ՏԱՏԵԱՆՑԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ
Պաքըրգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ այս շաբաթավերջը բնորոշուեցաւ Տատեան վարժարանի շրջանաւարտներու տարեկան հաւաքով։ Դպրոցի նոր համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական հաւաքոյթը, որուն պատուոյ հիւրերն էին Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան եւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու։ Մասնակիցներու շարքին էին Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր եւ իր ընկերները, զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ եւ հիւրեր։
Տատեանցիները նախ համախմբուեցան նորակառոյց դպրոցի պարտէզին մէջ, ուրկէ անցան «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահը։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ Թանիա Չաթաքի հանդիսավարութեամբ։ Ելոյթներ ունեցան տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, Սելինա Տողան եւ Արաքսի Էօլչէր։ Արտասանութիւններով հանդէս եկան Ալվինա Աքըն, Գարէն Աթաքլիկան, Քամի Իւլիւթաշ եւ Արիանա Սերգիսեան։
40-ամեայ շրջանաւարտ յոբելեար դասարանէն Լեւոն Յակոբ Ասաթոր յուշանուէր մը ստացաւ ձեռամբ դպրոցի նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պենլիօղլուի եւ արտասանեց սրտի խօսքը։ Յուշանուէրներ պատրաստուած էին նաեւ 25-ամեայ յոբելեար շրջանաւարտներուն համար, որոնց անունով խօսք առին Մելիսա Արուզկա Քէօյլիւեան եւ Ալին Լարոսեան Սիրոբեան։
Աշակերտները պարեր ներկայացուցին՝ Նարօտ Կիւլէչի մականին ներքեւ։ Պաքըրգիւղի ընտանիքի երախտագիտութեան առարկայ դարձան նաեւ բազմավաստակ կրթական մշակներ Իրմա Չոթուրօղլու եւ Անահիտ Աշըքեան։
Բաժակի պահուն հանդէս եկան Լարոսեան ընտանիքի անդամները, որոնք երեք սերունդ անընդմէջ յաճախած են Տատեան վարժարան։ Անոնց անունով արտայայտուեցան Հայքօ Լարոսեան եւ իր դուստրը՝ Լեռնա Թորուսօղլու։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, մինչ յոբելեար շրջանաւարտներուն ի պատիւ հատուեցան նաեւ կարկանդակներ։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024