ՍԱՂԻՄԱՀԱՅ ՍԵՐՈՎԲ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԱՀԱԶԱՆԳ ԿԸ ՀՆՉԵՑՆԷ՝ ԻՐ ԲՆԱԿԱՐԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ
«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
Սաղիմահայ համայնքի անդամներէն Սերովբ Սահակեան յայտնեց, թէ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը կը ջանայ իւրացնել իր հօրենական տունը։ Ըստ մանրամասնութիւններուն, այդ բնակարանը կը գտնուի Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ, Սերովբ Սահակեանի հօրենական ժառանգն է, իսկ ներկայիս Պատրիարքարանը կը փորձէ իւրացնել զայն։ Սահակեանի խօսքերով՝ յարկաբաժինը կը ներկայացնէ լուրջ արժէք մը։ Քառասուն տարի առաջ «Պաշտպանեալ վարձուոր»ի օրէնքով այդ յարկաբաժինը Սերովբ Սահակեանի ծնողներուն տրուած է։ Բնակարանը կը գտնուի Երուսաղէմի յորդանանեան տիրապետութեան ժամանակաշրջանին կառուցուած «Հայկական շէնք»ին մէջ։ Այս վերջինը կը բաղկանայ 44 յարկաբաժիններէ, կառուցուած է 1964 թուականին ու Հայոց Պատրիարքութեան յատուկ կարգադրութեամբ տրուած է սաղիմահայ ընտանիքներուն՝ խթանելու համար հայկական բնակչութեան թիւին աճը։ Միեւնոյն ժամանակ բնակարանները ենթակայ են վարձակալութեան յատուկ օրէնքի մը եւ իր ծնողներու մահէն վերջ Պատրիարքարանը մերժած է վերանորոգել Սերովբ Սահակեանի վարձակալական համաձայնագիրը։
«Մայրս մահացաւ 2002-ին։ Պատրիարքարանէն եկան եւ ըսին, թէ պէտք է դուրս գամ եւ բնակարանը իրենց յանձնեմ։ Ես ընդդիմացայ, որովհետեւ այստեղ տուն չունենալը կը նշանակէ կորսնցնել Երուսաղէմի մէջ բնակելու մշտական իրաւունքը», ըսաւ Սերովբ Սահակեան եւ աւելցուց, թէ ցարդ կ՚ենթարկուի մեծ ճնշումներու։ Ան դիտել կու տայ, որ եղած են բազմաթիւ պարագաներ, երբ Պատրիարքարանը դիւրացուցած է բնակարաններու փոխանցումը ժառանգորդներուն, բայց իր պարագային կը մերժուի այդ արդար պահանջը։ Սահակեան նուազտացուցիչ կը համարէ նաեւ, որ Պատրիարքարանը կը փորձէ Իսրայէլի դատական մարմիններուն ճամբով լուծել խնդիրը։
Սերովբ Սահակեան քանի մը առիթներով Պատրիարքարան նամակներ ուղարկած է լուծման ակնկալութեամբ, սակայն այդ բոլորը մնացած են անպատասխան։