Հայ Սամպոյիստները Եւրոպայի Առաջնութենէն ՆՈՒԱՃԵՑԻՆ ՈՒԹ ՄետՅալ

Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նու­թեան Քա­զան քա­ղա­քին մէջ Մա­յի­սի 12-16 թուա­կան­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ Սամ­պո­յի Եւ­րո­պա­յի տղա­մար­դոց, կա­նանց եւ մար­տա­կան սամ­պո­յի ա­ռաջ­նու­թիւ­նը, ո­րուն Հա­յաս­տա­նը ներ­կա­յա­ցաւ իր լա­ւա­գոյն մար­զիկ­նե­րով:

Մրցու­մի ա­ռա­ջին իսկ օ­րը՝ 52 քկ. քա­շա­յին կար­գով հան­դէս ե­կող Տիգ­րան Կի­րա­կո­սեան (Վա­նա­ձոր)՝ գե­րա­զանց ի­րա­կա­նաց­նե­լով բո­լոր գօ­տե­մար­տե­րը՝ եզ­րա­փա­կիչ պայ­քա­րին պար­տուե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նը ներ­կա­յաց­նող Վա­լե­րի Սո­րոն­կո­վէն՝ ար­ժա­նա­նա­լով ար­ծա­թէ մե­տայ­լի:

90 քկ. քա­շա­յին կար­գով հան­դէս ե­կող Է­տիկ Պետ­րո­սեան (Սպի­տակ) նուա­ճեց պրոն­զէ, իսկ մար­տա­կան սամ­պո­յի 57 քկ. քա­շա­յին կար­գով Մխի­թար Մխի­թա­րեան (Սպի­տակ) 3-րդ տե­ղի հա­մար պայ­քա­րին՝ յաղ­թե­լով ուք­րա­նա­ցի մար­զիկ Պոկ­տան Պա­պեպ­կո­յին՝ նուա­ճեց պրոն­զէ մե­տայլ:

Մրցու­մին երկ­րորդ օ­րը հայ հա­ւա­քա­կա­նին հա­մար նոյն­պէս յա­ջող էր: Մար­զիկ­նե­րէն ե­րե­քը յա­ջո­ղե­ցան նուա­ճել ե­րեք պրոն­զէ մե­տայլ՝ 57 քկ. Մաք­սիմ Մա­նու­կեան (Կիւմ­րի) եւ 74 քկ. Ար­սէն Ղա­զա­րեան (Վա­նա­ձոր) լաւ ի­րա­կա­նաց­նե­լով գօ­տե­մար­տե­րը՝ 3-րդ տե­ղի հա­մար պայ­քա­րին ար­ժա­նա­ցան պրոն­զէ պար­գեւ­նե­րու, իսկ մար­տա­կան սամ­պո­յի 62 քկ. քա­շա­յին կար­գով հան­դէս ե­կող Վա­հան Նի­կո­լա­յեան (Ա­բո­վեան)՝ փայ­լուն յաղ­թա­նակ տա­նե­լով 3-րդ տե­ղի հա­մար պայ­քա­րին՝ ար­ժա­նա­ցաւ պրոն­զէ մե­տայ­լի:

Մրցու­մա­յին վեր­ջին օ­րը մար­զիկ­նե­րէն եր­կու­քը հա­սան յա­ջո­ղու­թեան եւ նուա­ճե­ցին եր­կու մե­տայլ եւս: Մար­տա­կան սամ­պո­յի մէջ հան­դէս ե­կող 52 քկ. Գրի­գոր Մխիթարեան (Կիւմ­րի) եզ­րա­փա­կիչ պայ­քա­րին պար­տուե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նը ներ­կա­յաց­նող Ար­տուշ Ար­սեա­նին, իսկ 68 քկ. քա­շա­յին կար­գով Վա­չիկ Վար­դա­նեան (Ե­ղուարդ)՝ եզ­րա­փա­կի­չին զի­ջե­լով ռուս մար­զիկին, ար­ժա­նա­ցան ար­ծա­թէ պար­գեւ­նե­րու:

Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նը յաղ­թա­նա­կած վե­րա­դար­ձաւ՝ իր հետ բե­րե­լով 8 մե­տայլ, ո­րուն՝ ե­րե­քը ար­ծա­թէ, հին­գը պրոն­զէ:

Շաբաթ, Մայիս 21, 2016