ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵՆՈՒԹԵԱՆ

Հա­յաս­տա­նի մարմ­նա­մար­զու­թեան հա­ւա­քա­կա­նը՝ գլխա­ւոր մար­զիչ Յա­կոբ Սե­րո­բեա­նի գլխաւո­րու­թեամբ, այժմ կը նա­խա­պատ­րաս­տուի Եւ­րո­պա­յի ա­խո­յե­նու­թեան:

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջը հա­ղոր­դեց, որ այս ա­խո­յե­նու­թեան Հա­յաս­տա­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն Յա­րու­թիւն Մեր­տի­նեան, Ար­թուր Դաւ­թեան, Ար­թուր Թով­մա­սեան, Վա­հագն Դաւ­թեան եւ Ար­մէն Պետ­րո­սեան: Ե­րի­տա­սար­դա­կան ա­խո­յե­նու­թեան Ար­թուր Ա­ւե­տի­սեան, պի­տի ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նի միակ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը:

Այս ա­խո­յե­նու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Զուի­ցե­րիոյ Պեռն քա­ղա­քին մէջ՝ Մա­յի­սի 25-29 թուա­կան­նե­րուն:

Հայ­կա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը Զուի­ցե­րիա պի­տի մեկ­նի Մա­յի­սի 21-ին:

Ուրբաթ, Մայիս 20, 2016