Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ֆաթիհի քաղաքապետ Մուսթաֆա Տեմիրը։ Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Նորին Սրբազնութիւնը ճաշասեղանով մը պատուած է Մուսթաֆա Տեմիրը։
Անմիջական զրոյցի մը ձեւաչափին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Մուսթաֆա Տեմիր քննարկեցին Պատրիարքական Աթոռի եւ Ֆաթիհի քաղաքապետարանի համագործակցութեան օրակարգին վերաբերեալ զանազան հարցեր։
Երեքշաբթի, Մայիս 17, 2016