագ­ծով ե­կած է Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հան­դիպ­ման ժա­մա­նա­կը։

Միւս կող­մէ, Ո­ւա­շինկ­թը­նի աղ­բիւր­ներն ալ հա­ղոր­դե­ցին, թէ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի Վիեն­նա­յի մէջ մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի բե­րէ Սերժ Սարգ­սեան-Իլ­համ Ա­լիեւ հա­ւա­նա­կան հան­դիպ­ման։ Ծա­նօթ է, որ յայ­տա­րա­րուած էր, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ միւս եր­կիր­նե­րուն՝ Ռու­սաս­տա­նի եւ Ֆրան­սա­յի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­ներն ալ ներ­կայ պի­տի գտնուին Վիեն­նա­յի հան­դիպ­ման։

Նա­խա­գահ­նե­րու այս ժա­մադ­րու­թեան ըն­դա­ռաջ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­ցե­լեց Փա­րիզ։ Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ժան-Մարք Էյ­րո­յի ա­ռըն­թեր Նալ­պան­տեան տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ շարք մը խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան Եւ­րո­պա­յի հար­ցե­րով պե­տա­կան քար­տու­ղար Առ­լէմ Տե­զի­րի հետ։ Իր բո­լոր հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Նալ­պան­տեա­նի հետ տե­սակ­ցե­լէ վերջ Առ­լէմ Տե­զիր յայտ­նեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու վերսկ­սու­մը հրա­տապ է։

Իր կար­գին, Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին յայ­տա­րա­րեց, որ իր եր­կի­րը թոյլ չի տար լայ­նա­ծա­ւալ ռազ­մա­կան հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու բռնկման։ Մոս­կուա կը ձեռ­նար­կէ անհ­րա­ժեշտ բո­լոր քայ­լե­րուն, որ­պէս­զի պահ­պա­նուի ու­ժե­րու ռազ­մա­վա­րա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը, ինչ որ ա­մե­նա­կա­րե­ւոր ե­րաշ­խիքն է՝ ռազ­մա­կան հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րը կան­խե­լու ա­ռու­մով։ 

Շաբաթ, Մայիս 14, 2016