ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ

Շուէ­տի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Սթոք­հոլ­մի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Եւ­րո­տե­սիլ-2016» եր­գի մրցոյ­թը, որ ե­րաժշ­տու­թեան աշ­խար­հի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձաւ։ Այս տա­րի մրցոյ­թին ա­ռաջ­նու­թիւ­նը նուա­ճեց Ուք­րայ­նոյ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը՝ Ճա­մա­լա, որ ներ­կա­յա­ցուց «1944» եր­գը։ Հարկ է նշել, որ Ճա­մա­լա­յի իս­կա­կան ա­նունն է Սու­սան­նա Ճա­մա­լա­տի­նո­վա եւ ա­նոր մայ­րը հա­յու­հի մըն է։

«Եւ­րո­տե­սիլ-2016»ի ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նը ներ­կա­յա­ցուց Ի­վե­թա Մու­կու­չեան, որ զբա­ղե­ցուց եօ­թնե­րորդ տե­ղը։ Այս­պէ­սով Հա­յաս­տան հեր­թա­կան ան­գամ Եւ­րո­տե­սի­լի շրջագ­ծով տեղ գտաւ լա­ւա­գոյն տաս­նեա­կին մէջ։ Ի­վե­թա Մու­կու­չեա­նի կող­մէ մեկ­նա­բա­նուած Love Wave եր­գի ե­րաժշ­տու­թեան հա­մա­հե­ղի­նակ­ներն էին Լե­ւոն եւ Լի­լիթ Նա­ւա­սար­դեան­նե­րը։

Զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու ազ­գա­յին դա­տա­կազ­մե­րէն Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին 12-ա­կան միա­ւոր տուին Սպա­նիան, Ռու­սաս­տա­նը եւ Պուլ­կա­րիան։ Մալ­թա, Յու­նաս­տան եւ Գա­րա­տաղ՝ 10-ա­կան, Յու­նա­կան Կիպ­րոս՝ 8, Լաթ­վիա՝ 6, Պոս­նա Հեր­սէք, Խրուա­թիա, Լիթ­վա, Սլո­վե­նիա եւ Շուէտ 4-ա­կան։ Ի­վե­թա Մու­կու­չեան 2-ա­կան միա­ւոր ա­պա­հո­վեց Աւստը-րիա­յէն, Ֆրան­սա­յէն եւ Իս­րա­յէ­լէն, իսկ 1 միա­ւոր Հուն­գա­րիա­յէն։ Այս նի­շե­րուն վրայ ե­կան ա­ւել­նալ հե­ռուս­տա­դի­տող­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ կա­տա­րուած քուէար­կու­թեան ար­դիւնք­նե­րը։ Այս ա­ռանց­քին շուրջ Հա­յաս­տան լա­ւա­գոյն վե­ցե­րորդն էր։ Խառն ար­դիւն­քի հի­ման վրայ Ի­վե­թա Մու­կու­չեան յա­ջո­ղե­ցաւ ա­պա­հո­վել եօ­թնե­րորդ հո­րի­զո­նա­կա­նը։

Երկուշաբթի, Մայիս 16, 2016