ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՆԱՀԱՏԱԿ ԳՐՈՂ ՌՈՒԲԷՆ ՍԵՒԱԿԻ ՀԵՏՔԵՐՈՎ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Մեծ Ե­ղեռ­նի 100-րդ տա­րե­լի­ցի շրջա­նին, Բան­կալ­թըի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը սա­ներ, գլխա­ւո­րու­թեամբ ի­րենց հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նի, ի­րա­կա­նա­ցու­ցեր էին աշ­խա­տանք մը՝ բա­ցա­յայ­տե­լու հա­մար նա­հա­տակ գրա­գէտ Ռու­բէն Սե­ւա­կի (1885-1915) կեն­սագ­րու­թե­նէն ո­րոշ դրուագ­ներ։

Այս­պէս, ի ձե­ռին ու­նե­նա­լով Ռու­բէն Սե­ւա­կի եղ­բօր զաւ­կին՝ այժմ ֆրան­սաբ­նակ մտա­ւո­րա­կան Յով­հան­նէս Չի­լին­կի­րեա­նի կող­մէ տրա­մադ­րուած ար­խի­ւա­յին լու­սան­կար­ներ ալ, մխի­թա­րեան­ցի սա­ներ այ­ցե­լեր էին Սե­ւա­կի ծննդա­վայր քա­ղա­քը՝ Սի­լիվ­րի, յայտ­նա­բե­րե­լու այն տու­նը, ուր ծնած ու սնած էր մեծ բա­նաս­տեղ­ծը։ Սի­լիվ­րիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան օ­ժան­դա­կու­թեամբ կա­յա­ցած այս մշա­կու­թա­յին պտոյ­տի ժա­մա­նակ պա­տա­նի­նե­րը տե­սեր էին, որ քա­ղա­քի բնա­կիչ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ թէեւ ա­ղօտ կեր­պով ներ­կայ է բա­նաս­տեղ­ծին ու առ­հա­սա­րակ հա­յոց յի­շա­տա­կը, սա­կայն տու­նը կոր­ծա­նած է այժմ եւ կան միայն տան հիմ­քե­րը։

Մխի­թա­րեան­ցի­նե­րու երկ­րորդ հանգ­րուա­նը ե­ղեր էր Պար­տի­զա­կը, ուր Ա­մե­րի­կեան գո­լէ­ճի մէջ իր ու­սու­մը ստա­ցած էր Ռու­բէն Սե­ւակ։ Պար­տի­զակ­ցի պատ­մա­բա­նի մը օ­ժան­դա­կու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած այս շրջապ­տոյ­տի ժա­մա­նակ տղա­քը տե­սեր էին, որ կան­գուն է միայն Ա­մե­րի­կեան գո­լէ­ճի մա­տու­ռը, ծա­նօթ «Չէյմ­պըրս հոլ» ա­նու­նով, ո­րու պա­տե­րուն վրայ տա­կա­ւին կը նշմա­րուին հայ­կա­կան տա­ռե­րը։

Շա­հե­կան այս պտոյտ­նե­րու ար­դիւն­քը հրա­պա­րա­կե­լու ու տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցե­լու նպա­տա­կով վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ կա­յա­ցաւ Ռու­բէն Սե­ւա­կի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած ցե­րե­կոյթ մը, ո­րու մաս­նա­կից­ներն էին Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թե­նէն Հ․ Յա­կով­բոս Ծ․ Վրդ․ Չօ­փու­րեան, տնօ­րէ­նու­հի­ներ Ե­ւա Օ­րա­գեան, Էլ­տա Գա­րա­կէօ­զեան, Քա­թիա Վար­կը, կրթա­կան մշակ­ներ ու ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը։ Հան­դի­սա­վար­ներն էին Նա­տին Ման­կիօղ­լու ու Այգ Թու­րաչ, որ Սե­ւա­կի կեն­սագ­րու­թե­նէն ծա­նօ­թու­թիւն­ներ տա­լու ա­ռըն­թեր՝ բարձ­րա­խօ­սի մօտ հրա­ւի­րե­ցին ի­րենց ըն­կեր­նե­րը՝ ար­տա­սա­նե­լու մեծ բա­նաս­տեղ­ծի քեր­թուած­նե­րէն նմոյշ­ներ։ Վար­ժա­րա­նիս հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի­ներ Վե­րա Չը­քը­նօղ­լուի ու Լեռ­նա Եա­ղեա­զա­նի կող­մէ մար­զուած ա­շա­կերտ­նե­րը՝ Գա­յիա­նէ Ա­լո­յեան, Ի­լայ­տա Ա­լիք­սա­նեան, Սի­րակ Ար­մա­ղա­նեան, Մա­սիս Տե­մի­րէլ, Քա­մի Պալ­մում­ճեան, Ա­րի Պար­սա­մեան, Սա­րին Ի­նան, Քլո­տիա Կիւլ­թա­շեան, Քա­րին Կիւլ­պեն­կօղ­լու, Սե­լին Տուր­մազ­կիւ­լէր, Ա­ռատ Յու­լի­կեան, Թե­նի Տե­մի­րէր, Զու­լալ Քա­լա­թաշ ու Սե­մա­նուր Թաշ­քէօփ­րիւ աս­մուն­քե­ցին Սե­ւա­կէն քեր­թուած­ներ, իսկ Հեր­ման Ա­տա­լեան ըն­թեր­ցեց այն ու­ղեր­ձը, զոր յատ­կա­պէս մխի­թա­րեան­ցի­նե­րու այս ձեռ­նար­կին յղած էր Յով­հան­նէս Չի­լին­կի­րեան, Նի­սէն։

Այ­նու­հե­տեւ բեմ ա­ռաւ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան, որ լու­սան­կար­նե­րու ու­ղեկ­ցու­թեամբ պատ­մեց ա­շա­կերտ­նե­րու հետ ի­րա­կա­նա­ցուած աշ­խա­տան­քը՝ Սի­լիվ­րիէն մին­չեւ Պար­տի­զակ, ինչ­պէս նաեւ Էլ­մա­տաղ, ուր կը բնա­կէր նա­հա­տակ բա­նաս­տեղ­ծը իր ըն­տա­նի­քին հետ։

Շա­հե­կան աշ­խա­տան­քի մը ար­դիւնք այս ձեռ­նար­կը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ Հ․ Յա­կով­բոս Ծ․ Վրդ․ Չօ­փու­րեա­նի սրտի խօս­քով, ո­րու ժա­մա­նակ ան գնա­հա­տեց ձեռ­նար­կին կազ­մա­կեր­պիչ­ներն ու մաս­նա­կից­նե­րը։

Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2016