ԶԱՌԱՆՑԱՆՔԻ ՆՄԱՆՈՂ ՄԵՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Գիրքի սիրահարը յաւերժութիւն գացած է, գիրքերը չէ կրցած իրեն հետ տանիլ:
Եթէ տարած ըլլար, միամիտներ ցաւ պիտի չզգային: Գիրքերն ալ որբ պիտի չմնային:
Ափսո՜ս…
Գիրքի ժառանգութիւնը կը մերժենք, գիրքի փոխարէն՝ կը ժառանգենք բարձրախօսներու փսխած կարգախօսներու հակամշակոյթ անցողական աղմկարարութիւնը:
Ափսո՜ս կրկին…
Հայ գիրի ու գրականութեան սփիւռքեան քուրմերէն յաւերժութիւն գացած վերջիններէն մէկուն գրադարանին մէջ նստած եմ: Գիրքերը երկրորդ պատ մը հիւսած են սենեակին չորս կողմը: Իցիւ թէ սովորութիւն դառնար գիրքերով պատերը պաշտպանել, գէթ զանոնք փողոցին անկիւնը չէինք դներ եւ ցուրտն ալ չէր թափանցեր…
Յոգնած զինուորներու պէս են գրադարանի գիրքերը, իրարու կողքին, նոյն դիրքով անշարժ կանգնած, ոմանք պառկած, կամ՝ գրասեղանի կողքին, վաճառատունէ մը հոն հասած խաւաքարտէ մեծկակ տուփին մէջ դրուած: Ոչ ոք կ՚ուզէ այդ գիրքերուն տէր ըլլալ, բանալ անոնց էջերը: Գիրքը երբ մեր ձեռքէն կ՚իյնայ, կ՚ըլլայ թուղթի կտոր:
Ժամանակ չունինք, արդէն «Կուկըլ»ին վրայ մեզի պէտք եղածը կը գտնենք, գիրքերը ծերերու եւ ժամանակին հետ քայլ չպահողներու համար են: Եւ վե՛րջ:
Հայերէն եւ հայատառ գիրքեր… Բարալիկ գիրքեր, հաստափոր գիրքեր, գեղակազմ գիրքեր չորս պատերուն վրայ, մինչեւ առաստաղ…
Համաստեղի «Մոռացուած էջեր», Երուանդ Օտեանի «Վերնատունէն», «Կավռօշ» տարեգիրք… եւ միւսները, կեանք եւ ինքնութիւն ունեցած ժողովուրդի մը սրտի բաբախումներու յիշատակը, արձանագրութիւնը: Ինչո՞վ կը բաբախեն այդ ժողովուրդի յետնորդներուն սրտերը, ո՞ր կեանքին համար, ո՞ր շարունակութեան: Մէկ կամ երկու սերունդ առաջ մարդիկ յուզում, սէր, ընդվզում եւ ծիծաղ թուղթի վրայ կը քանդակէին յաղթելու համար ժամանակին, կամրջելու համար հոգիները:
Գիրով միացնելու համար ազգը: Գիրքերը՝ օղակ միացման:
«Կավռօշ - տարեգիրք եւ տարեցոյց - 1927»: Էջին՝ իրարու վրայ զոյգ կնիքներ՝ «Արեւ հրատարակչական - 558 Փոսթարկղ. Սթանպօլ» եւ երկրորդը «Կիլիկիա Գրատուն - 97 LEXINGTON AVE. New York, N.Y.»: Համացանցով փնտռեցի: Չկան հրատարակչատունը եւ գրատունը: Կա՞ն անհանգստացողներ անոնց անհետացման համար:
Փորձութիւն: «Կավռօշ տարեգիրք»ի «Յառաջաբանի տեղ» գրութեան էջերը կարդացի: Խորագրուած էր՝ «Ի՞նչ պէտք կայ Կավռօշի տարեգիրքին»…եւ արդարացնելու համար Կավռօշի հրատարակութիւնը, գրուած է.
«-Ի՞նչ պէտք՝ որ մարդիկ իրենց կեանքերը վտանգեն հիւսիսային բեւեռին վրայ թռիչք մը կատարելու համար:
«-Ի՞նչ պէտք՝ որ գիտուններ զոհուին ռատիոմին:
«-Ի՞նչ պէտք՝ անթելին, թելաւորին:
«-Ի՞նչ պէտք՝ լրագրի, վիպասանի, թատրոնի:
«-Ի՞նչ պէտք՝ մոտայի, դերձակի եւ կօշիկի»:
Եւ Երուանդ Թօլայեանի ստորագրութեամբ էջը կը շարունակուի եզրակացնելու համար, որ «Կավռօշ տարեգիրքն ալ պէ՛տք մըն է , ինչպէս՝ հացը, ջուրը, եւ… արքայութիւնը»։
Կը դիտեմ չորս պատերը ծածկած գիրքերը: Անոնք պէ՞տք էին, պէ՞տք են:
Այսօր նոյնիսկ եթէ դեռ բուռ մը հաւատացողներ կան հայերէն գիր ու գիրքին, հայերէն գիրքերը մեծ բացականերն են հայոց տուներէն: «Ի՛նչ պէտք կայ հայերէն գիրքի»:
Աւելի ճիշդ՝ «Ինչո՞ւ հայերէն գիրք հրատարակել, քանի որ կարդացող չկայ»:
Բախտաւոր պարագային հայերէն գիրքը երբ նուէր կը տրուի, քաղաքավարութեամբ ընդունողներ կան:
Հայուն օտարագիր գիրքը կամ հայուն օտարագիր պատմութիւնը կը ծափահարուի, որպէսզի մեր անհետացող հայու հպարտութեան արհեստական շնչառութիւն տանք:
Խմբագիր մը կ՚ըսէր, որ հայերէն թերթը կարդացող չկայ, անգլերէնն ալ կարդացող չկայ: Ի՞նչ հասկնալ: Հասկնալ այն, որ շարունակութիւն չենք, չենք ուզեր ըլլալ, բայց ինքնութիւն կը պահենք ցուցադրութեան համար, ինչպէս՝ թանգարանի մը ապակեփեղկին ետին դրուած հնութիւնը, որմէ ոմանք չեն հրաժարիր:
Բայց կեանքը թանգարանէն դուրս է:
Հայատառ ժամագիրք մըն ալ կայ, 1923-ին հրատարակուած:
Հիմա, երբ եկեղեցի կ՚երթանք, մեր առջեւ կը գտնենք օտարալեզու ժամագիրք: Եւ ոչ ոք կը գայթակղի: Այնքա՜ն բնական է այդ «ինչ պէ՛տք»ի շարունակութիւնը: Զարմացնողն է անբնականը:
Նացիները գրադարաններ կրակի տուին: 7 Մայիս 1933-ին: Այրեցին մեծ գրողներու գիրքերը: Մենք հայերէն գիրն ու գիրքը կ՚այրենք առանց խարոյկի: Մենք այնքա՜ն յոգնած ենք, որ այդ խարոյկը անգամ չենք վառեր: Գիրքերը դրան առջեւ կը դնենք, որ առաւօտուն տանին…
Բայց դեռ օտար հիւրերու առջեւ օտար լեզուներով կը շարունակենք պոռչտալ, որ մենք ունինք մեծ մշակոյթ: Մեռածներուն մշակոյթը: Իսկ մշակոյթը կը շնչէ ապրողներով:
Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ «նահանջ»ը:
Ի՞նչ կը սպասեն հակամշակոյթ դարձած «էսթեպլիշմընթ»ները՝ սանձելու համար նահանջը:
Յարութիւն կ՚առնէ՞ Լեքսինթընի «Կիլիկիա գրատունը»:
Գիրքերով ծածկուած պատերէն աչք կը քթթեն՝ Թումանեան, Վարուժան, Շահնուր, Սնապեան, Պէշիկթաշլեան, Աճառեան, գիրքերու ետեւ թագնուածներ:
Անոնք չեն գիտեր, որ մեծ ըլլալու փառասիրութիւն ունեցողներ լատինատառ հայերէն ճառ կը խօսին մեր Դատին եւ հայ գրողին մասին…
Բայց «Կավռօշ»ը չկայ, որ զիրենք անմահացնէ… Եղեռնը դար մը առա՞ջ էր… Կը նայի՞նք մեր շուրջ: Այսօ՛ր:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
7 Մայիս 2016, Քուինզ, Նիւ Եորք