ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՀ

Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին մէջ կը կարդանք.-

Ու­ժա­նիւ­թի հար­ցե­րու մի­ջազ­գա­յին մաս­նա­գէտ, «Հա­յաս­տան» համահայկական հիմ­նադ­րա­մի Ֆրան­սա­յի մասնաճիւղի պա­տաս­խա­նա­տու Պետ­րոս Թեր­զեան վեր­ջերս Ար­ցախ կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ա­ւար­տին հար­ցազ­րոյց մը ու­նե­ցած է «Սի­վիլ­նէ­թ»ի լրագ­րող Թա­թուլ Յա­կո­բեա­նի հետ։ Ստո­րեւ կը ներկայացնենք Շու­շիի «Եզ­նիկ Մո­զեա­ն» ար­հես­տա­գոր­ծա­կան ու­սում­նա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած այդ տե­սազ­րոյ­ցէն գրա­ւոր հա­տուած­ներ։

*

- Դուք յա­ճախ կ՚այ­ցե­լէք Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ, սա­կայն ապ­րի­լեան չոր­սօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ետք ա­ռա­ջին ան­գամն է որ Շու­շի կը գտնուիք։ Ի՞նչ են ձեր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։

-Եր­կու օ­րուան ըն­թաց­քին մենք հան­դի­պում ու­նե­ցանք վի­րա­ւոր զի­նուոր­նե­րու, Թա­լի­շի շրջա­նի վի­րա­ւոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րու, հի­ւան­դա­նոց­նե­րու անձ­նա­կազ­մե­րու, բժիշկ­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, զի­նուո­րա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու հետ՝ անհրա­ժեշտ կա­րիք­նե­րու մա­սին գա­ղա­փար կազ­մե­լու մտադ­րու­թեամբ։ Անդ­րա­դար­ձանք, թէ շտապ դե­ղօ­րայ­քի կա­րիք կայ եւ առ այդ ան­մի­ջա­պէս գու­մար յատ­կա­ցու­ցինք եւ քա­նի մը օ­րէն դե­ղե­րը կը հաս­նին Ղա­րա­բաղ։ Մենք կը պատ­րաս­տուինք նաեւ ձեռ­նար­կե­լու վե­րա­շի­նու­թեան գոր­ծին, ան­մի­ջա­պէս որ կա­ցու­թիւ­նը կա­յու­նա­նայ։ Նկա­տե­ցինք, որ ժո­ղո­վուր­դը վճռա­կամ է, բարձր տրա­մադ­րու­թիւն ու­նի, բայց միա­ժա­մա­նակ վրդո­ված է, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ դժբախ­տա­բար Հա­յաս­տա­նի, ինչ­պէս նաեւ Սփիւռ­քի մէջ պէտք ե­ղա­ծը չի կա­տա­րուիր։ Հա­յաս­տա­նը Ղա­րա­բա­ղի գլխա­ւոր թի­կունքն է եւ հոն գո­յու­թիւն ու­նե­ցող հար­ցե­րը ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կ՚ազ­դեն Ար­ցա­խի վրայ։ Չոր­սօ­րեայ պա­տե­րազ­մին ի յայտ ե­կած թե­րու­թիւն­նե­րը մտա­հո­գիչ են եւ պէտք է ան­մի­ջա­պէս սրբագ­րը-ւին։ Միւս կող­մէ պէտք է ը­սել թէ այդ թե­րու­թիւն­նե­րը տրա­մա­բա­նա­կա­նօ­րէն զար­մա­նա­լի չէին, ո­րով­հե­տեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ քա­ղա­քա­կան եւ բա­րո­յա­կան ա­ռու­մով փտա­ծու­թիւն կայ եւ կա­րե­լի չէ, որ այդ մթնո­լոր­տին մէջ միայն խաւ մը հրաշ­քով ա­նա­ղարտ եւ մա­քուր գոր­ծէ…։ Ինչ­պէս ը­սի, ան­մի­ջա­պէս պէտք է սրբագ­րել այդ բաց­թո­ղում­նե­րը, քա­նի որ ան­կա­րե­լի է այս ձե­ւով շա­րու­նա­կել։

Կայ նաեւ Սփիւռ­քի պա­րա­գան։ Ճիշդ է, որ սփիւռ­քա­հա­յե­րու մաս մը գի­տակ­ցե­ցաւ կա­տա­րուա­ծին, փո­ղոց ի­ջաւ եւ ցոյ­ցե­րով իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց Ար­ցա­խին։ Բայց Սփիւռ­քի մէջ եւս թե­րա­ցում­ներ կան։ Օ­րի­նա­կի հա­մար, շատ զար­մա­նա­լի է, որ մեծ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ լուռ են, ի­րենց ձայ­նը լսե­լի չէ, ան­տե­սա­նե­լի է ի­րենց ներ­կա­յու­թիւ­նը Ղա­րա­բա­ղի մէջ՝ որ­պէս թի­կունք ժո­ղո­վուր­դին։ Երկ­րորդ թե­րու­թիւ­նը այն է, որ մենք Սփիւռ­քի մէջ՝ «շատ հայ ենք եւ քիչ քա­ղա­քա­ցի են­ք»։ Իմ օ­րի­նա­կը բե­րե­լով ը­սեմ, թէ ես հայ եմ բայց միա­ժա­մա­նակ Ֆրան­սա­յի քա­ղա­քա­ցի եմ եւ առ այդ ի­րա­ւունք­ներ ու­նիմ։ Իմ ի­րա­ւունքս է հարց տալ Ֆրան­սա­յի պե­տու­թեան թէ ար­դեօք կ՚անդ­րա­դառ­նա՞յ, որ Ղա­րա­բա­ղի մէջ քա­ղա­քակր­թու­թիւն մը կ՚ապ­րի, կը ծաղ­կի եւ տեղ­ւոյն ժո­ղո­վուր­դը կը հա­ւա­տայ Եւ­րո­պա­յի ար­ժէք­նե­րուն, հոն ի­րա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն մը կայ՝ ընդ­դի­մու­թիւն եւ իշ­խող կու­սակ­ցու­թիւն միա­սին կ՚աշ­խա­տին, զի­րար կը քննա­դա­տեն, բայց միաս­նա­բար կը գոր­ծեն։ (…) Ար­ցա­խի մէջ ար­դար ընտ­րու­թիւն­ներ կան, կա­շա­ռա­կե­րու­թիւն գրե­թէ գո­յու­թիւն չու­նի։ Եւ մեր պար­տա­կա­նու­թիւնն է այս բո­լո­րին մա­սին խօ­սիլ մեր ապ­րած եր­կիր­նե­րու պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ։ Լաւ է որ ցոյց կ՚ը­նենք Թուր­քիոյ եւ Ա­տըր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նա­տու­նե­րուն դի­մաց, բայց միա­ժա­մա­նակ պէտք է նաեւ ցոյ­ցեր կազ­մա­կեր­պել Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան առ­ջեւ եւ պա­հան­ջել, որ փո­փո­խու­թեան են­թար­կէ Ար­ցա­խի նկատ­մամբ իր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ Դժբախ­տա­բար այս­պի­սի հաս­կա­ցո­ղու­թիւնն է, որ տա­կա­ւին զար­գա­ցած չէ։

-Այդ չոր­սօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ի՞նչ դա­սեր կա­րե­լի է քա­ղել։

-Նախ պէտք է անդ­րա­դառ­նանք, որ հա­յոց պատ­մու­թեան է­ջե­րէն մէ­կը կը գրուի այս հո­ղին վրայ։ Պէտք է այս գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­նանք, կա­տա­րուա­ծին տա­րո­ղու­թիւ­նը ըմբռ­նենք եւ ըստ այնմ շար­ժինք։ (…) Այ­սօր պա­հը հա­սած է, որ մենք նոյ­նիսկ մեր ա­մե­նէն փոքր ու­ժը օգ­տա­գոր­ծենք։ Օ­րի­նակ՝ Սփիւռ­քի մէջ մեր ու­նե­ցած կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­զիւ հինգ տո­կո­սը կ՚օգ­տա­գոր­ծենք։ Սփիւռ­քի մէջ կայ հսկա­յա­կան հա­տուած մը, որ ո­րե­ւէ կապ ու­նի ո՛չ Հա­յաս­տա­նի եւ ո՛չ ալ Ղա­րա­բա­ղի հետ, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնց լե­զուով խօ­սող­ներ չու­նինք, որ բա­ցատ­րու­թիւն տան ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու մա­սին։ (…) Ներ­կա­յիս մենք յետսո­վե­տա­կան մի­ջոց­նե­րով կ՚աշ­խա­տինք։ Պէտք է մեր մօ­տե­ցում­նե­րուն մաս կազ­մէ նաեւ հա­մա­մարդ­կա­յի­նը։ Պէտք է ցե­ղաս­պան պե­տու­թեան շա­հե­րը պաշտ­պա­նող եր­կիր­նե­րէն հա­շիւ պա­հան

Շաբաթ, Մայիս 21, 2016