ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՈԳԵՒՈՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Երէկ երեկոյեան, Պաքըրգիւղի քաղաքապետութեան հովանիին տակ գործող «Ճէմ Քարաճա» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ թատերական խանդավառ ներկայացում մը։ «Ույկուր» թատերախումբին կողմէ ներկայացուեցաւ «Փաթրոն չըլտըրտը» անուն խաղը, որու բեմադրիչն է Պիրոլ Էնկելէր։ Դերասաններու կարգին կը գտնուի մեր համակրելի արուեստագէտներէն Գրիգոր Տինչքայըքճը, որ այս առթիւ բեմը կը բաժնէ Սեզաի Այտընի, Ալեւ Օրալօղլուի, Պուրճու Թունայի, Էնկին Ալփաթէշի, Մելիհ Չարտաքի եւ Թայյէս Ֆարզանի նման յայտնի անուններու հետ։
Երէկուան երեկոյթը պատուեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ներկայ էին նաեւ մեր համայնքէն բազմաթիւ թատերասէրներ։
Նեժատ Ույկուրի կողմէ հեղինակուած խաղի ներկայացման աւարտին հանդիսատեսները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին դերասանները։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024