ԱՆՆ­ԿԱ­ՐԱԳ­ՐԵ­ԼԻՆ ՆԿԱ­ՐԱԳ­ՐԵԼ…

Ան­տե­սա­նե­լին տես­նել, անլ­սե­լին լսել, անն­կա­րագ­րե­լին փոր­ձել նկա­րագ­րել… այս բո­լո­րը դժուար են, բայց ո՛չ ան­կա­րե­լի։

Մա­յիս ա­մի­սը է՛ ինչ որ չէ եւ ո՛չ մէկ ու­րիշ ա­միս, եւ չի կրնար ըլ­լալ։ Ա­միս­նե­րու նուի­րա­պե­տու­թեան մէջ Մա­յի­սի դիր­քը ե­զա­կա՛ն է։ Մա­յի­սը՝ «նո­րին վե­հա­փա­ռու­թիւն»ը թա­գու­հին է տաս­ներ­կու ա­միս­նե­րուն մէջ, իր գե­ղեց­կու­թեան ան­վի­ճե­լի գե­րա­զան­ցու­թեամբ։ Տար­բեր է Մա­յիս ա­մի­սը։ Մա­յի­սին է որ բնու­թիւ­նը նոյն ա­տեն կը հարս­տա­նայ եւ կը թա­գադ­րուի։

Ձմրան վա­րա­գոյ­րը կը քա­շուի այս ամ­սուն, եւ բե­մին վրայ կը պար­զուի ակ­նախ­տիղ պատ­կե­րը գար­նան։ Բնու­թիւ­նը իր բե­մադ­րու­թեան ա­մե­նէն դիւ­թիչ տե­սա­րան­նե­րը, ապ­րում­նե­րը վե­րա­պա­հած է Մա­յի­սին։ Հրա՜շք մըն է Մա­յի­սը։

Շռայլ է ան իր յար­դա­րան­քո­վը։ Իր մեր­կու­թե­նէն դուրս կ՚ել­լէ ան, մո­գա­կա­նօ­րէն եւ յե­ղա­կար­ծօ­րէն, հա­գուած, սգուած եւ «հար­սի մը նման՝ իր փե­սին հա­մար պատ­րաս­տուած»։ Ու­րիշ աշ­խարհ մըն է կար­ծես Մա­յի­սը։

Դրախ­տը կա­րե­լի չէ՛ սահ­մա­նել աշ­խա­րագ­րա­կա­նօ­րէն, հա­պա՝ ժա­մա­նա­կագ­րա­կա­նօ­րէն։ Այս ի­մաս­տով՝ Մա­յի­սը ո՛ւր որ է, հո՛ն է դրախ­տը՝ իր ա­նօ­րի­նա­կե­լի, ա­նի­մա­նա­լի եւ ան­թուե­լի զա­նա­զա­նու­թեամ­բը՝ գոյ­նե­րու, ձե­ւե­րու, լոյ­սի, բոյ­րե­րու եւ թար­մու­թեան։ Մա­յի­սը նոր է եւ նո­րո­գու­թի՛ւն։ Ամ­բողջ երկ­րա­կա­մա­րին կա­պոյ­տին դէմ կա­նա­չու­թիւ­նը կը պսպղայ որ­պէս յա­տակ գու­նա­զան նկար­նե­րու՝ ո­րոնք նկա­րուած են մա­յի­սեան ծա­ղիկ­նե­րով։

Մարդ՝ որ­պէս բա­նա­ւոր էակ, խոր­հող եւ դա­տող միակ ա­րա­րած՝ իր յա­րա­բե­րու­թիւ­նը բնու­թեան հետ թէ՛ գի­տա­կան եւ թէ զգա­ցա­կան գետ­նի վրայ է։

Բայց մարդ «ի­րաւ տգէտ» մըն է բնու­թեան գաղտ­նիք­նե­րուն բայց զգա­յուն՝ ա­նոր փառ­քին յայտ­նու­թիւն­նե­րուն։ Դժուար է, նոյ­նիսկ ան­կա­րե­լի է թէ ի՛նչ­պէս կը յղա­ցուի ու կը ծնի գա­րու­նը՝ բնու­թեան ար­գան­դին մէջ, սա­կայն կա­րե­լի է վա­յե­լել գար­նան հրա­շա­գործ յայտ­նու­թիւ­նը Մա­յի­սի մէջ։ Ար­դա­րեւ «տես­նուած»ը հասկ­նա­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը չկա՛յ երբ կա­րե­լի է վա­յե­լել ի՛նչ որ կը տես­նուի։ Ու­րեմն, փի­լի­սո­փայ, ի­մաս­տա­սէր կամ ի­մաս­տուն ըլ­լա­լու հարկ չկայ, կեան­քը լիօ­րէն ապ­րե­լու, բնու­թեան հրա­շա­լիք­նե­րէն օգ­տուե­լու եւ վա­յե­լե­լու հա­մար զա­նոնք։ Մտա­ծել եւ ապ­րի՛լ կը բա­ւէ։

Աս­տուած ա­մէն մարդ փի­լի­սո­փա­յա­կան մտքով չէ օժ­տած, բայց ա­մէն մար­դու տուած է զոյգ մը ա­կանջ եւ աչք՝ բնու­թեան հետ զգա­յա­րա­նա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն հաս­տա­տե­լու, եւ իր կեան­քը ճո­խաց­նե­լու բնու­թեան հա­մեր­գո­վը եւ հա­մայ­նա­պատ­կե­րո­վը։

Ուս­տի մարդ էա­կին ձրի շնորհքն է «վա­յե­լել»ու կա­րո­ղու­թիւ­նը։ Գիտ­նա­լու հա­մար պէ՛տք է սոր­վիլ, իսկ սոր­վե­լու հա­մար՝ պէտք է անդ­րա­դառ­նալ չգիտ­ցա­ծին։ Ու­րիշ խօս­քով՝ «չգիտ­ցա­ծը գիտ­նա՛լ» պէտք է։

Սոր­վիլ, գիտ­նալ, բայց մա­նա­ւա՛նդ «խոր­հիլ», «խորհր­դա­ծել» եւ «զգալ»՝ բ­նա­տուր կա­րո­ղու­թիւն­ներ են ա­մէն մար­դու։ Ան­տար­բեր եւ ան­գի­տա­կից մէկն ալ, աս­տուա­ծա­տուր ձրի ա­ռանձ­նաշ­նոր­հում մը ու­նի բնու­թիւ­նը վա­յե­լե­լու՝ իր մա­յի­սեան վե­հա­փա­ռու­թիւ­նո­վը։ Մարդ հա­զար փառք տա­լու է Աս­տու­ծոյ այս ան­գին ու ձրի վա­յել­քի շնորհ­քին հա­մար։

Բնու­թիւ­նը վա­յե­լել՝ ի­րա­պէ՛ս ա­ռանձ­նաշ­նոր­հում մըն է։ Բնու­թիւ­նը վա­յե­լել գի­տակ­ցա­բար մարդ էա­կին ըն­ծա­յուած ա­մե­նա­մեծ շնորհ­նե­րէն մին է։

Բայց այս­քան ու­րա­խա­ռիթ Մա­յի­սը նաեւ կը տխրեց­նէ մարդս։ Սա­կայն Մա­յի­սի տխրու­թեան եւ տրտմու­թեան մէջ ի՞նչ ար­դա­րա­ցում կայ։ Քա­նի որ ա­մէն ա­միս Մա­յիս չէ, եւ Մա­յիսն ալ ժա­մա­նա­կա­ւոր է, ի վեր­ջոյ պի­տի ա­ւար­տի, եւ Մա­յի­սէն շատ հե­ռո՜ւ չէ՛ Սեպ­տեմ­բե­րը, հե­ռո՜ւ չէ՛ Դեկ­տեմ­բե­րը…։ Եւ Մա­յի­սը մնա­յուն չէ, Մա­յի­սը՝ այն­քան գե­ղե­ցի՜կ, կեան­քի մնա­յուն հանգ­րուա­նը չէ՛։

Եւ Մա­յի՛սն ալ ան­ցա­ւոր է՝ ժա­մա­նա­կա­ւո՛ր։

Իսկ այն ա­մէն ինչ, որ ժա­մա­նա­կա­ւոր է, տխրու­թեան, տրտմու­թեան պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ։ Քա­նի որ ա­մէն կո­րուստ ցաւ ու վիշտ կը պատ­ճա­ռէ։

Ու­րեմն ա­մէն ու­րա­խու­թեան մէջ ծած­կուած, քօ­ղար­կուած տխրու­թիւն մը, տրտմու­թիւն մը կայ՝ այդ ու­րախ վի­ճա­կը կորսնց­նե­լու վա­խը պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ այդ տրտմու­թեան։ Լաւ է՝ չխոր­հիլ անն­պաս­տը երբ մարդ ու­րախ է, ապ­րիլ ներ­կայ վի­ճա­կը եւ «վա­ղուան հո­գը թո­ղուլ վա­ղուան…»։

­Ներ­կան լիու­լի ապ­րե­լու, վա­յե­լե­լու հա­մար, կար­ծեմ լա­ւա­գոյն լու­ծում մըն է այս։ Ուս­տի Յի­սուս այս մա­սին կ՚ը­սէ. «Ին­չո՞ւ ու­րեմն մտա­հո­գուիք վա­ղուան մա­սին։ Վա­ղուան մտա­հո­գու­թիւ­նը վա­ղուան ձգե­ցէ՛ք։ Իւ­րա­քան­չիւր օ­րուան նե­ղու­թիւ­նը ինք­նին բա­ւա­րար է» (ՄԱՏԹ. Զ 34)։ Ու­րեմն հո­գը օ­րուան է եւ վա­ղուա­նը՝ վա­ղուան։ Այս ի­մաս­տով կա­րե­ւո­րը ներ­կա՛ն է. ան­ցեա­լը ար­դէն ան­ցած է, իսկ ա­պա­գան՝ ան­յայտ ու անս­տոյգ։ Ու­րեմն «ան­ցած»ի մը հա­մար ին­չո՞ւ մտա­հո­գուի մարդ, ինչ­պէս ին­չո՞ւ մտա­հո­գու­թիւն ու­նե­նայ մարդ ան­յայտ եւ անս­տոյգ բա­նի մը հա­մար։ Եւ դար­ձեալ այ­սօ­րուան ու­րա­խու­թիւ­նը ե­թէ գիտ­նայ մարդ լա՛ւ տնտե­սել, լա՛ւ օգ­տա­գոր­ծել, ան կա­րե­լի է փո­խան­ցել նաեւ վա­ղուան։ Չէ, որ ա­պա­գան մեծ մա­սամբ կա­խում ու­նի ներ­կա­յէն…։

Ե­թէ մարդ լաւ տրա­մադ­րու­թիւն ու­նի եւ գի­տէ այդ վի­ճա­կը պա­հել, ա­պա ու­րեմն կրնայ միշտ լաւ տրա­մադ­րու­թիւն ու­նե­նալ՝ այ­սօր եւ վա­ղը, մի՛շտ։

Ա­յո՛, Մա­յի­սը կեան­քի մնա­յուն վի­ճա­կը չէ, բայց մա­յի­սեան ու­րա­խու­թիւ­նը կրնայ մարդ փո­խան­ցել միւս ա­միս­նե­րուն։ Եւ դար­ձեալ, ի­րա՛ւ է որ ժա­մա­նա­կի սրար­շաւ կառ­քը եր­կար չի մնար մա­յի­սեան «դրախտ»ին մէջ, այլ՝ կը յա­ռա­ջա­նայ դէ­պի կեան­քին ա­շունն ու ձմե­ռը։ Բայց մարդ կրնայ այդ «դրախտ»էն բա­ժին­ներ փո­խադ­րել աշ­նա­նա­յին ու ձմե­ռուան ա­միս­նե­րուն՝ Սեպ­տեմ­բե­րի եւ Դեկ­տեմ­բե­րի։

Ե­րա­նի՜ ա­նոնց՝ ո­րոնք երբ ժա­մա­նա­կի սրըն­թաց կառ­քը հե­ծած կը ճամ­բոր­դեն՝ շատ ան­գամ­ներ մա­յի­սեան գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը, բա­րի­քը վա­յե­լե­լու բա­նա­ւոր ակն­կա­լու­թիւ­նը ու­նին։ Ու­նին նաեւ մա­յի­սեան գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րու անդ­րա­դառ­նա­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը եւ զա­նոնք վա­յե­լե­լու գի­տակ­ցու­թիւ­նը։

Ու­րեմն հար­ցը «անդ­րա­դառ­նալ»ու եւ «գի­տակ­ցել»ու հարց մըն է։ Կան՝ որ եր­կար տա­րի­ներ ապ­րած են ա­ռանց անդ­րա­դառ­նա­լու եւ հե­տե­ւա­բար ա­ռանց գի­տակ­ցե­լու բնու­թեան բազ­մա­զան բա­րիք­նե­րուն, եւ դար­ձեալ կան՝ որ հա­կա­ռակ ի­րենց ապ­րած սա­կա­ւա­թիւ տա­րի­նե­րուն՝ անդ­րա­դար­ձած եւ վա­յե­լած են բնու­թեան բա­րիք­նե­րը…։

Եւ այս տրուպ գրի­չը ար­դէն տե­սեր է, ապ­րեր է, վա­յե­լեր է եօ­թա­նա­սու­նե­րեք ան­գամ­ներ այս բա­րիք­նե­րը եւ գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը բնու­թեան, անդ­րա­դար­ձեր ու գի­տակ­ցեր է մա­յի­սեան հրա­շա­լիք­նե­րուն… աս­կէ յե­տոյ քա­նի՞ ան­գամ­ներ դեռ տես­նե­լու, ապ­րե­լու եւ վա­յե­լե­լու ա­ռիթ ու պա­տե­հու­թիւն կը տրուի ի­րեն… միայն Աս­տուած գի­տէ։

Բայց պէտք է խոս­տո­վա­նիմ. երբ Մա­յի­սը կը վա­յե­լեմ այ­սօր՝ Սեպ­տեմ­բե­րի մղձա­ւան­ջը կը վրդո­վէ վի­րա­ւո­րուած հո­գիս, գի­տակ­ցե­լով որ ա­մէն Մա­յի­սի կը յա­ջոր­դէ Սեպ­տեմ­բեր մը…։ Սա­կայն նո­րէն հա­զա՜ր փառք ա՛յ­սօ­րուան վա­յե­լած­նե­րուս հա­մար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 14, 2016, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Մայիս 26, 2016