Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎՆԵՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Պրիւքսէլի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը մասնակցի Եւրոպական Միութեան եւ անոր Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։
Հարկ է նշել, որ Եդուարդ Նալպանտեան վերջերս Սոֆիայի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոխորհուրդի գործադիր մարմնի՝ Նախարարներու կոմիտէի 126-րդ ժողովին։ Այդ հանդիպումէն վերջ, Երեւանի մէջ ալ մասնաւոր արարողութիւնով մը նշուեցաւ Հայաստանի՝ Եւրոխորհուրդի անդամակցութեան 15-ամեայ յոբելեանը, Եւրոխորհուրդի կողմէ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու մասնակցութեամբ։
Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016