ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՒԱՔ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան նախագահեց թրքահայ սանուց միութիւններու, հայրենակցական միութիւններու եւ զանազան ակումբներու պատասխանատուներու խորհրդակցութեան։ Պատրիարքարանի մէջ կազմակերպուած նման ձեւաչափով երկրորդ հաւաքն էր այս մէկը, որու ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը հերթական անգամ կանգ առաւ երիտասարդները մեր մշակոյթին հաղորդ պահելու անհրաժեշտութեան վրայ։
Մեր միութիւններու պատասխանատուները ներկայիս զօրակոչի մը մթնոլորտին մէջ են՝ խրախուսուած Պատրիարքական Աթոռին վերաբերմունքով։ Արդարեւ, երկար ժամանակէ ի վեր անտեսուած են անոնց խնդիրները, մինչ բաւականաչափ կը կաղայ նաեւ համագործակցութիւնը անոնց միջեւ։ Այս բոլոր դժուարութիւնները ձեռք ձեռքի յաղթահարելու առումով թարմ եռանդի մը մթնոլորտը ստեղծուած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ջանքերուն շնորհիւ։ Ինչպէս առաջին ժողովին, երէկ ալ տեղի ունեցան մանրամասն խորհրդակցութիւններ։ Ամփոփուեցան նախորդ ժողովին ընթացքին խօսուածները եւ այդ ժողովէն վերջ աւելի նեղ շրջանակի մէջ կատարուած քննարկումները։ Այդ բոլորի լոյսին տակ երէկ շարունակուեցան ծաւալուն խորհրդակցութիւնները։ Ժողովականները կը նախատեսեն թափ տալ մեր նոր սերունդին ուղղեալ բազմաբնոյթ ծրագրերուն։
Միութիւններու ներկայացուցիչները յառաջիկայ շրջանին պիտի շարունակեն շփման մէջ մնալ Պատրիարքարանին եւ Համայնքային վաքըֆներու հարթակին (VADİP) հետ։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024