ՃՈՒԼԻԱ ՄՈՒԹԼՈՒԻ ԽՈՒՄԲԸ ՍՈՖԻԱՅԻ ՄԷՋ

Յայտ­նի ա­րուես­տա­գի­տու­հի Ճու­լիա Մութ­լուի խում­բը ներ­կա­յիս կ՚այ­ցե­լէ Սո­ֆիա։ 35 հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ կազ­մը Սո­ֆիա­յի մէջ հան­դէս պի­տի գայ «101 տա­րի, 101 տա­րազ» խո­րագ­րեալ ե­լոյ­թով։ Սո­ֆիա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան Պուլ­կա­րիոյ մաս­նա­ճիւ­ղին կազ­մա­կեր­պու­թեամբ նա­խա­տե­սուած է ձեռ­նար­կը, որ այս շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 800 հո­գի­նոց սրա­հի մը մէջ։

Ճու­լիա Մութ­լուի խում­բը պի­տի կրկնէ Հա­յաս­տան կա­տա­րած վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցու­ցած ծրա­գի­րը։ Հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան տա­րազ­նե­րով տո­ղանց­քի ա­ռըն­թեր, եր­կու ժա­մուան այս ծրա­գի­րը պի­տի ընդգր­կէ նաեւ եր­գեր ու պա­րեր։ Մե­ներ­գի­չը պի­տի ըլ­լայ Մա­րալ Ա­դա­ման։

Այ­ցե­լու­թեան ըն­դա­ռաջ խմբագ­րա­տունս այ­ցե­լե­ցին Ճու­լիա Մութ­լու, Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեան եւ Ժա­նին Փա­փա­զեան։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­նոնք տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ ու­ղե­ւո­րու­թեան ծրա­գի­րը պի­տի ընդգր­կէ նաեւ Փլով­տիւ քա­ղա­քը։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ կա­տա­րուած փոր­ձե­րէն վերջ, Վազ­գէն Պա­րը­նի ջան­քե­րով Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան կող­մէ տրա­մադ­րուած օ­թօ­պիւ­սով մը խում­բը կը ճամ­բոր­դէ դէ­պի Պուլ­կա­րիա։

Ճու­լիա Մութ­լուի խում­բը քա­ղաքս պի­տի վե­րա­դառ­նայ յա­ջորդ շաբ­թուան սկիզ­բին։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 26, 2016