Շամխորի Ճակատամարտը ԵՒ ԶՕՐԱՎԱՐ ՄԱԴԱԹՈՎ

Սեպ­տեմ­բեր 3-ին, 187 տա­րի ա­ռաջ, ներ­կա­յիս իբ­րեւ Ատր­պէյ­ճան ճանչ­ցո­ւած երկ­րին հիւ­սիս-ա­րեւ­մուտ­քը գտնո­ւող ­Շամ­խոր քա­ղա­քին մէջ, իր ա­ւար­տին հա­սաւ 18-րդ ­դա­րուն սկսած եւ մին­չեւ 1829 թո­ւա­կա­նը շա­րու­նա­կո­ւած ռուս-պարս­կա­կան եր­կա­րա­տեւ պա­տե­րազ­մին կա­րե­ւո­րա­գոյն ու վճռո­րոշ ճա­կա­տա­մարտ­նե­րէն մէ­կը՝ ռու­սա­կան զօր­քե­րու եւ ա­նոնց յա­ռա­ջա­պահ ու­ժը կազ­մող հայ կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րու փայ­լուն յաղ­թա­նա­կով։

Շամ­խո­րի ճա­կա­տա­մար­տը ի­րո­ղա­պէս վեր­ջա­կէտ դրաւ ­Հա­յաս­տա­նի վրայ դա­րեր տե­ւած պարս­կա­կան տի­րա­պե­տու­թեան։ ­Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նը փաս­տօ­րէն իր տի­րա­պե­տու­թիւ­նը հաս­տա­տեց Անդր­կով­կա­սի վրայ։

Շամ­խո­րի ճա­կա­տա­մար­տը կրկնա­կի ա­ռու­մով բախ­տո­րոշ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։

Ա­ռա­ջի՛ն. ­հա­յու­թեան հե­տա­գայ կեան­քը կա­պեց ռու­սա­կան տի­րա­պե­տու­թեան ու ցա­րա­կան ծա­ւա­լա­պաշ­տու­թեան վե­րի­վայ­րում­նե­րուն։ Երկ­րո՛րդ. դա­րա­ւոր գե­րու­թեան հե­տե­ւան­քով ազ­գա­յին-ռազ­մա­կան իր մար­տու­նա­կու­թե­նէն պար­պո­ւած հա­յու­թեան մէջ վերս­տին ար­ծար­ծեց սե­փա­կան ճա­կա­տագ­րին՝ ան­կախ ­հայ­րե­նի­քին ու պե­տա­կա­նու­թեան տէր կանգ­նե­լու վճռա­կա­նու­թիւ­նը։

Շամ­խո­րի ճա­կա­տա­մար­տին պատ­մա­կերտ յաղ­թա­նա­կը փաս­տօ­րէն հնա­րա­ւոր դար­ձաւ ռու­սա­կան բա­նա­կի հա­յազ­գի մեծ զօ­րա­վար­նե­րէն ­Վա­լե­րիան (­Ռոս­տոմ) Գ­­րի­գո­րի ­Մա­դա­թո­վի (1782-1829) ռազ­մա­կան տա­ղան­դին շնոր­հիւ, որ իր հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ ու­նէր հայ կա­մա­ւոր­նե­րէ բաղ­կա­ցած փոք­րա­թիւ, բայց քա­ջա­րի զօ­րա­բա­ժին մը։

Շամ­խո­րը կամ ­Շամ­քո­րը հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ յայտ­նի է 5-րդ ­դա­րէն սկսեալ։ Պատ­մա­կա­նօ­րէն ան կը գտնո­ւէր ­Մեծ ­Հայ­քի Ու­տիք աշ­խար­հի ­Գարդ­ման կամ ­Շա­կա­շէն (ըստ տար­բեր տո­ւեալ­նե­րու) գա­ւառ­նե­րու կազ­մին մէջ։ ­Թէեւ ­Շամ­խո­րը ի սկզբա­նէ հա­յաբ­նակ քա­ղաք էր (եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին մնաց մին­չեւ ուշ միջ­նա­դար), այ­դու­հան­դերձ՝ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ­Շամ­խո­րը բազ­միցս աս­պա­տա­կո­ւած է սկիւթ­նե­րու, ա­լան­նե­րու եւ այլ լեռն­ցի­նե­րու կող­մէ, ո­րոնց մէկ մա­սը նաեւ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած է քա­ղա­քին մէջ կամ ա­նոր յա­րա­կից տա­րածք­նե­րուն վրայ։

Թիֆ­լիզ քա­ղա­քի ա­րե­ւե­լեան դար­պա­սը հան­դի­սա­ցող Շամ­խո­րը, Ա­րա­բա­կան ար­շա­ւան­քի ժա­մա­նակ՝ 652 թո­ւա­կա­նին, գրա­ւ-ւե­ցաւ ա­րաբ­նե­րու կող­մէ եւ ին­կաւ ­Շետ­տի­տեան­նե­րու շուրջ հինգ դար տե­ւած ա­րա­բա­կան տի­րա­պե­տու­թեան ներ­քեւ։

1195 թո­ւին հայ-վրա­ցա­կան միա­ցեալ բա­նա­կը՝ Զա­քա­րեան­ներ եւ ­Վահ­րա­մեան­ներ իշ­խան­նե­րու հրա­մա­նա­տա­րու­թեան տակ, ա­զա­տագ­րեց ­Շամ­խո­րը։ Քա­ղա­քը միա­ցո­ւե­ցաւ ­Գա­գի Վահ­րա­մեան­նե­րու (Վահ­րա­մեան-­Գա­գե­ցի) հա­յոց իշ­խա­նու­թեան։ Շամ­խո­րի մէջ տե­ղա­ւո­րո­ւե­ցաւ ­Վահ­րա­մեան­նե­րու իշ­խա­նու­թեան մաք­սա­տուն-կա­մուր­ջը, որ հա­յոց պատ­մու­թեան յայտ­նի է Դ­­րունք ­Հա­յոց ա­նո­ւա­նու­մով։

Շամ­խո­րը մնաց Վահ­րա­մեան­նե­րու իշ­խա­նու­թեան կազ­մին մէջ մին­չեւ թա­թար-մոն­կո­լա­կան 13-րդ ­դա­րու ա­ւե­րիչ ար­շա­ւանք­նե­րը ­Հայ­քի վրայ։ ­Թա­թար-մոն­կոլ­նե­րու գոր­ծած թա­լա­նէն յե­տոյ, ­Շամ­խո­րը կորսն­ցուց իր նախ­կին փառ­քը եւ դար­ձաւ գա­ւա­ռա­կան ա­ւան։

18-րդ ­դա­րէն սկսեալ, երբ ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տա­նը ձեռ­նար­կեց Անդր­կով­կա­սի վրայ իր տի­րա­պե­տու­թիւ­նը հաս­տա­տե­լու ար­շա­ւանք­նե­րուն, ­Շամ­խո­րի ռազ­մա­վա­րա­կան դիր­քը յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն ստա­ցաւ։ ­Թիֆ­լիզին տի­րա­ցած ռու­սա­կան զօր­քը եր­կա­րա­տեւ պա­տե­րազմ­ներ մղեց ­Շա­հի ­Պարս­կաս­տա­նին դէմ։

Ռուս-պարս­կա­կան պա­տե­րազմ­նե­րը 1806-ին նոր սաստ­կա­ցում ար­ձա­նագ­րե­ցին։ Մեծն Բ­­րի­տա­նիան իր կար­գին կը փոր­ձէր պա­տե­րազ­մի դաշտ մղել Պարս­կաս­տա­նի ­Շա­հը, որ չէր մար­սած ռուս-պարս­կա­կան ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մին իր կրած պար­տու­թիւնն ու իր տի­րա­պե­տու­թեան են­թա­կայ Անդր­կով­կա­սի կո­րուս­տը՝ ռու­սա­կան զօր­քի յաղ­թա­կան գրոհ­նե­րուն հե­տե­ւան­քով։ Անգ­լիա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը ի վեր­ջոյ յա­ջո­ղե­ցաւ եւ պարս­կա­կան 60 հա­զար­նոց բա­նա­կը, թա­գա­ժա­ռանգ Ա­պպաս ­Միր­զա­յի գլխա­ւո­րու­թեամբ, 1826-ի ­Յու­լի­սին, խախ­տե­լով 1813-ին կնքո­ւած ռուս-պարս­կա­կան ­Կիւ­լիս­տա­նի պայ­մա­նա­գի­րը, ներ­խու­ժեց ­Ռու­սաս­տա­նի սահ­ման­նե­րը: Սկ­­սաւ ռուս-պարս­կա­կան երկ­րորդ պա­տե­րազ­մը: ­Պարս­կա­կան բա­նա­կին ա­նս­պա­սե­լի յար­ձա­կու­մը ծանր դրու­թեան մատ­նեց ռու­սա­կան փոք­րա­քա­նակ զօ­րա­մա­սերն ու ա­նոնց կող­մէ նո­ւա­ճ-ւած շրջան­նե­րու բնակ­չու­թիւ­նը:

Պարս­կա­կան զօր­քե­րը ­Յու­լիս 1826-ի վեր­ջե­րուն պա­շա­րե­ցին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Շու­շիի բեր­դը: ­Բեր­դի 1700 հո­գի­նոց կա­յա­զօ­րը եւ հոն ա­պաս­տա­նած շրջա­կայ գիւ­ղե­րու բնա­կիչ­նե­րը դի­մե­ցին ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան: ­Պար­սիկ­նե­րը անգ­լիա­ցի մաս­նա­գէտ­նե­րու գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­կա­նա­պա­տե­ցին բեր­դի պա­րիսպ­նե­րը եւ քա­նի մը ան­գամ գրո­հի ձեռ­նար­կե­ցին, բայց յա­ջո­ղու­թեան չհա­սան: ­Շու­շիի 47 օր տե­ւած պաշտ­պա­նու­թիւ­նը մե­ծա­պէս ձա­խո­ղու­թեան մատ­նեց ­Թիֆ­լի­զի վրայ յար­ձա­կե­լու պարս­կա­կան ծրա­գիր­նե­րը:

Իսկ ­Հա­յաս­տա­նի տար­բեր շրջան­նե­րուն մէջ կազ-մըւե­ցան կա­մա­ւո­րա­կան ջո­կատ­ներ, ո­րոնք խի­զա­խօ­րէն մարտն­չե­ցան պարս­կա­կան զօր­քին դէմ: ­Լո­ռի-­Փամ­բա­կի ճա­կա­տին վրայ քա­ջա­բար կռո­ւե­ցաւ Մար­տի­րոս ­Վե­քի­լեա­նի ջո­կա­տը։ Իսկ ­Ղա­զախ-­Շամ­շա­դի­նի ճա­կա­տին վրայ, յատ­կա­պէս ­Դի­լի­ջա­նի մէջ, հե­րո­սա­կան գրոհ­ներ ի­րա­գոր­ծեց վար­դա­պետ Գ­­րի­գոր Մա­նու­չա­րեա­նի հե­ծեալ ջո­կա­տը։

Եր­կու տա­րի տե­ւած ռուս-պարս­կա­կան երկ­րորդ պա­տե­րազ­մին վճռո­րոշ ճա­կա­տա­մար­տը տե­ղի ու­նե­ցաւ 1828-ի ­Սեպ­տեմ­բեր 3-ին, երբ ­Ցա­րա­կան Ռու­սաս­տա­նի անդր­կով­կա­սեան զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տա­րը՝ հա­յազ­գի նշա­նա­ւոր զօ­րա­վար Վալերիան ­Մա­դա­թո­վի 2000 հո­գի­նոց զօ­րա­ջո­կա­տը ­Շամ­խո­րի մօտ ծանր պար­տու­թեան մատ­նեց Ա­պպաս ­Միր­զա­յի 10 հա­զար հո­գի­նոց զօ­րա­մա­սը:

Մա­դա­թո­վը ռու­սա­կան բա­նա­կի հե­ղի­նա­կա­ւոր զօ­րա­վար­նե­րէն էր: Ա­նոր ռազ­մա­կան տա­ղան­դին բնո­րոշ գի­ծը ա­րա­գու­թիւնն էր. ոչ միայն ա­րա­գօ­րէն վճիռ կա­յաց­նե­լու, այ­լեւ նոյն­քան ա­րա­գու­թեամբ զայն ի­րա­գոր­ծե­լու ա­ռու­մով։ ­Մա­դա­թո­վի զօ­րա­ջո­կա­տին յանձ­նա­րա­րո­ւած էր պաշտ­պա­նա­կան դիր­քեր գրա­ւել Խ­­րամ գե­տի եր­կայն­քով եւ ա­մէն կերպ կա­սեց­նել պարս­կա­կան զօր­քե­րու յա­ռաջ­խա­ղաց­քը դէ­պի ­Թիֆ­լիզ:

Ա­րա­գօ­րէն ա­ռա­ջա­նա­լով ­Ղա­զա­խի ուղ­ղու­թեամբ՝ ­Մա­դա­թով տեղ­ւոյն հա­յե­րէն տե­ղե­կա­ցաւ, որ ­Շամ­խո­րի լեռ­նե­րուն մէջ դա­րա­նա­կալ սպա­սող պարս­կա­կան մե­ծա­թիւ զօ­րա­մաս մը կը պատ­րաս­տո­ւի ա­նակն­կալ յար­ձա­կում գոր­ծե­լու իր զօ­րա­ջո­կա­տին վրայ: Ի­րեն բնո­րոշ գոր­ծե­լաո­ճով՝ ­Մա­դա­թով նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ինք վեր­ցուց եւ, ա­ռանց յա­պա­ղե­լու, նա­խա­յար­ձակ դառ­նա­լով՝ կրցաւ ցի­րու­ցան ը­նել պարս­կա­կան ջո­կա­տը, հող նա­խա­պատ­րաս­տե­լով դէ­պի ­Շամ­խոր յա­ռաջ­խա­ղաց­քի հա­մար:

Սեպ­տեմ­բեր 3-ի լու­սա­բա­ցին, իր հե­տե­ւա­զօ­րը դա­սա­ւո­րե­լով ե­րեք ոչ-մեծ զօ­րա­սիւ­նե­րով, ­Մա­դա­թով ար­ձա­կեց գրո­հի հրա­մա­նը: Ի պա­տաս­խան ռու­սա­կան զօր­քի յա­ռաջ­խա­ղաց­քին՝ պարս­կա­կան զօր­քը հուժ­կու կրակ բա­ցաւ, սա­կայն ­Մա­դա­թո­վը անդրդուե­լի էր ու վճռա­կամ. հեծ­նե­լով իր ղա­րա­բա­ղեան ոս­կե­գոյն նժոյ­գը՝ ­Մա­դա­թով իր զօ­րա­ջո­կա­տը ան­ձամբ ա­ռաջ­նոր­դեց սրըն­թաց գրո­հի: ­Հա­յազ­գի տա­ղան­դա­ւոր զօ­րա­վա­րը միա­ժա­մա­նակ իր ջո­կա­տին ա­ռա­ջին զի­նո­ւորն էր եւ գրո­հի հրա­ման տա­լով՝ ա­մե­նէն ա­ռաջ ինք նե­տո­ւե­ցաւ թշնա­մի գնդակ­նե­րու տա­րա­փին դէմ: Իսկ երբ զինք փոր­ձե­ցին ետ պա­հել՝ ը­սե­լով, թէ՝ «­Ձեզ նկա­տել են, ­Ձերդ բա­րեծ­նու­թիւն, ­Ձեզ վրայ են նշան բռնում», ­Մա­դա­թով անվր­դով պա­տաս­խա­նած է. «Ա­ւե­լի լաւ, որ ինձ տես­նում են. ա­ւե­լի շուտ կը փախ­չեն»:

Շամ­խո­րի ճա­կա­տա­մար­տին յաղ­թա­կան ա­ւար­տը դափ­նեպ­սա­կը դար­ձաւ հա­յազ­գի մե­ծա­նուն զօ­րա­վա­րի­ն։

ՆԱ­ԶԱ­ՐԷԹ ՊԷՐ­ՊԷ­ՐԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2016