ՀԱՑ, ՀԱԳՈՒՍՏ ԵՒ ԵՐԴԻՔ
Անդրանիկ այն հազուաթիւ հայերէն էր, որ կը բնակէր Սուրիոյ Տարաա քաղաքը, ուրկէ կայծ առած էր երկիրին մղձաւանջը: Հայրը, որ երկաթագործ մըն էր, գործի բերումով Դամասկոսէն տեղափոխուած էր Տարաա եւ հոն հաստատուած: Պատանի Անդրանիկ իր հօրը հետ աշխատելով, ձեռք ձգած էր արհեստը եւ համբաւ շահած էր Տարաայի ու շրջակայքի մէջ, որպէս վարպետ հայը՝ «Ալարման»ի: Անդրանիկ ամուսնացած էր դամասկոսաբնակ հայուհի Մարիի հետ եւ ունէր երեք մանչ եւ մէկ աղջիկ զաւակներ:
Սուրիոյ տագնապին սաստկանալուն պատճառաւ, ան նախ կը փոխադրուի Զահլէ, ապա Պուրճ Համուտի մօտ Նապաա շրջանը: Տուն, տեղ, խանութ, գործ եւ հարստութիւն ետին թողած, ան սենեակ մը կը վարձէ, ուր իր ընտանիքին անդամներուն հետ կը բնակի: Անդրանիկի տնտեսական վիճակը երթալով կը վատթարանայ: Կը փորձէ որպէս երկաթագործ պաշտօնեայ աշխատիլ, սակայն իր տարիքին պատճառաւ զինք չեն ընդունիր: Պատրաստ էր որեւէ գործ աշխատելու, միայն կարենար ընտանիքը պահել: Ի վերջոյ կը յաջողի Պէյրութի ջաղացքի ընկերութիւններէն մէկուն մօտ գործ գտնել՝ երեկոյեան ժամը 6-էն մինչեւ առաւօտեան ժամը 4-ը: Շահած դրամով ան հազիւ բնակած սենեակին 250 տոլար վարձքը կը վճարէր, եւ իր ընտանիքին պատառ մը հաց կը հայթայթէր: Ասդին-անդին օժանդակութիւններու կը դիմէր, կտոր մը հագուստ եւ քիչ մը ուտեստեղէն ապահովելու համար:
Անդրանիկն ու ընտանիքը սկսած էին հաշտուիլ իրենց նոր իրավիճակին հետ, սպասելով սուրիական կնճռոտ հարցի լուծումին: Տուն վերադարձի յոյսը կը մխիթարէր խեղճին սիրտը: «Կրնամ վերադառնալ եւ ձեռքովս շինել տունս ու անգամ մը եւս գլուխս բարձր, պատուովս ապրիլ», կը մտածէր ան: Անդրանիկի փոքրերը հայերէն չէին գիտեր, այդ իսկ պատճառաւ անոնք իրենց մօր հետ տունը կը մնային: Ամենամեծ որդին թաղի նպարավաճառին մօտ գործ գտած էր, որու հասոյթով իր հօր ուսին ծանրացած բեռը քիչ մը կը թեթեւցնէր: Անդրանիկ կը նախընտրէր, որ իր միւս զաւակները տունը մնան, քան թէ շաղուին շրջանի մանուկներուն հետ: Ան ամէն սուղ գին պատրաստ էր վճարելու, որպէսզի ապահով անցնին այս «մի քանի օրերը», ինչպէս միշտ կը կրկնէր, սպասելով վերադարձի ազատարար օրուան: Բարեկամ չունէր եւ ոչ ալ ազգական: Վերջապէս Տարաայի մէջ քանի՞ հայ կայ, եւ եղածներէն քանի՞ն Լիբանան են: Ամէն օր իր ընտանիքին հետ նստած, զանոնք կը մխիթարէր վերադարձի յոյսով եւ բոլորին աչքերը դէպի այդ «լոյս առաւօտը» կը նայէին:
Օր մը Անդրանիկ կ՚ուշանայ տուն վերադառնալու: Մարին կը մտահոգուի: «Քիչ մը սպասեմ, ապա տղուս աշխատած նպարավաճառի խանութէն ընկերութիւն հեռաձայնեմ», կը մտածէ խեղճ կինը, որովհետեւ Անդրանիկ բջիջային հեռաձայն չունէր: Հազիւ երեկոյեան ժամը 7-ը եղած, յանկարծ սենեակին զանգը կը հնչէ: Մարիին միտքը կը սկսի պղտորիլ:Դուռը կը բանայ եւ ահա ամուսնոյն գործընկերները: «Ի՞նչ կայ, ի՞նչ եղաւ. Անդրանիկը լա՞ւ է», կը հարցնէ ան առանց բարեւելու: Գործընկերները իրարու կը նային, եւ կարճ լռութենէ ետք անոնցմէ մին կ՚ըսէ. «Մատամ, Անդրանիկը տուն վերադարձի ճամբուն վրայ դանակոծած են»: «Ո՞ւր է, ո՞ր հիւանդանոցը...»: «Մատամ... Անդրանիկը մեռաւ»: Մարի չդիմանալով կը մարի եւ գետին կ՚իյնայ: Վերադարձի ճամբուն վրայ, մի քանի աւազակներ կարծելով, որ խեղճը դրամ ունի իր վրայ, դանակահար սպաննած էին զինք:
Այս դէպքը երէկ բարեկամս պատմեց ինծի: Անդրանիկի ընտանիքի ո՛ւր ըլլալը յայտնի չէ ներկայիս: Մահէն ետք անտէր մնալով, անոնք վերադարձած էինԴամասկոս: Ո՞ւր եւ որո՞ւ քով, ոչ ոք գիտէ:
Անդրանիկ առանց դէմքի, մոռացութեան էջերուն վրայ գրուած անուն մըն է: Միակ փափաքն էր պատառ մը հաց, կտոր մը հագուստ եւ երդիք մը զինք ու ընտանիքը պատսպարող: Այս պարզ ցանկութիւնն ալ շատ էր կարծէք: Անոր բոլոր երազները գողցուած էին: Անդրանիկ կը մնայ գաղթականի իրավիճակը ապրող շատ մը հայերու ցաւալի օրինակը:
ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ
Հարթակ
- 11/22/2024