ՓՐԿՈՒԻԼ ՓԱԿՈՒՂԻԷՆ…
Թրքահայ սանուց միութիւններու, ակումբներու եւ հայրենակցական միութիւններու խնդիրները ներկայիս Պատրիարքական Աթոռին նախաձեռնութեամբ խոշորացոյցի տակ առնուած են համայնքային կեանքէն ներս։ Վերջերս Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցան երկու ժողովներ, որոնց ընթացքին մեր համայնքին ընկերամշակութային իրականութիւնը բնութագրուեցաւ՝ բազմակողմանի դիտարկումներու լոյսին ներքեւ։ Կանխաւ ընդգծենք, որ Պատրիարքարանի առկայ անցումային երկարատեւ գործընթացը բազմաթիւ ոլորտներու մէջ համակարգման պակասի մը տեղի կու տայ, իսկ այս վերջին ժողովները ներկայ պայմաններով առանձնայատուկ վերաբերմունքի մը ակնյայտ դրսեւորումը կը համարուին։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ նախագահեց այդ երկու խորհրդակցութիւններուն, երկար ժամեր յատկացուց՝ ունկնդրելու համար տասնամեակներէ ի վեր կուտակուած խնդիրներուն։ Հարցերը պարզուեցան մանրամասնօրէն եւ ինքնաբերաբար յայտնի դարձաւ, որ ինչ հսկայական աշխատանք պէտք է տանիլ ներկայ անբարենպաստ ընթացքը կասեցնելու համար։ Պատրիարքարանի մէջ կազմակերպուած ժողովները առիթ հանդիսացան մարաթոնային քննարկումներու, որոնք զօրաշարժի մթնոլորտ մը կրնան ստեղծել թրքահայ սանուց միութիւններուն, ակումբներուն եւ հայրենակցական միութիւններուն տեսանկիւնէն։ Համայնքային կեանքի միւս բոլոր բնագաւառներուն նման, այս գետնին վրայ եւս համագործակցութեան պակասը, ներդաշնակութեան բացը զգալի է միանշանակ։ Մաշած յարաբերութիւններ, լարուածութիւններ եւ յուսախաբութիւններ մեր աչքին առջեւ կը պարզեն մոխրագոյն համայնապատկեր մը։ Կարճ խօսքով, պէտք է շեշտել, որ թէեւ անբաւարար, սակայն անհրաժեշտ նախապայմանը այստեղ եւս կամք ցուցաբերելն է՝ որպէսզի սիներժի մը ստեղծուի, մարդիկ զիրար վերավարկաւորեն ու վերականգնեն հաւատը թէ՛ իրարու եւ թէ իրենց միասնական ուժին նկատմամբ։
Ընդհանուր առմամբ, անվիճելի իրողութիւնը այն է, որ երիտասարդութեան բնագաւառը լրջօրէն անտեսուած է մեր իրականութեան մօտ։ Մեր համապատասխան կառոյցներուն ձգողականութիւնը էապէս նուազած է նոր սերունդի տեսանկիւնէն։ Այդ ցանցը քայլ չէ կրցած յարմարցնել ժամանակին։ Երիտասարդութեան համար յատկացուած միջոցները, կատարուած ներդրումները շատ սահմանափակ են։ Ճիշդ է, որ մեր համայնքը գերմարդկային զոհողութիւններով բաց կը պահէ մեր վարժարանները, սակայն դժբախտաբար այդքանը բաւարար չըլլար մեր երիտասարդութիւնը համայնքային կեանքին ներգրաւելու համար։ Մեր սանուց միութիւնները գրեթէ օտարացած են տուեալ վարժարանի շրջանաւարտներուն համար։ Համատարած անտարբերութենէն անմասն չեն մնար նաեւ մարզակումբները եւ հայրենակցական միութիւնները։ Երգչախումբերն ու պարախումբերը որոշ չափով կը պահեն իրենց հրապոյրը, որովհետեւ լեզուի հարցէն զերծ են իրենց գործունէութիւնները, սակայն անոնց ներգրաւած երիտասարդութեան համեմատութիւնն ալ կ՚ըլլայ բաւական համեստ։ Մտայնութեան եղափոխութենէ սկսեալ, մինչեւ ֆիզիքական անբաւարար պայմաններ, յարափոփոխ ճաշակներէ կամ նախընտրութիւններէ սկսեալ, մինչեւ ձուլումը՝ բարդ մարտահրաւէրներ կան համայնքի օրակարգին վրայ, երիտասարդական ոլորտին կտրուածքով։
Իրերանման առաքելութեամբ հաստատութիւններու գործունէութեան արդիւնաւէտ ու նպատակասլաց համակարգումը երկար տարիներէ ի վեր անյաղթահարելի խնդիր մըն է թրքահայ համայնքէն ներս։ Միութիւններու եւ ակումբներու պարագային եւս այդ գերխնդիրը կ՚ունենայ ծանրակշիռ հետեւանքներ։ Այստեղ եւս իւրաքանչիւրը չեն կրնար զուտ իրենց ներուժով հասնիլ լուծումներու։ Իսթանպուլի մէջ մեր համայնքի մարդուժի խտութեան շրջանները հաշուի առնելով՝ մեր միութիւններն ու ակումբները կրնան կազմակերպել ձեռնարկներ։ Փոքր քայլերով յուսադրիչ արդիւնքներ ապահովելը՝ անոնց տեսակէտէ քաջալերական կրնայ ըլլալ աւելի մեծ շարժումի մը ծնունդ տալու ճանապարհին։ Պատրիարքարանի ընձեռած հնարաւորութիւնն ալ պէտք է լաւ արժեւորուի։ Պատրիարքարանը այսուհետեւ պէտք է գործի մղէ զանոնք՝ առաջարկելով զանազան ծրագրեր։ Համատեղ ձեռնարկներու կազմակերպումը կրնայ ապահովել աշխուժութիւն մը, որ հնարաւորութեան մը կրնայ վերածուիլ մեր առկայ լճացումէն դուրս գալու համար։
Մեր ընկերամշակութային կեանքը պէտք է ձեւով մը փրկել՝ անցեալը կարօտնալու եւ երիտասարդները մեղադրելու անհեռանկար փակուղիէն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ