ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՓՈՒԼՆ ԱԼ ԱՆՑԱՒ
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ անցեալ ամսուան սկիզբին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններէն վերջ առաջին անգամ, երէկ, Վիեննայի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ քննարկումներ տեղի ունեցան այս հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հեռանկարներուն շուրջ։ Երեկոյեան ժամերուն Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ ունեցան հանդիպում մը։ Այն պահուն, երբ Սարգսեան եւ Ալիեւ կը տեսակցէին, Արցախի ճակատին վրայ հայ զինուոր մը նահատակուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ Այս դէպքը թէեւ լրիւ բաւարար է յոռետես կանխատեսումներու տեսակէտէ, սակայն հեռանկարային մտահոգութիւններով հանդերձ՝ երէկուան բանակցութիւններուն կարեւորութիւնը անտեսել անկարելի է, լոկ նոյնիսկ մակարդակին տեսակէտէ։
Վիեննայի մէջ երէկ բառին բուն իմաստով ապրուեցաւ դիւանագիտական բուռն երթեւեկ մը։ Սերժ Սարգսեան եւ Իլհամ Ալիեւ նախ առանձին հանդիպումներ ունեցան Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ ու Եւրոմիութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի եւ Ամերիկեայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի հետ։ Մինչ այդ, Ճոն Քերի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով առանձնազրոյց մը ունենալով քննարկեցին ղարաբաղեան հարցը։ Խտացեալ շփումներու մթնոլորտին մէջ, ԵԱՀԿ-ի շըր-ջանային նախագահ երկրի՝ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրն ալ յայտարարեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս անհրաժեշտ է ամրապնդել հրադադարը եւ համաձայնեցնել վստահութեան միջոցները։ Ըստ իրեն, որքան երկար շարու-նակուի հակամարտութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, որքան թափով զինուին հակամարտ կողմերը, ապա այնքան կը բարձրանայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմի մը վտանգը։ Ըստ իրեն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահները կը փորձեն ամրապնդել հրադադարը ու վերականգնել գործընթացը։ Գերմանիա անոնց կը սատարէ՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկիր։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները Սարգսեան-Քերի զրոյցին ընթացքին տեղեկացուցին, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպման հնարաւորութիւնը յստակ պիտի դառնայ այդ տեսակցութեան լոյսին տակ։ Աւելի վերջ, առկայ լարուած մթնոլորտին մէջ հնարաւոր եղաւ ի մի բերել Սերժ Սարգսեանն ու Իլհամ Ալիեւը։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն՝ ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւններուն նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ նախագահներուն հանդիպումը։ Սարգսեան-Ալիեւ տեսակցութեան մասնակցեցան Ճոն Քերի, Սէրկէյ Լաւրով եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի գծով պետական քարտուղար Առլէմ Տեզիր։ Ճոն Քերիի կողքին էին ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վիքթորիա Նուլանտ եւ Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք։ Սէրկէյ Լաւրովի հետ էին Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կրիկորի Քարասին եւ Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով։ Առլէմ Տեզիրի հետ էր Մինսքեան խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Փիէռ Անտրիու։ Ներկայ էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկ։ Վիեննայի մէջ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ էին նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Եդուարդ Նալպանտեան եւ Էլմար Մամէտեարով։
Սերժ Սարգսեան Իլհամ Ալիեւի հետ սեղանի գլուխ նստելէ առաջ թէ՛ Ճոն Քերիի եւ թէ՛ Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ մանրամասնօրէն քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրիրը։ Քննարկուեցան անցեալ ամսուան դէպքերուն հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու հնարաւորութիւնները։ Սերժ Սարգսեան կարեւորեց Մայիսի 12-ին միջնորդներուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը։ Ան շեշտեց, որ բանակցային գործընթացի վերսկսման համար անհրաժեշտ է ապահովել 1994 եւ 1995 թուականներուն հրադադարի եւ անոր ամրապնդման մասին համաձայնագրերու լիարժէք իրականացումը, ինչպէս նաեւ հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան շուտափոյթ հաստատուիլը։ Սարգսեան յոյս յայտնեց, թէ Մինսքեան խմբակի եռանախագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն նախաձեռնութեամբ Վիեննայի մէջ կազմակերպուած հանդիպումները պիտի նպաստեն առկայ իրավիճակի յաղթահարման, տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման։ Հայաստանի նախագահը ընդգծեց նաեւ իր ակնկալութիւնը, որպէսզի միջնորդները հետեւողականութեամբ, իրենց հասցէական դիրքորոշումներով եւ յստակ քայլերով նպաստեն բանակցութիւններու վերսկսման տեսակէտէ ձեռնտու պայմաններու ձեւաւորման։
Այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ սկսաւ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումը՝ երեկոյեան ժամերուն։ Երեւանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս Ապրիլի սկիզբին հրադադարի կոպիտ խախտման հետեւանքով ստեղծուած լարուած իրավիճակն ու անոր յաղթահարման ուղիները։ Համանախագահ երկիրներու ներկայացուցիչները պնդած են 1994 եւ 1995 թուականներու՝ հրադադարի ու անոր ամրապնդման մասին համաձայնագրերու անշեղ իրագործման անհրաժեշտութիւնը։ Համաձայնութիւն գոյացած է ձեռնարկելու համար անոնց իրականացման մշտադիտարկման եւ դէպքերու հետաքննութեան դրութեան ներդրման, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչի գործակից խումբի կարողութիւններու բարձրացման, հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի հաւանական վերսկսման ուղղութեամբ։
Վիեննայի հանդիպումէն վերջ Սէրկէյ Լաւրով հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան ըսաւ, թէ Սարգսեան եւ Ալիեւ յառաջիկայ ամիսներուն պիտի յստակեցնեն իրենց յաջորդ տեսակցութեան ժամկէտներն եւ վայրը։ Լրագրողի մը հարցման պատասխանելով Սէրկէյ Լաւրով ըսաւ. «Փոխզիջումը միշտ ալ հնարաւոր է։ Եթէ չըլլար նման հնարաւորութիւն մը, ապա Ռուսաստան, Ֆրանսա եւ ԱՄՆ չէին աշխատիր այդ ուղղութեամբ։ Պիտի շարունակենք ամբողջական եւ բազմակողմանի լուծում մը գտնելու ուղղութեամբ աշխատանքը, յառաջ պիտի ընթանանք քայլ առ քայլ»։
Լաւրովի խօսքով, կողմերը պայմանաւորուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հետեւիլ հրադադարին՝ 1994 եւ 1995 թուականներու համաձայնագրերու ձեւաչափով։
Վիեննայի բանակցութիւններուն զուգահեռ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ Ուաշինկթըն մտահոգ է Լեռնային Ղարաբաղի փխրուն իրավիճակով։ Ամերիկեան կողմը մշտապէս հետաքրքրուած է հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորմամբ։ «Մեզի համար կարեւոր է տեսնել, որ բռնութեան մակարդակը կը նուազի ու կողմերը կ՚աշխատին հասնելու համար լաւագոյն լուծման», ըսաւ բանբերը։
Վիեննայի երէկուան հանդիպման կապակցութեամբ համատեղ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան Ճոն Քերի, Սէրկէյ Լաւրով եւ Առլէմ Տեզիր։ Այս առթիւ անոնք շեշտեցին, թէ նախագահները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը հրադադարի պահպանման եւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ։ Ապագայ բռնութիւններու ռիսքը նուազեցնելու համար նախագահները համաձայնած են հնարաւորինս կարճ ժամանակի ընթացքին ամբողջացնել հետաքննութեան դրութիւններու հաստատումը։ «Նախագահները համաձայնած են հակամարտութեան բազմակողմանի լուծման հասնելու ուղղեալ բանակցութիւններու վերսկսման նպատակով իրականացնել քննարկումներուն յաջորդ փուլը, որ տեղի պիտի ունենայ Յունիսին, վայրը տակաւին պիտի որոշուի», նշած են միջնորդները։ Բաց աստի, անոնք ընդգծեցին, թէ հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում։
Հարկ է նշել, որ Վիեննայէն Երեւան վերադարձի ճանապարհին՝ Սերժ Սարգսեան իր ճամբորդած օդանաւին մէջ զրուցեց իր ուղեւորութեան հետեւած զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան այս առթիւ ամփոփեց Վիեննայի հանդիպումը։ Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Սերժ Սարգսեան բարձր տրամադրութեամբ դուրս եկած է Վիեննայի հանդիպումէն եւ զայն բնորոշած է «նորմալ»։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Սերժ Սարգսեան ըսաւ. «Պատերազմը լաւագոյն լուծումը չէ։ Մենք պատրաստ ենք ամէն ելքի։ Ի հարկէ մեր ցանկութիւնն է, որ այդ ելքը ըլլայ խաղաղ ճանապարհով»։ Սարգսեան նշած է նաեւ, թէ մինչեւ Ալիեւի հետ յաջորդ հաւանական հանդիպումը պէտք է հաստատուած ըլլան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս մշտադիտարկման դրութիւնները։
Հայաստանեան շարք մը քաղաքական մեկնաբաններ ալ երէկուան հանդիպումը դրական կը համարեն՝ Պաքուն բանակցային սեղան վերադարձնելու համատեսքին մէջ։