ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՊԱՏՐ ԱԼ ՏԻՆԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԾԱՆՐ ՀԱՐՈՒԱԾ «ՀԻԶՊՈՒԼԼԱՀ»ԻՆ

Լի­բա­նա­նեան լրա­տուա­կան աղ­բիւր­ներ վերջերս կը փո­խան­ցէին «Հիզ­պուլ­լահ» կու­սակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն ղե­կա­վար­նե­րէն հա­մա­րուած Մուս­թա­ֆա Պա­տըր Ալ Տի­նի սպան­ու­թեան լու­րը: Բօ­թը կը փո­խան­ցուէր նախ «Հիզ­պուլ­լահ»ի բան­բեր հան­դի­սա­ցող կա­յան­նե­րուն, ա­պա կը տա­րա­ծուէր ամ­բողջ ա­րա­բա­կան մա­մու­լին կող­մէ: 2008 թուա­կա­նէն ի վեր «Հիզ­պուլ­լահ» իր չոր­րորդ ա­ռաջ­նորդն էր, որ կը կորսնց­նէր Սու­րիոյ մէջ: 2008 թուա­կա­նին կու­սակ­ցու­թեան գլխա­ւոր զի­նուո­րա­կան պա­տաս­խա­նա­տուն՝ Ի­մատ Մուղ­նի­յէն, որ յայտ­նի է Հաժ Ռա­տուան ա­նու­նով, զոհ կ­­՚եր­թար բա­ւա­կա­նին մութ պայ­ման­նե­րու տակ ե­ղած պայ­թու­մի մը, Դա­մաս­կո­սի ի­րան­ցի­նե­րու կա­րե­ւո­րա­գոյն շրջան հա­մա­րուած թա­ղա­մա­սե­րէն մէ­կուն մէջ: Իսկ ա­ւե­լի ուշ՝ 2015 թուա­կա­նին նոյն ղե­կա­վա­րի որ­դին՝ Ժի­հատ Մուղ­նի­յէն եւս կը սպան­նուէր: Այս սպան­ու­թիւն­նե­րուն վեր­ջըն­թեր օ­ղա­կը Սա­միր Ալ Քըն­թա­րի սպան­ու­թեան դէպքն էր (Դեկ­տեմ­բեր, 2015), ո­րուն թաքս­տո­ցին վրայ իս­րա­յէ­լեան օ­դու­ժին կա­տա­րած գրո­հին հե­տե­ւան­քով կը զո­հուէին նաեւ ի­րան­ցի բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ:

Լի­բա­նա­նեան «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կա­յա­նի վեր­լու­ծա­բա­նին կար­ծի­քով՝ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մի այս հանգ­րուա­նին ե­ղած Պա­տըր Ալ Տի­նի սպան­ու­թիւ­նը ա­ւե­լիով կը բար­դաց­նէր ընդ­հա­նուր տե­սա­րա­նը: Շրջա­նա­յին մէ­կէ ա­ւե­լի եր­կիր­նե­րու հա­մար հիմ­նա­կան թա­տե­րա­բեմ դար­ձած Սու­րիան այ­սօր նոյն­պէս հան­դի­սա­ցած է տար­բեր հա­շիւ­ներ մաք­րե­լու կեդ­րո­նա­տե­ղին: Անց­նող Շա­բաթ ա­ռա­ւօտ մինչ «Հիզ­պուլ­լահ» կը յայ­տա­րա­րէր, թէ Պա­տըր Ալ Տի­նի սպանու­թիւ­նը ե­ղած է իս­լա­մա­մէտ խմբա­ւո­րում­նե­րու կող­մէ, ան­դին Սու­րիոյ ընդ­դի­մու­թեան «Մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց դի­տա­րան»ը հեր­քե­լով «Հիզ­պուլ­լահ»ի հրա­պա­րա­կած վար­կա­ծը՝ կը յայտ­նէր, որ այդ խմբա­ւո­րում­նե­րը նոյն ժա­մե­րուն Դա­մաս­կո­սի օ­դա­կա­յա­նին մօտ գնտուող Պա­տըր Ալ Տի­նի կեդ­րո­նա­տե­ղիին ուղ­ղու­թեամբ հրթի­ռար­ձա­կում­ներ չեն կա­տա­րած: Ա­րա­բա­կան տար­բեր աղ­բիւր­ներ խօ­սե­լով դէպ­քին մա­սին կար­ծիք յայտ­նած են, թէ տե­ղի ու­նե­ցա­ծը բարձր մա­կար­դա­կի գոր­ծո­ղու­թիւն մըն է եւ ար­գա­սիքն է ա­մե­րի­կեան-իս­րա­յէ­լեան գաղտ­նի սպա­սար­կու­թիւն­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան: Նոյն ծի­րին մէջ «Լի­բա­նա­նի ձայն» կա­յա­նին փո­խանց­մամբ՝ Պա­տըր Ալ Տին պայ­թու­մէն կէս ժամ ա­ռաջ իր կեդ­րո­նա­տե­ղին հա­մա­րուած շէն­քին մէջ հան­դի­պում ու­նե­ցած է Ի­րա­նի «Ալ Քուտս» փա­ղան­գի ղե­կա­վար զօ­րա­վար Քա­սէմ Սու­լայ­մա­նիին հետ: Շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուած այս լու­րե­րը կը մնան վար­կած ըլ­լա­լու ընդ­հա­նուր շրջագ­ծին մէջ այն­քան ա­տեն, երբ դէպ­քին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը չեն բա­ցա­յայ­տուած:

Ո՞Վ ԷՐ ՄՈՒՍ­ԹԱ­ՖԱ ՊԱ­ՏԸՐ ԱԼ ՏԻ­Ն

Սեղմ տո­ղե­րու մէջ Մուս­թա­ֆա Պա­տըր Ալ Տի­նի մա­սին հիմ­նա­կան տուեալ­ներ ներ­կա­յաց­նե­լով պէտք է ը­սել, որ ա­նոր ա­նու­նը վեր­ջին շրջա­նին կա­պուած էր Լի­բա­նա­նի նախ­կին վար­չա­պետ Ռա­ֆիք Հա­րի­րիի սպան­ու­թեան հետ, տրուած ըլ­լա­լով, որ նա­հա­տակ վար­չա­պե­տին սպան­ու­թեան գոր­ծը քննող մի­ջազ­գա­յին դա­տա­րա­նը մե­ղադ­րա­գիր մը հրա­պարա­կե­լով այլ ան­ձե­րու կող­քին կը նշէր նաեւ ա­նոր ա­նու­նը, որ­պէս ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նող հիմ­նա­կան մե­ղադ­րեալ: 1961 թուա-­կա­նին Պէյ­րու­թի Ալ Ղը­պայ­րի շրջա­նին մէջ ծնած Պա­տըր Ալ Տին, իս­րա­յէ­լեան ու­ժե­րուն դէմ իր զի­նուո­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան սկսած էր 1982 թուա­կա­նին՝ միա­նա­լով պա­ղես­տի­նեան «Ֆա­թըհ» շար­ժու­մի «թիւ 17 ու­ժեր» միա­ւո­րու­մին: Ա­ւե­լի ուշ ան կը միա­նար «Հիզ­պուլ­լահ»ին եւ կա­րե­ւոր գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէր նաեւ Լի­բա­նա­նէն դուրս: 1983 թուա­կա­նին Քուէյ­թի մէջ ե­ղած եր­կու ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թու­մե­րէն ան­մի­ջա­պէս ետք՝ ա­մե­րի­կեան եւ ֆրան­սա­կան դես­պա­նա­տան դէմ, Պա­տըր Ալ Տին կը մե­ղադ­րուէր ու կը բան­տար­կուէր տե­ղւոյն իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կող­մէ: 1990 թուա­կա­նին Քուէյ­թի դէմ ի­րա­քեան ներ­խուժ­ման օ­րե­րուն Պա­տըր Ալ Տին կը յա­ջո­ղի խոյս տալ բան­տէն ու Պէյ­րութ գա­լով կը ստանձ­նէ «Հիզ­պուլ­լահ»ի ար­տա­քին հար­ցե­րու հա­մա­կար­գո­ղի պաշ­տօ­նը: Ա­ւե­լի վերջ ան տար­բեր պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօն­ներ կը ստանձ­նէ կու­սակ­ցու­թե­նէն ներս, մաս­նա­ւո­րա­պէս դառ­նա­լով «Հիզ­պուլ­լահ»ի ա­ռա­ջին քար­տու­ղար Սէ­յիտ Հա­սան Նաս­րալ­լա­յի խորհր­դա­կա­նը: Վար­չա­պետ Ռա­ֆիք Հա­րի­րիի սպա­նու­թե­նէն վերջ եւ խնդրին գծով կազ­մուած Մի­ջազ­գա­յին դա­տա­րա­նի շրջա­նակ­նե­րուն մէջ Պա­տըր Ալ Տի­նի ա­նու­նը ու­րիշ ե­րեք այլ ան­ձե­րու կող­քին, որ­պէս մե­ղադ­րեալ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը դրուի: Այդ օ­րե­րուն Պա­տըր Ալ Տին ստանձ­նած էր կու­սակ­ցու­թեան զի­նուո­րա­կան հար­ցե­րու գե­րա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տուի պաշ­տօ­նը՝ փո­խա­րի­նե­լով Ի­մատ Մուղ­նի­յէն:

ՍՊԱՆ­ՈՒ­ԹԵԱՆ ՄԱ­ՍԻՆ ՎԱՐ­ԿԱԾ­ՆԵՐ

Պա­տըր Ալ Տի­նի սպան­ու­թե­նէն ետք ա­րեւմ­տեան մա­մու­լի ե­րե­ւե­լի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ կա­րե­ւոր բա­ժին տա­լով դէպ­քին՝ գրե­ցին, թէ ե­ղա­ծը ծանր հա­րուած մը կը հա­մա­րուի «Հիզ­պուլ­լահ»ին եւ թէ այս հա­րուա­ծը անց­նող տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ան­նա­խըն­թաց հա­րուած մըն է: Իր կար­գին, բրի­տա­նա­կան BBC-ին կը սփռէր վեր­լու­ծա­կան լրա­տուու­թիւն մը, ուր կը յայտ­նէր, թէ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­ներ կան, թէ Պա­տըր Ալ Տին սպաննուած է Հա­լէ­պի Խան Թու­ման շրջա­նին մէջ տեղի ունեցած բա­խում­նե­րուն ըն­թաց­քին, երբ զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րը յա­ջո­ղած են ծանր հա­րուած­ներ տալ սու­րիա­կան ու­ժե­րուն եւ ա­նոնց նե­ցուկ կանգ­նող «Հիզ­պուլ­լահ»ին եւ ի­րա­նեան մի­լիս­նե­րուն:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի այս բո­լոր են­թադ­րու­թիւն­նե­րէն ան­դին յստակ է, որ Իս­րա­յէլ-«Հիզ­պուլ­լահ» «բաց հա­կա­մար­տու­թեան» փու­լի այս ժա­մա­նակ­նե­րուն ե­ղա­ծը դիւ­րին մար­սուե­լիք դէպք մը չէ, մա­նա­ւանդ «Հիզ­պուլ­լահ»ին հա­մար, որ յայտ­նուած է մեծ ճնշում­նե­րու տակ:

Չմոռ­նանք, որ այդ ճնշում­նե­րը սկիզբ ա­ռին յատ­կա­պէս Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րու եւ իս­լա­մա­կան գա­գա­թի շրջա­նակ­նե­րուն մէջ, ուր «Հիզ­պուլ­լահ» հա­մա­րուե­ցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում: Այդ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը գետ­նի վրայ խօս­քի սահ­ման­նե­րը անց­նե­լու ուժ չու­նին, բայց եւ այն­պէս վեր­ջին օ­րե­րուն ա­մե­րի­կեան ճի­գե­րով «Հիզ­պուլ­լահ»ի դրա­մա­կան բո­լոր աղ­բիւր­նե­րը վե­րահս­կե­լու կամ ա­ւե­լի ճիշդ պի­տի ըլ­լայ ը­սել չորց­նե­լու ճի­գե­րը կրնան լուրջ տագ­նա­պի մատ­նել շրջա­նին մէջ Ի­րա­նի թիւ մէկ լծակ ե­ղող այս կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը: Այս ա­ռու­մով ու­շագ­րաւ դէպ­քեր կրնան գրան­ցուիլ մաս­նա­ւո­րա­պէս Լի­բա­նա­նի մէջ, ուր Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ մեծ ճնշում­ներ կը կի­րա­ռեն տե­ղա­կան դրա­մա­տու­նե­րու վրայ «Հիզ­պուլ­լահ»ի դրա­մա­կան ու­նե­ցուած­քը վե­րահս­կե­լու հա­մար: Տա­կա­ւին չենք խօ­սիր այն հա­րիւ­րա­ւոր շիի գոր­ծա­րար­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք յայտ­նուած են ա­մէն պա­հու Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա­յէն եւ Ծո­ցի եր­կիր­նե­րէն վտա­րուե­լու վտան­գին տակ «Հիզ­պուլ­լահ»ին հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու մե­ղադ­րան­քով:

Շրջա­նին մէջ եւ մաս­նա­ւո­րա­պէս Սու­րիոյ եւ Ե­մէ­նի մէջ ե­ղած դէպ­քե­րը յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նոր ու­ղե­ծիր մը կը գծեն: Ու այ­սօր սիւն­նի տէ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար գլխա­ւոր հա­կա­ռա­կոր­դը Իս­րա­յէ­լը չէ, այլ Ի­րա­նը, ո­րուն դէմ սիւն­նի աշ­խար­հը ա­նուղ­ղա­կի մար­տեր կը մղէ Դա­մաս­կո­սի, Հա­լէ­պի եւ Լա­թա­քիոյ տար­բեր հա­տուած­նե­րուն մէջ:

Չենք կրնար հաս­տա­տել, որ Պատր Ալ Տի­նի սպան­ու­թիւ­նը ե­ղած է այս ծի­րին մէջ, բայց եւ այն­պէս մէկ բան յստակ է, որ նման ո­րա­կով եւ կա­րե­ւո­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող զի­նուո­րա­կան գոր­ծի­չի մը «խա­ղէն դուրս դրուիլ»ը կը կա­տարուի առ­նուազն շրջա­նա­յին հա­մա­ձայ­նու­թեամբ:

Սու­րիոյ ընդ­դի­մու­թիւ­նը այ­սօր յայտնուած է բա­ւա­կա­նին ծանր դրու­թեան մը մէջ: Բա­ցի ան­կէ, որ ընդ­դի­մա­դիր ջո­կատ­նե­րը բաժ­նուած են քա­նի մը «գլուխ­նե­րու» յստակ է նաեւ, որ վեր­ջին մէկ տա­րուան ըն­թաց­քին ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րու կող­քին նոյն­պէս, որ­պէս «չա­փա­ւո­րա­կան» հա­մա­րուած ընդ­դի­մա­դիր խմբա­ւո­րում­նե­րը մեծ կո­րուստ­ներ ու­նե­ցան Սու­րիոյ մէջ:

Այս տե­սա­կէ­տէն դի­տուած այս սպան­ու­թիւ­նը կը մի­տի դրա­կան յոյս մը տալ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րուն ու միւս կող­մէ գո­հա­ցում պատ­ճա­ռել Իս­րա­յէ­լին ու Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րուն, ո­րոնց հա­մար՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս Քուէյ­թի, Պա­տըր Ալ Տին կը հա­մա­րուի ա­հա­բե­կիչ վտան­գա­ւոր տարր:

Այս ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին առ­ջեւ, յստակ է նաեւ, որ տար­բեր կող­մե­րու շա­հե­րու խա­չա­ձե­ւու­մին հե­տե­ւան­քով Պա­տըր Ալ Տի­նի նման գոր­ծիչ­նե­րու սպան­ու­թեան հա­մար շրջա­նա­յին ու­ժե­րու «կա­նաչ լոյս»ին ա­պա­հո­վու­մը կը դառ­նայ ա­ւե­լի հեշտ ա­րարք մը:

Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի բո­լոր ծայ­րե­րը հաս­նող սու­րիա­կան տագ­նա­պին ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն կող­քին՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ այ­սօր նա­խա­ձեռ­նած են ու­ժեղ պայ­քար մը տա­նիլ շիի «Հիզ­պուլ­լահ»ին դէմ: Այս պայ­քա­րի հիմ­նա­կան նպա­տա­կը Իս­րա­յէ­լին յա­ւե­լեալ հան­գիստ շնոր­հելն է: Ու քա­նի որ Սու­րիոյ մէջ զի­նուո­րա­կան լու­ծա­րում­ներ կա­տա­րե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի կա­տա­րեալ են, ա­պա ակն­կա­լե­լի է, որ նման ա­րիւ­նա­լի սպան­ու­թիւն­նե­ր շա­րու­նա­կուին:

Տե­ղի պի­տի տա՞յ «Հիզ­պուլ­լահ» այս ծանր ճնշում­նե­րուն դի­մաց, տա­կա­ւին պարզ չէ, սա­կայն յստակ է նաեւ, որ շրջա­նա­յին ուժ դար­ձած այս կա­ռոյ­ցը կա­րե­ւոր խա­ղա­քար­տեր ու­նի ո՛չ միայն Լի­բա­նա­նի, այլ նոյն­պէս՝ Սու­րիոյ, Ի­րա­քի եւ նոյ­նիսկ Ե­մէ­նի մէջ:

«Հիզ­պուլ­լահ»ի կազ­մա­կեր­պուա­ծու­թեամբ գոր­ծող կա­ռոյց­նե­րու հա­մար ան­հատ­նե­րը կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն չու­նին: Ա­նոնք ընդ­հա­նուր գոր­ծին լծակ­ներն են ու պատ­րաս­տուած ծրա­գիր­նե­րու կա­տա­րողն ու կրո­ղը: Այդ կա­րե­ւոր օ­ղակ­նե­րէն մին էր Մուս­թա­ֆա Պատր Ալ Տի­նը, որ ար­դէն իր սպան­նուած պա­հուն դադ­րած էր «Հիզ­պուլ­լահ»ի զի­նուո­րա­կան թիւ մէկ պա­տաս­խա­նատուն ըլ­լա­լէ եւ փո­խա­րի­նուած՝ ու­րի­շով մը, ո­րուն ա­նու­նը ցարդ կը մնայ ան­յայտ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

 Ե­րե­ւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 25, 2016