ԱՆՓՈՓՈԽ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նի սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) հեր­թա­կան ժո­ղո­վը։ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­նե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի գլխա­ւո­րու­թեամբ գու­մա­րուե­ցաւ նիս­տը, ո­րու ըն­թաց­քին շօ­շա­փուե­ցան թրքա­հայ կեան­քի օ­րա­կար­գա­յին զա­նազան խնդիր­նե­րը։ Այս ամ­բող­ջին, մէջ որ­պէս ան­փո­փոխ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րը քննար­կե­ցին առ­կա­խեալ ընտ­րու­թիւն­նե­րու հիմ­նախն­դի­րը։ Ա­նոնք ամ­փո­փե­ցին այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։ Ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու եւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան ե­ղան այս խնդրին վե­րա­բե­րեալ հիմ­նա­կան զե­կու­ցող­նե­րը։ Ա­նոնք մեկ­նա­բա­նե­ցին պաշ­տօ­նա­կան պատ­կան շրջա­նակ­նե­րէն հա­սած ազ­դան­շան­նե­րը, փո­խան­ցուած պատ­գամ­նե­րը, ո­րոնք մա­նա­ւանդ նոր ե­րանգ մը կը ստա­նան ներ­կա­յիս՝ նոր վար­չա­պե­տի ա­նուան յստա­կեց­ման սպա­սում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ։

Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին Թո­րոս Ալ­ճան դի­տել տուաւ, թէ Թուր­քիոյ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րը ար­դէն չոր­րորդ տա­րին կը թե­ւա­կո­խեն առ­կա­խեալ ընտ­րու­թիւն­նե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած պղտո­րու­թեան մէջ։ Ան այս էա­կան հար­ցին ա­ռըն­չու­թեամբ ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն յի­շո­ղու­թիւ­նը թար­մա­ցուց՝ փոք­րա­մաս­նա­կան բո­լոր հա­մայնք­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ անոր ներ­կա­յա­ցու­ցած հրա­տապ նշա­նա­կու­թեան լոյ­սին տակ։ Ալճան յի­շե­ցուց փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հա­մայնք­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն ժա­մա­նակ եւ մաս­նա­գի­տա­կան խում­բե­րու քննար­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին գո­յա­ցած կամ­քը։ Փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րը այս դժուա­րու­թիւ­նը յաղ­թա­հա­րե­լու ճա­նա­պարհ­նե­րը կ՚ո­րո­նեն՝ միաս­նա­կա­նու­թեամբ ու յա­մառ աշ­խա­տան­քով։ Ա­նոնք սկիզ­բին բազ­մա­կող­մա­նի տե­ղե­կու­թիւն­ներ հա­ւա­քած են՝ թէ նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ ի՛նչ կա­րե­լի է ը­նել։ Փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը որ­դեգ­րած են այն սկզբուն­քա­յին մօ­տե­ցու­մը, թէ այս խնդրին կար­գա­ւո­րու­մը ա­պա­հո­վեն ա­ռանց դի­մե­լու դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն։ Ըն­թաց­քին, պե­տա­կան շրջա­նակ­նե­րէն ալ հա­սած է այն ազ­դան­շա­նը, թէ պաշ­տօ­նա­կան մար­մին­նե­րը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ չեն փա­փա­քիր մի­ջամ­տել այս խնդրի լուծ­ման կամ վճռո­րոշ դեր մը ստանձ­նել այդ ուղ­ղու­թեամբ։ Ըստ Թո­րոս Ալ­ճա­նի, պե­տու­թեան մեր­ձե­ցու­մը այս նիւ­թին շուրջ վեր­ջին շրջա­նին այն­պէս մը ձե­ւա­ւո­րուած է, որ ա­ւե­լի պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը վե­րագ­րուի փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն։ Ար­դա­րեւ, բո­լոր ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը ու­նին ի­րենց ա­ւան­դա­կան դրու­թիւ­նը եւ պե­տու­թիւ­նը կ՚ակն­կա­լէ, որ այդ հի­ման վրայ իւ­րա­քան­չիւ­րը ի­րենք գրի առ­նեն սե­փա­կան կա­նո­նադ­րու­թիւ­նը։ Պե­տու­թիւ­նը կը ձգտի միայն հաս­տա­տել այդ կա­նո­նադ­րու­թիւ­նը եւ ըլ­լալ ա­նոր գոր­ծադ­րու­թեան վե­րահս­կո­ղը, հա­կակշ­ռո­ղը։

Ըստ Թո­րոս Ալ­ճա­նի, հա­շուի առ­նե­լով բա­զում ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ եւ հա­մայնք­նե­րու ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը՝ ա­ւե­լի քան ե­րեք տա­րուան այս գոր­ծըն­թա­ցին մէջ հա­սուն­ցած է նաեւ օ­րէնսդ­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նով լու­ծում մը ճա­րե­լու գա­ղա­փա­րը։ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թիւ­նը եւ այլ պատ­կան մար­մին­նե­րը սկսած են քննար­կել՝ շրջագ­ծա­յին օ­րէնք մը ըն­դու­նե­լու վար­կա­ծը։ Ալ­ճան յի­շե­ցուց, թէ այս­պէ­սով կը նա­խա­տե­սուի մէկ ան­գա­մուան հա­մար ի­րա­ւունք սահ­մա­նել՝ որ­պէս­զի ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րը կա­րե­նան ու­նե­նալ ի­րենց vakfiye-նե­րը։ Ան շատ յստակ բա­ցատ­րեց, թէ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վա­քըֆ­նե­րը ցարդ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու եւ սո­վո­րու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ ղե­կա­վա­րուած են եւ ո­րե­ւէ գրա­ւոր փաս­տա­թուղթ գո­յու­թիւն չու­նի ա­նոնց ղե­կա­վար­ման դրու­թեան շուրջ։ Իր խօս­քե­րով, փոքրա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վա­քըֆ­նե­րը թէեւ ի­րա­ւա­բա­նա­կան անձ կը հա­մա­րուին, սա­կայն ա­նոնց ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին ո­րե­ւէ օ­րէնսդ­րա­կան սահ­մա­նում գո­յու­թիւն չու­նի։ Ընդ­հան­րա­պէս, փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը կը բա­ցա­կա­յին պե­տու­թեան դի­ւա­նա­կա­լու­թեան մէջ։

Թո­րոս Ալ­ճան բա­ցատ­րեց, թէ ներ­կա­յիս փոքրա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը հա­կուած են խնդի­րը նման ամ­բող­ջի մը մէջ ար­մա­տա­կան ձե­ւով լու­ծե­լու։ Հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­նում­նե­րուն մէջ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ստանձ­նած է Իս­թան­պու­լի ե­րես­փո­խան Մար­գար Է­սաեան, ո­րու բա­րեա­ցա­կամ ջան­քե­րով պաշ­տօ­նա­կան մար­մին­նե­րուն հետ շփում­ներն ու հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քը դիւ­րա­ցած է լրջօ­րէն։ Վե­րո­յի­շեալ շրջագ­ծա­յին օ­րէն­քի մշակ­ման գոր­ծըն­թա­ցը վեր­ջին շրջան­նե­րուն հա­սուն­ցած էր բա­ւա­կա­նա­չափ։ Պե­տա­կան օ­ղակ­նե­րուն մօտ, բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րուն վրայ զգա­լի էր քա­ղա­քա­կան կամք մը, որ գո­յա­ցած էր փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու առ­կայ խնդիր­նե­րը օ­րէնսդ­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նով մը լու­ծե­լու հա­մոզ­ման ամ­րապնդ­ման զու­գա­հեռ։ Թո­րոս Ալ­ճան շեշ­տեց, թէ ի­րենց լսում­նե­րով՝ նոյ­նիսկ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան հաշտ աչ­քով կը դի­տէր այս վար­կա­ծը։

Ներ­կա­յիս, յու­սադ­րիչ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը դար­ձեալ կը փո­խա­րի­նուին սպաս­ման հե­ռան­կա­րով մը։ Ար­դա­րեւ, Թո­րոս Ալ­ճան ցա­ւով մատ­նան­շեց, թէ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը դար­ձեալ մագլ­ցած է երկ­րէն ներս, ուր նա­հա­տակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ հա­նա­պա­զօ­րեայ լու­րե­րը մեծ ցաւ կը պատ­ճա­ռեն ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դին։ «Մե­զի կը մնայ ա­ղօ­թել, որ­պէս­զի մեր երկ­րէն ներս վե­րա­հաս­տա­տուին խա­ղա­ղու­թիւնն ու ան­դոր­րու­թիւ­նը», ը­սաւ Թո­րոս Ալ­ճան եւ ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րեց նաեւ ներ­քին քա­ղա­քա­կան վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Ներ­կա­յիս ամ­բողջ եր­կի­րը կը սպա­սէ նոր վար­չա­պե­տի ա­նուան յստա­կեց­ման եւ այդ հի­ման վրայ ձե­ւա­ւո­րուե­լիք նոր կա­ռա­վա­րու­թեան։ Մնաց որ, նոյ­նիսկ կան­խա­հաս ընտ­րու­թեան մը հե­ռան­կա­րին մա­սին լսում­ներ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը գտնուին։ Հե­տե­ւա­բար, լա­ւա­տե­սու­թիւն կ՚ըլ­լայ ակն­կա­լել, որ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ շրջագ­ծա­յին օ­րէնք մը կրնայ ըն­դու­նուիլ շու­տով։ Յա­մե­նայն­դէպս, Ալ­ճան կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րում մը հա­մա­րեց եւ ա­պա­գա­յի տե­սա­կէ­տէ որ­պէս ե­րաշ­խիք ներ­կա­յա­ցուց պե­տու­թեան մօտ գո­յա­ցած ա­մուր կամ­քը՝ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ շրջագ­ծա­յին օ­րէն­քի մը ըն­դուն­ման ա­ռու­մով։ Ըստ ի­րեն, 1936 թուա­կա­նին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վա­քըֆ­նե­րը ի­րա­ւա­բա­նա­կան անձ դար­ձած էին՝ ներ­կա­յա­ցուած յայ­տա­րա­րագ­րե­րով։ Թէեւ բա­ւա­կան խո­ցե­լի կար­գադ­րու­թիւ­նով մը, սա­կայն այդ յայ­տա­րա­րագ­րե­րը փո­խա­րի­նած էին մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու vakfiye-նե­րը։ Իսկ այ­սօր, ու­րուագ­ծուած կար­գադ­րու­թիւ­նով կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ յաղ­թա­հա­րել այդ խո­ցե­լի դրու­թիւ­նով յա­ռա­ջա­ցած բո­լոր տե­սա­կի դժուա­րու­թիւն­նե­րը՝ օգ­տա­գոր­ծե­լով նաեւ ան­ցեալ տաս­նա­մեակ­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւ­նը։

Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին Թո­րոս Ալ­ճան բաժ­նեց նաեւ իր դի­տար­կում­նե­րը՝ այս գոր­ծըն­թա­ցի մաս­նա­ւո­րա­բար մեր հա­մայն­քին վե­րա­բե­րեալ ե­րե­սակ­նե­րուն շուրջ։ Ներ­կա­յիս թրքա­հա­յու­թիւ­նը կը հան­դի­սա­նայ երկ­րի ա­մե­նա­բազ­ման­դամ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայն­քը։ Նոր կար­գադ­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ ա­մէն տե­սակ խմոր­ման կամ վար­կած­նե­րու պա­րա­գա­յին գլխա­ւոր խնդիր­նե­րը կը յա­րու­ցուին մեր հա­մայն­քին կող­մէ։ Ար­դա­րեւ, թրքա­հա­յու­թիւ­նը բազ­մա­ռանցք հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մըն է։ Թո­րոս Ալ­ճան այս ե­րե­ւոյ­թը թէեւ ներ­քին հարս­տու­թեան ու ճո­խու­թեան դրսե­ւո­րում մը հա­մա­րեց, սա­կայն նաեւ շեշ­տեց՝ որ մեր հա­մայն­քը ան­պայ­ման պէտք է յա­ջո­ղի միաս­նա­կա­նու­թեամբ խմբագ­րել իր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն կա­նո­նագ­րու­թեան նա­խա­գի­ծը։ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թիւ­նը այ­լեւս չի փա­փա­քիր զբա­ղիլ մեր հա­մայն­քա­յին ընտ­րու­թիւն­նե­րէն վերջ կա­տա­րուած դա­տա­կան դի­մում­նե­րով ու չ՚ու­զեր յոգ­նիլ այդ դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րով։ Ան ընդգ­ծեց, որ այ­սօր պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րը կը յղա­նան մեր հա­մայն­քին ուղ­ղեալ ա­ռա­ջարկ­ներ։ Հե­տե­ւա­բար, մեր հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­ներն ալ պէտք չէ, որ ինք­նագ­լուխ շփման մէջ անց­նին պաշ­տօ­նա­կան մար­մին­նե­րուն հետ։ Ազ­գա­յին սահ­մա­նադ­րու­թեամբ նա­խա­տե­սուած Ազ­գա­յին կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւ­նը Հան­րա­պե­տա­կան շրջա­նին, մին­չեւ 1960-ա­կան թուա­կան­նե­րը ձե­ւով մը գո­յա­տե­ւած էր՝ որ­պէս ընդ­հան­րա­կան լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րով օժ­տուած եւ աշ­խար­հա­կան­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ մար­մին։ Հա­յե­րէ­նի մէջ թէեւ ա­նոր ա­նու­նը չէր փո­խուած, սա­կայն յաչս պե­տու­թեան ան ըն­կա­լուած էր որ­պէս հա­սա­րա­կաց հո­գա­բար­ձու­թիւն մը (ortak mütevelli heyeti)։

Թո­րոս Ալ­ճան ընդգ­ծեց նաեւ, որ փոք­րա­մաս­նա­կան բո­լոր հա­մայնք­նե­րուն մօտ այ­սօր կայ նաեւ հա­կում մը, ո­րով կը նա­խա­տե­սուի մի­ջան­կեալ ընտ­րու­թեան մը եր­թալ՝ որ­պէս­զի փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վա­քըֆ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն ժո­ղովր­դա­կան յե­նա­րան­նե­րը վե­րա­կանգ­նուին։ Այդ մի­ջան­կեալ ընտ­րու­թեան վար­կա­ծը ե­թէ ի­րա­կա­նա­նայ, ա­պա նո­րըն­տիր վա­րիչ­ներն ալ կրնան ա­ւե­լի ինք­նավս­տահ ու հա­մար­ձակ ձե­ւով ձեռ­նա­մուխ ըլ­լալ սե­փա­կան կա­նո­նադ­րու­թիւն­նե­րու մշակ­ման աշ­խա­տան­քին՝ ինչ որ ար­դէն շատ ա­ւե­լի ի­տէ­լա­կան շա­րու­նա­կու­թիւն մը կ՚են­թադ­րէ։

Ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուն ալ ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին վեր­յի­շեց այս տա­րե­մու­տին Փոխ-վար­չա­պետ Եալ­չըն Աք­տո­ղա­նի հետ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պու­մը։ «Ես ը­սի, որ այ­սօր չա­փա­զանց կա­րի­քը կը զգանք աշ­խար­հա­կան­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ խոր­հուր­դի մը գո­յու­թեան։ Ար­դա­րեւ, այդ կա­րի­քը ու­նինք յա­նուն թա­փան­ցի­կու­թեան եւ յա­նուն մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ա­ւե­լի կա­տա­րեալ հա­կակշ­ռու­մով», ը­սաւ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու եւ ա­ւել­ցուց, թէ մեր վար­չա­յին­նե­րը պար­տա­ւոր են հա­մայն­քա­յին կեան­քը յա­ռաջ տա­նիլ միաս­նա­կա­նու­թեան ո­գիով։ Պատ­կան մար­մին­նե­րը միշտ կու տան այն ազ­դան­շա­նը, թէ ընտ­րա­կան դրու­թեան, կա­նո­նադ­րու­թեան պատ­րաս­տու­թեան խնդիր­նե­րը պէտք է լու­ծուին հա­մայն­քին կող­մէ։ Պե­տու­թիւ­նը չի փա­փա­քիր մի­ջամ­տել այս խնդրին։ Իսկ հա­մայն­քը այ­սօր նոյ­նիսկ չու­նի ընտ­րող­նե­րու կա­տա­րեալ ցու­ցակ մը։ Հե­տե­ւա­բար, Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու հա­մո­զուած է, թէ անհ­րա­ժեշտ լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րով օժ­տուած կեդ­րո­նա­կան մար­մին մը պէտք է ազ­դու ձե­ւով հա­մախմ­բէ մեր հա­մայն­քը։

Շի­րի­նօղ­լու ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն տե­ղե­կա­ցուց, թէ վեր­ջերս խօ­սած է նաեւ Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կի­լի հետ։ Ծա­նօթ է, որ հա­մայն­քա­յին կեան­քէն­ ներս մեր այս եր­կու բա­րե­րար­նե­րը յա­ճախ կ՚ըն­կա­լուին որ­պէս մրցա­կից եւ ա­նոնց ան­ձին մէջ կը խորհր­դան­շուին հա­կա­դիր բե­ւեռ­ներ։ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կի­լին յայտ­նած է, թէ պէտք է տալ ձեռք ձեռ­քի։ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլն ալ հա­մա­միտ ե­ղած է այս ուղ­ղու­թեամբ։ Շի­րի­նօղ­լուի խօս­քե­րով, հա­մայն­քէն ներս պէտք է վերջ տալ պա­ռակ­տում­նե­րուն, մար­դիկ պէտք չէ զի­րար վի­րա­ւո­րեն եւ գլխա­ւոր խնդի­րը պէտք է ըլ­լայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ներգ­րա­ւու­մը։ «Վա­ղը ո՞վ պի­տի կա­ռա­վա­րէ մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը։ Այ­սօր մենք պէտք է ուս ու­սի տանք, մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն ա­պա­գան ե­րաշ­խա­ւո­րենք եւ զա­նոնք ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն փո­խան­ցե­լու պատ­րաստ վի­ճա­կի մը բե­րենք, որ­պէս­զի ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րը ա­ղօ­թեն մե­զի հա­մար», ը­սաւ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու եւ ա­ւել­ցուց, թէ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի գլխա­ւո­րու­թեամբ հա­մայն­քի ընդ­հա­նուր կա­ռա­վար­ման դրու­թիւ­նը պէտք է բա­րե­փո­խուի հրա­տապ ձե­ւով։

Հարկ է նշել, որ յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին պի­տի կա­տա­րուի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը՝ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի նոր գրա­սե­նեա­կին, որ խարս­խուած է Գա­րա­կէօ­զեան Տան KEY Plaza-ի յար­կէն ներս։ Թո­րոս Ալ­ճան ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ բաց­ման հան­դի­սու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ եւ ը­սաւ, թէ Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ատ­նան Էր­թէմի գլխա­ւո­րու­թեամբ, շուրջ քսան հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ խումբ մը մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի բե­րէ Ան­գա­րա­յէն։

Նոյն օ­րը Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դը ժո­ղով մըն ալ պի­տի գու­մա­րէ Իս­թան­պու­լի մէջ։ Փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցի­չի գրա­սե­նեա­կի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման հա­ւա­քոյ­թին զու­գա­հեռ՝ պի­տի շա­րու­նա­կուի նաեւ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ձե­ւա­ւո­րուած ա­ւան­դու­թիւ­նը։ Այս­պէս, ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն ա­նու­նով ճաշ­կե­րոյթ մը պի­տի սար­քուի ի պա­տիւ Ատ­նան Էր­թէ­մին եւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն։ Այս տա­րի սոյն հա­ւա­քոյ­թը կազ­մա­կեր­պե­լու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը կը վի­ճա­կի յոյն հա­մայն­քին։

 

Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2016