ՄԵԾՆ ՆԵՐՍԷՍ ԵՒ ԻՐ ԳՈՐԾԸ
Յոյներու եւ Պարսիկներու հաճութեամբ ու հաւանութեամբ ե՛ւ միջամտութեամբ 350 թուականին, կուրացած Տիրանի մանկահասակ որդին Արշակ թագաւոր դարձաւ։ Արշակի թագաւոր դառնալէն յետոյ երկրի մէջ խաղաղութիւնը վերահաստատուեցաւ։ Եւ քաղաքական այս վերանորոգութեան ու վերակենդանութեան համընթաց կատարուեցաւ եւ Հայ Եկեղեցիի վերանորոգութիւնը։ Ուստի, «մեծամեծ»ներ հաւաքուեցան նոր Կաթողիկոս ընտրելու համար։ Ժողովը, Մամիկոնեաններու ազդեցութեամբ, այն կարծիքին յաղթեց, թէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի տոհմէն պէտք է ընտրել առաջնորդ, որը միայն կրնա՛յ բարոյական ու հոգեւոր վերանորոգութիւն մտցնել Հայ ժողովուրդի մէջ։
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի տոհմէն այդ ժամանակ յայտնի էր Աթանագինէի որդին Ներսէս իշխանը, որ փեսայացեր էր Մամիկոնեաններու եւ Արշակի սենեկապետ («սենեկապետ»= արքունիքի՝ թագաւորի պալատի ընդհանուր վերակացու)։
Փաւստոս պատմիչը յափշտակութեամբ կը ներկայացնէ անոր բնական ու բարոյական առաւելութիւնները, ինչպէս եւ ընտրութեան մանրամասնութիւնները, ընդհանուր գիծերը։
Ընտրութեան ժամանակ Ներսէս իբրեւ սենեկապետ՝ ոսկեպատեան եւ մարգարտազարդ կամարով «արքունի սուր»ը ձեռին, կանգնած էր թագաւորին ետեւը։ Եւ երբ ժողովականները միաբերան աղաղակեցին, թէ Ներսէսը պէ՛տք է ըլլայ իրենց հայրապետ, ան բացէ ի բաց հրաժարեցաւ՝ իր անձը անարժան համարելով։ Մինչդեռ իր այս համեստութիւնն իսկ ցոյց կու տար իր մեծութիւնը եւ արժանիքը։
Հակառակ Ներսէսի հրաժարումին, զօրքը կը շարունակէր պնդել։ Արշակ, տեսնելով ժողովուրդի այս ջերմ ու անկեղծ փափաքը, ցանկութիւնը եւ ասոր փոխարէն Ներսէսի յամառ կեցուածքը՝ քաշեց առաւ անոր ձեռքէն «արքունի սուր»ը, հրամայեց զինուորական տարազը վրայէն հանել եւ կղերական (=հոգեւորական, կղերի պատկանող, կղերիկոսական) զգեստ հագցնել։ Կանչել տուաւ Փաւստոս Եպիսկոպոսը եւ պատուիրեց սարկաւագ ձեռնադրել Ներսէսը, եւ այսպէս ահա Ներսէսը ակամա՛յ եկեղեցական կոչումը ստացաւ։
Հայ եպիսկոպոսներու Ժողովը եւս ան արժանաւոր գտաւ հայոց հայրապետութեան, եւ այնուհետեւ նշանաւոր նախարարներու ուղեկցութեամբ Ներսէս Կեսարիա գնաց եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստանալու։
Պատմական այս բոլոր անցքերը տեղի ունեցան 351 թուականին։
Իբրեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի շառաւիղ՝ Ներսէսը բնականաբար պէտք է հետեւէր իր տոհմի ուղղութեան։ Մինչդեռ Աղբիանոսեան տոհմի կաթողիկոսները խոյս տուած էին յանդիմանութիւններէ՝ խուսափելով իրենց դէմ կատարուած հակառակութիւնները գրգռելէ, Ներսէսը միշտ տեսնելով վատթար եւ անիրաւ ու անարդար գործերու դէմ պայքարող.
«Չափազանց յառաներուն՝ ահու սարսափով կը համոզէր ան, իսկ ունկնդիրներուն հանդէպ աւելի մեղմ՝ քարոզութեամբ կը համոզէր անոնք»։
Նորընտիր Հայրապետը իր իշխանութեան երրորդ տարին՝ 352 թուականին՝ Աշտիշատի Ժողովը գումարեց, նախ՝ բարեկարգութեան համար կանոններ որոշել, եւ երկրորդ՝ «հաւատոյ հանգանակ» սահմանելու նպատակով։
Աշտիշատի Ժողովը, ընդհանուր բարեկարգութեան համար նախ ընդունեց «Առաքելական» կոչուած կանոնները եւ ապա տեղական պահանջներու եւ պէտքերու համար հետեւեալները սահմանեց։
1.- Յարմար եւ պատեհ տեղեր «աղքատանոց»ներ ու որբանոցներ հաստատել, կառուցանել։
2.- Գիւղերու եւ աւաններու մէջ «օտարանոց»ներ ու հիւանդանոցներ կառուցանել՝ որ պանդուխտներն ու օտարականները բացօթեայ չմնան, այլ պատսպարուին ու խնամուին։
3.- Հաստատել՝ հիւանդանոցներ եւ ուրկանոցներ։ (Ուրկանոց=բորոտանոց, մորթի ծանր հիւանդութեան բուժարան)։ Արդարեւ ուրուկները (ուրուկ=բորոտ, քոսոտ) սաստիկ կը հալածուէին գիւղացիներու եւ բնակիցներու կողմէ, կը վտարուէին ու կը վռնտուէին գիւղերէ եւ կ՚արտաքսուէին քաղաքներէ՝ որպէսզի իրենց վարակիչ եւ փոխանցիկ հիւանդութիւնը ուրիշներուն չփոխանցեն, եւ այդ թշուառները կը մեռնէին անխնամ։
Ահա այդ խեղճերուն համար մեծ հոգ տարաւ Ներսէս Հայրապետ, որպէսզի անոնց վիճակը թեթեւցնէ եւ դիւրատար ընէ։ (Ներսէս Հայրապետ՝ Մեծն Ներսէս՝ Սուրբ Ներսէս Ա Պարթեւ. 353-373)։
Եւ այս հաստատութիւններուն բովանդակութիւնը եւ կառոյցը պահպանելու եւ գոյատեւումը ապահովելու համար՝ Ժողովը տուրքեր սահմանեց անդաստանի՝ մշակուած հողերու, արտերու բերքերէն, կթաններէն («կթան»=կաթ տուող կենդանի, կաթնտու) եւ այն։ Եւ այդ հիմնարկումներու ու հաստատութիւններու ընդհանուր խնամակալութիւնը յանձնուեցաւ առանձին տեսուչներու։
4.- Արգիլել՝ հեթանոսական սովորութեամբ մեռելներ թաղել եւ անյուսութեամբ ողբալ, երես ցտել («ցտել»=պոկել, յօշոտել, բզքտել), հանդերձ, զգեստ պատռել, այլ՝ հաւատալ հանդերձեալ կեանքին, յարութեան, յաւիտենականութեան եւ ըստ այնմ վարուիլ։
5.- Ամուսնութեան կեանքի մէջ հաւատարիմ ըլլալ եւ իրարու չդաւաճանել. փախչիլ ազգականական ամուսնութիւններէ, մանաւանդ «նու»ի հետ ամուսնանալէ։ («Նու»=տան հարսը. նկատուած փեսային միւս պարագաներէն, բացի փեսային ծնողքէն. տան հարսին «Նու» կ՚ըսուի ընտանիքին անդամներուն կողմէ. հարս, զաւակին կինը՝ ծնողքին կողմէ դիտուած։ «Նու»ն անունն է նաեւ՝ հայ այբուբենի 22-րդ գիրին)։
Անցեալին՝ Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ Պարսկաստանի մէջ, շատ տարածուած էր մերձաւոր ամուսնութիւնները՝ մինչեւ իսկ քրոջ եւ եղբօր մէջ (վկայութիւն՝ «Թուղթ Միհրներսեհի), աները («աներ»=մէկուն կնոջը հայրը) եւ կամ տագրը («տագր»=հարսի մը ամուսնոյն եղբայրը. տեգր) կարող էր իր այրիացած նուի այսինքն՝ հարսին հետ ամուսնանալ, ինչպէս էր հրեաներու մէջ։ (Հոս կ՚արժէ յիշել Յիսուսի խօսքը, որ կ՚ըսէ այս մասին.- Երբ մեռելները յարութիւն առնեն, այլեւս պիտի չամուսնանան, այլ՝ երկինքի հրեշտակներուն պէս պիտի ըլլան՝ անոնց նման։ …Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ, այլ՝ ողջերուն…). (ՄԱՏԹ. ԻԲ 23-33)։
Ահաւասիկ այս աստիճանի ամուսնութիւններ արգիլուեցան Աշտիշատի Ժողովին կողմէ։
6.- Հեռու մնալ ընդհանրապէս արբեցութիւններէ, պոռնկութիւններէ, սպանութիւններէ եւ այլ այսպիսի չար գործերէ եւ արարքներէ՝ որոնք շատ տարածուած էին այն ժամանակներուն։
7.- Գթասրտութեամբ վարուիլ ծառաներու (ստրուկներու) հետ եւ չափազանց ծանր հարկերով չնեղել ժողովուրդը։
Այս կանոնը հարկաւ կը վերաբերէր Թագաւորին եւ հայ նախարարներուն՝ որոնք երկրի, այսինքն՝ հողերու եւ ծառաներու տէր էին։
8.- Հաստատել վանքեր, մենաստաններ ու կուսանոցներ՝ կրօնաւորներու միատեղ բնակարաններ։
9.- Շինել այլ եւ այլ տեղեր դպրոցներ, դպրանոցներ՝ յունարէն եւ ասորերէն ուսուցանելու համար։ Ասիկա պահանջք մըն էր այն ժամանակ, քանի որ եկեղեցական պաշտամունքը, արարողութիւնները ու ծէսերը այդ լեզուներով կը կատարուէր։
10.- Կարգաւորել հայոց եկեղեցիները ընդհանուր քրիստոնէական եկեղեցիի կարգերով. ըստ այնմ ժամասացութեան թիւը աւելցնել եւ հանդիսաւոր կերպով կատարել. բազմացնել եկեղեցիներու թիւը եւ եպիսկոպոսներու պատիւը բարձրացնել…։
Այսպիսի հրահանգիչ կանոններով Աշտիշատի Ժողովը աշխատեցաւ հայ ժողովուրդը բարոյապէս բարձրացնել եւ քրիստոնէական գաղափարները անոր մէջ մարմնացնել։
Ինչպէս աւելի առաջ յիշեցինք, Աշտիշատի Ժողովի (352) զբաղման միւս նիւթը՝ հանգանակի խնդիրն էր։ («Հանգանակ»=բանաձեւուած հաւատալիք, դաւանանք)։
Արդարեւ Նիկիոյ Ա. Տիեզերական Ժողովը, թէ՝ «հաւատոյ հանգանակ» կազմեց, Հայ Եկեղեցին ալ ընդունեց Արիստակէսի ձեռքով, բայց աւելի վերջ շատ մեծ հակառակութիւններ կրեց…։
- Սկզբնաղբիւր՝ «Հայոց Եկեղեցու Պատմութիւն»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 11, 2016, Իսթանպուլ