ԷՍԱԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀՊԱՐՏ Է ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒՀԻՆԵՐԷՆ ԳԱՐԻՆ ԷՕՃԱԼԻ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐՈՎ
Էսաեան վարժարանի ընտանիքը ներկայիս մեծ հպարտութիւն կ՚ապրի իր շնորհալի սաներէն Գարին Էօճալի նուաճումներով։ Սա բառին ամբողջական իմաստով հպարտութիւն մըն է, որովհետեւ Գարին Էօճալ կու գայ ապացուցանել, թէ յամառ աշխատանքով ու եռանդով հնարաւոր կ՚ըլլայ կեանքի մէջ յաղթահարել ամէն դժուարութիւն։
8-10 Մայիս թուականներուն Ալանիայի մէջ կազմակերպուեցաւ Թուրքիոյ կոյր եւ հաշմանդամ երիտասարդներու միջվարժարանային լողի առաջնութիւնը։ Իսկապէս իւրայատուկ այս մրցաշարքի արդիւնքին Էսաեան վարժարանէն Գարին Էօճալ հասաւ ծափահարելի յաջողութեան։ Հաշմանդամ երիտասարդներու լողի ախոյենութեան շրջագծով երեք անուանակարգերու մէջ ան նուաճեց առաջնութիւն։ Ախոյենութեան այդ մետայլները տօնական մթնոլորտ ստեղծեցին Էսաեան վարժարանին մէջ։ Գարին Էօճալ այս բացառիկ յաջողութեան հասաւ՝ իր մարզանքի ուսուցչուհիին՝ Անժէլ Ելեկէնի մականին ներքեւ։ Հարկ է նշել, որ Անժէլ Ելեկէնի հսկողութեան ներքեւ Գարին Էօճալ իւրաքանչիւր շաբաթավերջին կը մարզուի մասնաւոր մարզական համալիրի մը մէջ։
Էսաեան վարժարանի մթնոլորտը այս օրերուն պայմանաւորուած է Գարին Էօճալի ապահոված մետայլներուն առթած խանդավառութեամբ։ Այս մթնոլորտին մէջ մենք ալ դպրոցին մէջ հակիրճ զրոյց մը ունեցանք իր հետ։ Այս առթիւ ան մեզի յայտնեց, թէ կը սիրէ կեանքը, կը սիրէ ապրիլը եւ արդէն վարժուած է այս ձեւով ապրելու։
Գարին Էօճալ բազմակողմանի տաղանդներով օժտուած երիտասարդուհի մըն է։ Ան կանգնած է փրոթէզ սրունքներու վրայ եւ հակառակ մատնազուրկ ըլլալուն՝ Էսաեան վարժարանի պարտէզի պատին վրայ նկարած է իր վարժարանին համար ստեղծագործած մեծադիր լոկոն։ Իրեն համար զգացական բացառիկ նշանակութիւն ունէր նուաճած մետայլները վզին այդ լոկոյին տակ անցնիլ մեր ոսպնեակին դիմաց՝ շրջապատուած Անժէլ Ելեկէնին եւ Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանի կողմէ։ Դպրոց կատարած մեր այցելութեան ընթացքին տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշանն ալ մասնաւորապէս ընդգծեց, թէ Էսաեանի ընտանիքը հպարտ է Գարին Էօճալով ու վստահ՝ թէ ապագային ան յարատեւութեամբ պիտի զարգացնէ իր յաջողութիւնները։