ԸՍՏ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՕՐԷՆՔԸ ԴԵՌ ԱՆԿԱՏԱՐ Է
Աստուած՝ Արարիչը յայտնեց Իր Օրէնքը Իր ժողովուրդին, այսպէս պատրաստելով Յիսուս Քրիստոսի Գալուստը։ Արդարեւ Մովսէսի Օրէնքը կ՚արտայայտէ բազմաթիւ ճշմարտութիւններ՝ որոնք բնականաբար մատչելի են բանականութեան։
Այս ճշմարտութիւնները կը գտնուին հռչակուած եւ վաւերացուած փրկութեան Ուխտին մէջ։
«Հին Օրէնք»ը առաջին վիճակն է յայտնեալ օրէնքին։ Անոր բարոյական պատուէրները եւ հրահանգները համառօտուած են տաս պատուիրաններուն մէջ։ «Տասնաբանեայ»ին պատուէրները հի՛մ կը ծառայեն ըստ Աստուծոյ պատկերին կերպաւորուած մարդուն կոչումին։
Այս պատուէրները կ՚արգիլեն ի՛նչ որ հակառա՛կ է Աստուծոյ, Աստուծոյ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին իրականացման եւ գործադրութեան, եւ մերձաւորին սիրոյն ու կը պատուիրեն ի՛նչ որ էական է եւ պատշա՛ճ անոր։
«Տասնաբանեայ»ն ամէն մարդու խղճմտանքին ընծայուած լո՛յս մըն է, յայտնելու համար անոր՝ Աստուծոյ կամքը, կոչը եւ ճանապարհները, եւ պաշտպանելու համար զինք չարին դէմ.
«Աստուած, Օրէնքին տախտակներուն վրայ դրոշմեց ի՛նչ որ մարդիկ չէին կարդար իրենց սրտերուն մէջ», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս։
Արդարեւ ըստ քրիստոնեայ աւանդութեան, «սուրբ», «հոգեւոր» եւ «բարի» Օրէնքը տակաւին անկատա՛ր է։ Որպէս ուսուցիչ, որպէս դաստիարակ, ան ցոյց կու տայ ի՛նչ որ պէտք է ըսել, բայց ինքնին չի տար Սուրբ Հոգիին ուժը, շնորհքը՝ գործադրելու համար զայն։ Մեղքին պատճառաւ, զոր ան չի կրնար վերացնել, օրէնքը կը մնայ «գերութեան օրէնք» մը։ Ըստ Պօղոս Առաքեալի, Օրէնքը յատուկ կերպով իբր պաշտօն ունի մատնացոյց ընելու եւ «յայտնելու մեղքը», որ կը կերտէ մարդուն մէջ «ցանկութեան օրէնք» մը, կամ «կիրքերու օրէնք» մը։ «Դո՛ւք՝ իբրեւ Օրէնքին քաջածանօթ մարդիկ, չէ՞ք գիտեր, եղբայրնե՛ր, որ Օրէնքը մարդուն կը տիրէ՝ որքան ատեն որ մարդը կ՚ապրի…։ Այլ մե՛ղքն էր որ բարի պատուիրանին միջոցաւ ինծի մահ պատճառեց, նախ՝ որպէսզի մեղքին ի՛նչ ըլլալը յայտնուի, եւ ապա՝ պատուիրանին միջոցաւ մեղքին առաւել ծանրութիւնը յայտնուի» (ՀՌՈՄ. Է 1-13)։
Օրէնքը սակայն կը մնայ առաջին հանգրուանը՝ Արքայութեան ճանապարհին վրայ։ Ան «ընտրուած ժողովուրդ»ը եւ իւրաքանչիւր քրիստոնեան կը պատրաստէ եւ տրամադիր կ՚ընէ դառնալու եւ հաւատալո՛ւ Փրկիչ Աստուծոյ։ Ան կը հայթայթէ ուսուցում մը՝ որ մշտակայ է Աստուծոյ Խօսքին մէջ։
Այս իմաստով՝ Հին Օրէնքը «պատրաստութիւն» մըն է Նոր Օրէնքին՝ Աւետարանին։
Արդարեւ Սուրբ Երանոս Լիոնցի կ՚ըսէ. «Օրէնքը մարգարէութիւն եւ դաստիարակութիւն է հանդերձեալ իրականութիւններուն հանդէպ»։
Ուստի Հին Օրէնքը կը մարգարէանայ, այսինքն ապագան կը տեսնէ եւ կը կանխագուշակէ մեղքէ ազատագրումը՝ որ պիտի կատարուի Քրիոտոսով։ Հին Օրէնքը՝ Նոր Օրէնքին, Նոր Կտակարանին կը հայթայթէ պատկերները, մանաւանդ «տիպար»ները, խորհրդանիշերը, արտայայտելու համար կեանքը ըստ Հոգիին։
Օրէնքը կ՚ամբողջանայ վերջապէս ուսուցումով իմաստութեան եւ մարգարէներուն գիրքերուն, որոնք կ՚ուղղեն դէպի Նոր Ուխտը՝ Նոր Օրէնքը եւ երկինքի Արքայութիւնը։
Տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի Հին ու Նոր Ուխտի մասին.
«Հին Ուխտի վարչակարգին տակ եղան մարդիկ՝ որոնք ունէին Սուրբ Հոգիին սէրը եւ շնորհքը եւ կը ցանկային ամէն բանէ առաջ հոգեւոր եւ յաւիտենական խոստումներուն, որոնց միջոցով անոնք կը կապուէին Նոր Օրէնքին։ Ներհակաբար՝ Նոր Ուխտին օրով ալ կան մարմնաւոր մարդիկ, որոնք տակաւին հեռու կը մնան Նոր Օրէնքին կատարելութենէն։ Խրախուսելու համար զանոնք դէպի առաքինի գործերը, պատիժին վախը, երկիւղը եւ կարգ մը ժամանակաւոր խոստումներ անհրաժեշտ եղան մինչեւ իսկ Նոր Ուխտի ժամանակ։ Ամէն պարագային, Հին Օրէնքը նոյնիսկ եթէ սէրը կը պատուիրէր, սակայն չէր տար Սուրբ Հոգին, որուն միջոցով -սէրը կը սփռուի մեր սրտերուն մէջ-, ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը (ՀՌՈՄ. Ե 5) իր նամակին մէջ»։
Նոր Օրէնքը կամ աւետարանական Օրէնքը բնական, բանական եւ յայտնեալ աստուածային օրէնքին կատարելութի՛ւնն է այս աշխարհի վրայ։
Նոր Օրէնքը գո՛րծն է Քրիստոսի եւ կ՚արտայայտուի մասնաւորապէս «Լերան քարոզ»ին մէջ. (ՄԱՆԹ. Ե-Է)։ Նոր Օրէնքը նաեւ գո՛րծն է Սուրբ Հոգիին եւ Անոր միջոցով կը դառնայ «սիրոյ ներքին օրէնք. «Իսրայէլի տան հետ պիտի կնքեմ Նոր Ուխտը…» (ԵԲՐ. Ը 8), եւ «Իրենց միտքերուն մէջ պիտի դրոշմեմ իմ օրէնքներս, իրենց սիրտերուն վրայ պիտի դնեմ զանոնք. ես իրենց Աստուածը պիտի ըլլամ, եւ իրենք՝ իմ ժողովուրդս…» (ԵԲՐ. Ը 10)։
Նոր Օրէնքը՝ Աւետարանը Սուրբ Հոգիին շնո՛րհքն է, որ տրուած է հաւատացեալներուն՝ Քրիստոսի մէջ հաւատքո՛վը։ Ան կը գործէ սիրո՛յ միջոցով, կ՚օգտագործէ Տիրոջ քարոզը՝ ուսուցանելու համար մեզի ի՛նչ որ պէտք է կատարել, եւ խորհուրդները՝ հաղորդելու համար մեզի՝ զայն կատարելու շնորհքը։ Եւ լսենք, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ այս մասին Սուրբ Օգոստինոս.
«Ան որ պիտի ուզէ աստուածպաշտութեամբ եւ զգօնութեամբ խորհրդածել այն քարոզին մասին՝ զոր մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս խօսեցաւ լերան վրայ, ինչպէս որ զայն կը կարդանք Սուրբ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ, անիկա անտարակոյս հո՛ն պիտի գտնէ քրիստոսնեայ կեանքին կատարեալ օրինագիրը…։ Այս քարոզը կը բովանդակէ այն բոլոր պատուէրները՝ որոնք յատուկ են առաջնորդելու քրիստոնեայ կեանքը»։ Ուստի աւետարանական օրէնքը՝ հին օրէնքը իր լրումին կը հասցնէ, կը նրբացնէ, կը գերազանցէ եւ իր կատարելութեան կը հասցնէ։
Լերան քարոզին մէջ «Երանութիւններ»ու կարգին, ան կ՚իրագործէ «աստուածային խոստումները», բարձրացնելով ե՛ւ դասաւորելով զանոնք դէպի «Երկինքի Արքայութիւն»ը։ Ան կ՚ուղղուի անոնց, որոնք տրամադիր են հաւատքով ընդունելու այս «նոր յոյս»ը՝ աղքատները, խոնարհները, սգաւորները, մաքուր սրտերը, հալածուածները Քրիստոսի դատին եւ սիրոյն համար, գծելով այսպէս անակնկալ պատճառող Արքայութեան լոյս եւ յուսալի մաքուր ճանապարհները։
Աւետարանական Օրէնքը՝ Օրէնքին պատուիրանները իրենց լրումին կը հասցնէ։
Տիրոջ քարոզը, ո՛չ միայն չի ջնջեր եւ կամ չ՚արժեզրկեր Հին Օրէնքի բարոյական պատուէրները, այլ անոնցմէ կը քաղէ թաքուն՝ գաղտնի եւ խորհրդաւոր ուժեղականութիւնը եւ անոնցմէ կը ժայթքեցնէ, կը բխէցնէ նոր պահանջներ, եւ կը յայտնէ անոնց աստուածային եւ մարդկային ամբողջական ճշմարտութիւնը։
Ան չ՚աւելցներ արտաքին նոր պատուէրներ, բայց կ՚երթայ մինչեւ բարեփոխելու արարքներու արմատը՝ սի՛րտը, հո՛ն ուր մարդ իր ընտրութիւնը կը կատարէ մաքուրին եւ անմաքուրին՝ բարիին ու չարին միջեւ, ուր կը ձեւաւորուին, կը կազմուին հաւատքը, յոյսը եւ սէ՛րը եւ անոնց հետ միատեղ՝ միւս առաքինութիւնները։
Այսպէս ուրեմն Աւետարանը կ՚առաջնորդէ Օրէնքը իր լիութեան, կատարելութեան, նմանելով երկնաւոր Հօր կատարելութեան, ներելով թշնամիներուն եւ աղօթելով հալածողներուն համար, ըստ օրինակին աստուածային առատաբաշխութեան։
Նոր Օրէնքը կը գործադրէ կրօնին արարքները՝ ողորմութիւնը, աղօթքը եւ ծոմապահութիւնը, ուղղելով զանոնք «Հօր՝ որ կը տեսնէ ծածուկ», ներհակաբար «մարդոցմէ տեսնուելու» բաղձանքին։ Իր աղօթքը՝ «Հայր Մեր»ն է։ Նոր Օրէնքը իր մէջ կ՚ըմբռնէ «երկու ճամբաներ»ու միջեւ վճռական երկընտրանքը եւ գործադրութիւնը Տիրոջ խօսքերուն. ան կը համառօտուի «ոսկեղէն» հետեւեալ «կանոն»ով. «Ուստի ի՛նչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի, նո՛յնը ըրէք դուք անոնց. ա՛յս է այն սկզբունքը որ իր մէջ խտացնէ Օրէնքը ու մարգարէներու ուսուցումները» (ՄԱՏԹ. Է 12)։
Եւ իրապէ՛ս «ոսկի կանոն»ն է՝ որ կ՚ապահովէ եւ կը տեւականացնէ ընկերային ներդաշնակութիւնը եւ կը հաստատէ խաղաղութիւնը՝ կանոնաւորելով ամէն մարդկային փոխյարաբերութիւն։
Եւ այս «համակրական հասկացողութիւն»ը՝ «empathy»ն է ճա՛րը ամէն անհամաձայնութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 11, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024