ԻՆՉԻ՞ ՄԱՍԻՆ ԿԸ ԽՕՍԻ «ԹԻՒ-17» ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ

Ա­մէն բան սկիզբ կ­­՚առ­նէր, երբ բրի­տա­նա­կան The Independant պար­բե­րա­կա­նը կը գրէր, թէ Նիւ Եոր­քի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ Ռու­տի Ճիւ­լիա­նի սէուտ­ցի իշ­խա­նէ մը 10 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար ստա­նա­լու խոս­տում մը ստա­ցած էր: Սէուտ­ցի իշ­խա­նը, ո­րուն ա­նու­նը ցարդ կը մնայ ան­յայտ, Ճիւ­լիա­նիէն կը պա­հան­ջէր կա­րե­ւոր ճնշում­ներ ի­րա­գոր­ծել 2001 թուա­կա­նին Նիւ Եոր­քի Twin Tower-ի յար­ձակ­ման հետ սէուտ­ցի ա­հա­բե­կիչ­նե­րու ա­ռըն­չու­թեան մա­սին բո­լոր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը թաքց­նե­լու հա­մար: Ա­ւե­լի ուշ Ճիւ­լիա­նի կը յայ­տա­րա­րէր, թէ ինք գու­մար ա­ռա­ջար­կող իշ­խա­նին ը­սած է, թէ ա­մե­րի­կա­ցի ժո­ղո­վուր­դին ճշմար­տու­թիւ­նը գիտ­նա­լու ի­րա­ւուն­քը դրա­մէն կա­րե­ւոր է: Տասն­հինգ տա­րի­ներ ան­ցած են այդ դէպ­քէն, սա­կայն ցայ­սօր գրո­հը կազ­մա­կեր­պող հիմ­նա­կան կող­մին մա­սին յստակ տե­ղե­կու­թիւն­ներ չեն հրա­պա­րա­կուած: Դէպ­քէն ան­մի­ջա­պէս ետք գլխա­ւոր մե­ղադ­րան­քի սլա­քը կ՚ուղ­ղուէր՝ Ու­սա­մէ Պըն Լա­տինի հիմ­նած «Էլ Քա­ի­տէ» շար­ժու­մին: Զար­մա­նա­լի չէր նաեւ, որ Ու­սա­մէ Պըն Լա­տին ա­ւե­լի վերջ՝ 2011 թուա­կա­նին, կը սպան­նուէր ա­մե­րի­կեան գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան կող­մէ կա­տա­րուած յա­տուկ գոր­ծո­ղու­թեամբ, իր հետ տա­նե­լով բո­լոր այն կա­րե­ւոր տուեալ­նե­րը, ո­րոնք կրնա­յին բա­ցա­յայ­տել դա­րու մե­ծա­գոյն ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը հա­մա­րուած Նիւ Եոր­քի յար­ձակ­ման իս­կա­կան հան­գա­մանք­նե­րը:

Ի՞նչն էր, որ մէջ­տեղ կը հա­նէր «Թիւ-17» թղթած­րա­րը եւ ին­չո՞ւ այդ մէ­կը կը կա­տա­րուէր այս հանգ­րուա­նին:

Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա-Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը հա­կա­ռակ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի վեր­ջերս Ռիատ տուած այ­ցե­լու­թեան, կ՚ապ­րին բա­ւա­կան դժուար ժա­մա­նակ­ներ: Յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը սրէին յատ­կա­պէս՝ 5+1 եր­կիր­նե­րու եւ Ի­րա­նի Իս­լա­մա­կան Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջեւ ստո­րագ­րուած կո­րի­զա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեան հե­տե­ւան­քով: Այդ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը, ո­րուն կտրա­կա­նա­պէս դէմ էր Ռիատ եւ ի­րեն հե­տե­ւող սիւն­նի աշ­խար­հի միւս եր­կիր­նե­րը, նոր փուլ մը կը բա­նա­յին տա­րած­քաշր­ջա­նին մէջ: Հի­մա հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը մեր ե­տին է, սա­կայն ե­րե­ւե­լի է, որ Ո­ւա­շինկ­թը­նի հա­մար կա­րե­ւոր եւ ճնշիչ զէնք կը հան­դի­սա­նան 11 Սեպ­տեմ­բե­րին կա­պուած թղթած­րար­նե­րը: Խօ­սե­լով «Թիւ-17» թղթած­րա­րին մա­սին՝ պէտք է նշել, որ հոն ե­ղած բո­լոր կէ­տե­րը կապ ու­նին սէուտ­ցի այն իշ­խանն­նե­րուն հետ, ո­րոնք տար­բեր մի­ջոց­նե­րով նե­ցուկ կանգ­նած են Նիւ Եորք տե­ղա­կա­յուած ա­հա­բեկ­չա­կան բջիջ­նե­րու: Այս թղթած­րա­րէն սպրդած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն, սէուտ­ցի իշ­խան­ներ մե­ծա­գու­մար յատ­կա­ցումներ կա­տա­րած են իս­լա­մա­մէտ տար­րե­րուն եւ այդ գոր­ծի գլխա­ւոր շա­րժիչ ու­ժը ե­ղած է Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ նախ­կին գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան պետ Պան­տար Պըն Սուլ­թա­նի կի­նը՝ Հայ­ֆա Պըն Սուլ­թան, որ ան­ձամբ ղե­կա­վա­րած է գու­մար­նե­րը Նիւ Եորք հաս­տատուած կաս­կա­ծե­լի­նե­րուն փո­խան­ցե­լու գոր­ծը:

Պան­տար Պըն Սուլ­թան, որ Սէու­տա­կան թա­գա­ւո­րու­թեան Ա­մե­րի­կա­յի հետ կա­պի հիմ­նա­կան լծակն է ու «ճար­տա­րա­պետ»ը, 1983-2005 ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին վա­րած է Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մօտ թա­գա­ւո­րու­թեան դես­պա­նի պաշ­տօն: Ա­ւե­լի վերջ Պըն Սուլ­թան մին­չեւ ան­ցեալ տա­րուան Դեկ­տեմ­բե­րը վա­րած է թա­գա­ւո­րու­թեան գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան պե­տի պաշ­տօն: Ու­շագ­րաւ է նաեւ, որ Պան­տար իշ­խան եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թեանց լա­րու­մէն ետք Սըլ­ման Պըն Ապ­տըլ Ա­զիզ թա­գա­ւո­րի հրա­մա­նով կը հե­ռա­ցուէր իր պաշ­տօ­նէն: Ա­պա ան «Ի­լաֆ» թեր­թին տուած հար­ցազ­րոյ­ցով մը խոր վրդով­մունք յայտ­նած էր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի Ի­րա­նի հետ կնքած կո­րի­զա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեան մա­սին՝ նշե­լով նաեւ, որ Ա­մե­րի­կա իր այս ըն­թաց­քով կ­­՚ան­տե­սէ իր դաշ­նա­կից­նե­րուն շա­հե­րը: Ան մէջ­բե­րած էր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ար­տաքին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րէն Հեն­րի Քի­սին­ճը­րի մէկ խօս­քը, ուր ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը կ՚ը­սէր. «Ա­մե­րի­կա­յի թշնամի­նե­րէն ա­ւե­լի բա­րե­կամ­ներն են, որ պէտք է ճիշդ հա­շուարկ­ներ ը­նեն եւ զգոյշ ըլ­լան ա­մե­րի­կեան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան տա­տա­նում­նե­րէն»: Այս բո­լո­րէն բա­ցի նախ­քան Պա­րաք Օ­պա­մա­յի Ռիատ այ­ցե­լու­թիւ­նը, տար­բեր աղ­բիւր­ներ կը խօ­սէին, որ Ռիա­տի նի­ւեոր­քեան ա­հա­բեկ­չու­թեան հետ ան­մի­ջա­կան կա­պը պի­տի բա­ցա­յայ­տուի եւ այդ մա­սին պատ­րաստուած թղթած­րար­նե­րը պի­տի քննարկուին Գոնկ­րէ­սին կող­մէ:

Այս շրջա­գի­ծին մէջ է նաեւ, որ խնդրին ա­ռըն­թեր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու մեծ ար­տա­հոսք մը ե­ղաւ եւ եւ­րո­պա­կան մէ­կէ ա­ւե­լի պար­բե­րա­կան­ներ գրե­ցին «Թիւ-17» թղթած­րա­րին մա­սին:

Օ­պա­մա իր Ռիատ այ­ցե­լու­թեամբ փոր­ձեց Ռիա­տի հետ ա­ղօտ դար­ձած յա­րա­բե­րու­թեանց կար­գա­ւո­րու­մը կա­տա­րել: Թէ որ­քա­նով դրա­կան ար­դիւնք­ներ պի­տի դառ­նան շօ­շա­փե­լի, տա­կա­ւին պարզ չէ, միայն թէ յստակ է, որ Գոնկ­րէ­սի մօ­տիկ մար­մին­նե­րը ի­րենց դա­րակ­նե­րուն մէջ ու­նին Ռիա­տը ան­հանգս­տաց­նե­լու կա­րե­ւոր գոր­ծիք­ներ, ո­րոնց գլխա­ւո­րա­գոյ­նը կը հա­մա­րուի «Թիւ-17» թղթած­րա­րը:

Այս բո­լո­րէն ան­դին կա­րե­ւոր է նկա­տել, որ Ո­ւա­շինկ­թըն-Ռիատ լա­րուա­ծու­թեան մեղ­մա­ցան ա­ռըն­թեր կա­րե­ւոր այլ լծակ­ներ գոր­ծի դրուած են: Այ­սօր այդ լծակ­նե­րէն կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը Ի­րա­նի ան­մի­ջա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը վա­յե­լող լի­բա­նա­նեան «Հիզ­պուլ­լահ» կու­սակ­ցու­թեան դէմ գոր­ծադ­րուող ճնշում­ներն են: Օ­պա­մա­յի վար­չա­կար­գին հա­մար ըն­դու­նե­լի չէ ի­րենց իշ­խա­նու­թեան վեր­ջին փու­լը փա­կել Ռիա­տի հետ լա­րուած մթնո­լոր­տով ու այս շրջա­գ­­ծին մէջ է նաեւ, որ պէտք է ճիշդ դի­տար­կում­ներ կա­տա­րել կա­պուած Օ­պա­մա­յի Ռիատ տուած այ­ցե­լու­թեան հետ: Այս ծի­րին մէջ պէտք է տե­ղադ­րել Սու­րիոյ մէջ կա­տա­րուած եւ կա­տա­րուե­լիք զինուո­րա­կան լու­ծա­րում­նե­րը, ո­րոնց վեր­ջի­նը «Հիզ­պուլ­լահ»ի ղե­կա­վար­նե­րէն՝ Մուս­թա­ֆա Պա­տըր Ալ Տի­նի սպան­ու­թիւնն էր: Ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ գաղտ­նի սպա­սար­կու­թեան բարձ­րա­գոյն մա­կար­դակ­նե­րու վրայ ի­րա­կա­նա­ցուած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը կը ծա­ռա­յե­ցուին քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ ի­րա­վի­ճա­կի հան­դար­տու­թեան կամ ա­ւե­լի ճիշ­դը առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան մեղ­մաց­ման։ Կայ նաեւ «Հիզ­պուլ­լահ»ի ե­լեւմ­տա­կան եւ գան­ձատ­րա­կան հա­շիւ­նե­րը վե­րահս­կե­լու հիմ­նախն­դի­րը: Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ Պէյ­րու­թի տնտե­սա­կան մար­մին­նե­րուն վրայ այս ա­ռու­մով ծանր ճնշում­ներ կը գոր­ծադ­րէ: Եւ այս ճնշում­նե­րը կա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նին երկ­րին մէջ նոր բա­ժա­նում­ներ եւ տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ յա­ռա­ջաց­նե­լու:

Այս բո­լո­րը կը կա­տա­րուին յա­նուն խախ­տուած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման: Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հա­մար կա­րե­ւոր խա­ղա­քարտ դար­ձած է սիւն­նի աշ­խար­հը ճնշե­լու խա­ղա­քար­տը, ո­րուն դի­մաց ան պի­տի փոր­ձէ ա­ռա­ւե­լա­գոյն շա­հե­րով եւ քա­ղա­քա­կան միա­ւոր­նե­րով դուրս գալ:

Սու­րիա­կան տագ­նա­պը եւս այդ շրջագծին մէջ կ՚իյ­նայ, քա­նի որ ներ­կայ հանգ­րուա­նին ա­ւե­լի հեշտ է ընկ­ճող քայ­լեր կա­տա­րել հա­կա­մար­տու­թեան թէժ գօ­տի­նե­րու մէջ, այդ­պէ­սով վտան­գը Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն հե­ռու պա­հե­լու մտադ­րու­թեամբ:

Թէ ի՛նչ կը կա­տա­րուի ա­պա­գա­յին կամ ի՛նչ ճա­կա­տա­գիր կ՚ու­նե­նայ «Թիւ-17» թղթած­րա­րը, տա­կա­ւին պարզ չէ, սա­կայն յստակ է միայն, որ այդ թղթած­րա­րը կրնայ ո­րե­ւէ պա­հու օգ­տա­գործուիլ քա­ղա­քա­կան կա­րե­ւոր յա­ռաջ­խա­ղացք մը ա­պա­հո­վե­լով ա­մե­րի­կեան գա­լիք վար­չա­կար­գին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Երկուշաբթի, Մայիս 23, 2016