ԱՇԱԿԵՐՏ ԸԼԼԱԼՈՒ ԿԱՐԵՒՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
16-րդ Ասիական ողիմպիական խաղերը տեղի ունեցան 2010 թուականին Կուանկ Զու, Չինաստանի մէջ: Գործի բերումով ողիմպիական խաղերու քաղաքը կը գտնուէի 15 Նոյեմբերին: Քաղաքի փողոցները լեցուն էին զբօսաշրջիկներով, որոնք եկած էին աշխարհի չորս կողմէն, ներկայ գտնուելու մարզական խաղերուն: Տեղւոյն կառավարութիւնը զբօսաշրջիկներու երթեւեկը դիւրացնելու եւ զանոնք աւելի հանգստացնելու համար, ձեւ մը որդեգրած էր: Քաղաքին բնակիչները իրենք ստանձնած էին ոստիկաններու պաշտօնը: Աջ բազուկներուն վրայ ողիմպիականի նշանները կապած, անոնք կեցած էին խաչմերուկներուն եւ մայթերուն վրայ ու ամէն տեղ: Կը հսկէին ինքնաշարժներու եռուզեռին եւ հետիոտն քալողներու օրինապահութեան: Սեղաններ դրուած էին ամէն տեղ, որպէսզի զբօսաշրջիկներու տրուին պէտք եղած տեղեկութիւնները, աւելի դիւրաւ ողիմպիականի մարզադաշտ հասնելու համար: Գնահատելի երեւոյթ մըն էր. մանաւանդ նկատի առնելով, որ չինացին ալ լիբանանցիին պէս կրքոտ է: Վէճեր դիւրին կը բռնկին եւ երկար չեն տեւեր, անմիջապէս կռուի կը վերածուին: Ասով հանդերձ սքանչելի կարգապահութիւն կը ցուցաբերէին, հնազանդելով իրենց կառավարութեան եւ քաղաքացի սպասարկողներուն: Երբ հարցը գար հայրենիքի եւ ժողովուրդի համբաւին, բոլորը ջանքերը ի մի հաւաքելով կը գործէին իրենց ազգութեան ի նպաստ:
Ինչու կը յիշեմ այս դէպքը. որովհետեւ որպէս լիբանանցիներ, այս գնահատելի երեւոյթէն դաս ունինք սորվելու: Գաղտնիք մը յայտնած չեմ ըլլար երբ ըսեմ, որ լիբանանցին բնազդաբար կարգապահութիւնը կ՚ատէ, եւ օրինազանցութիւնը կը գնահատէ: Բնակարանէդ հազիւ դուրս ելլես, դուն քեզ կը գտնես անտարի նման միջավայրի մը մէջ, ուր կը հանդիպիս մարդոց, որոնց միակ նպատակն է դիմացինին դաս սորվեցնել: Լիբանանը վերածուած է այնպիսի միջավայրի մը, որ առանց աշակերտի ուսուցիչներով լեցուն է: «Այդպէ՞ս կը կենան», կը պոռայ մէկը գլուխը ինքնաշարժի պատուհանէն դուրս հանելով: «Ասոր նայէ աղբը փողոց կը թափէ», կ՚ըսէ ուրիշ մը, պաղպաղակին թուղթը գետին նետելով: Չինացին կրքոտ է, բայց իր հայրենիքին եւ ազգին սիրոյն կրնայ իր բնազդէն դուրս գալ եւ կարգապահ ըլլալ: Իսկ լիբանանցիին ոչ մէկ արժէք կրնայ օրինապահութեան վարժեցնել: «Դժուարին օրեր կ՚ապրինք» առարկելով, ան ինքզինքին արտօնագիր կու տայ ամէն օրէնք խախտելու: Որչափ օրէնք խախտէ, այնքան երկիրի վիճակը կը վատթարանայ: Որքան վիճակը վատթարանայ, առաւել թափով օրինազանց կը դառնայ: «Այլեւս կարող չենք այս անտարին մէջ ապրելու», կ՚ըսէ եւ կը շարունակէ իր «կարգապահութիւնը»: Բոլորը դժգոհ են եւ բոլորը անտարբեր:
Այս ժողովուրդը հրաբուխի նման կը մխայ եւ ղեկավար կը ծնի: Ղեկավարը իր կարգին կը սկսի օրինազանցութեան: Ժողովուրդը ղեկավարէն կը գանգատի եւ ղեկավարը՝ ժողովուրդի օրինազանցութենէն: Եւ հարցը անվերջօրէն պարուրաձեւ կը շարունակուի յառաջանալ: Ո՞ւր պիտի եւ կամ պէտք է կենայ այս ընթացքը...։ Պատասխան՝ իմ մօտս, երբ սկսիմ գիտակցիլ, որ աշակերտ պէտք է ըլլամ, նախքան ղեկավար կամ ուսուցիչ ըլլալս:
ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024