ՏՆՏԵՍԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՇՆԱՆ ՊԻՏԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տան Դի­լի­ջա­նի Ու­սում­նա­հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րո­նէն ներս վեր­ջին շրջան­նե­րուն բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տանք կը տա­րուի լուրջ թա­փով։ Այս շրջագ­ծով, յա­ռա­ջի­կայ աշ­նան Հա­յաս­տա­նի մէջ պի­տի հիւ­րըն­կա­լուին տնտե­սա­գի­տու­թեան ո­լոր­տի մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կու­թիւն­ներ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Սեպ­տեմ­բե­րի 15-16-ին նա­խա­տե­սուած է «Մաք­րոտն­տե­սա­գի­տու­թեան ար­դի նիւ­թե­րը» խո­րագ­րեալ հա­մաշ­խա­րա­հա­յին հա­մա­ժո­ղով մը Դի­լի­ջա­նի մէջ։

Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տան Դի­լի­ջա­նի Ու­սում­նա­հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րո­նի ղե­կա­վար Մար­թին Գալս­տեան այս առ­թիւ ընդգ­ծեց, թէ եր­կի­րը ա­ռա­ջին ան­գամ պի­տի հիւ­րըն­կա­լէ հա­մաշ­խար­հա­յին համ­բա­ւի տէր տնտե­սա­գէտ­նե­րու նման խումբ մը։ Հրա­ւիրուած են ա­կա­դե­մա­կան աշ­խար­հէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տու­նե­րու աշ­խա­տա­կից­ներ ե­ւ այլք։

Ուրբաթ, Մայիս 20, 2016