ՄԵԼԳՈՆԵԱՆԻ ՎԷՐՔԸ - Ա -
Կիպրոսի սրտին վրայ հանգչող Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը (ՄԿՀ) 2005 թուականէն ի վեր չի գործեր: Տարբեր առիթներով դպրոցի վերաբացման օրակարգը կը յայտնուի թէժ քննարկումներու առանցքին, սակայն այդ քննարկումները չեն անցնիր սոսկ քննադատութիւններու ծիրը: Շատեր մեղաւորներ կը փնտռեն Մելգոնեան կրթական հաստատութեան փակման որոշումը գործադրող կողմը համարելով գլխաւոր մեղսակից: Ոմանք աւելի հեռուն երթալով «դաւադրական» մօտեցումներ կը շարահիւսեն՝ ըսելով, որ Մելգոնեանը փակող մարմինը՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնն (ՀԲԸՄ) է, որուն տուած որոշումը դատապարտելի է բոլոր առումներով:
Իր կարգին, ՀԲԸՄ-ը մասնաւորապէս վերջին երկու տարուան ընթացքին խորհրդաւոր լռութիւն կը պահէ սոյն հարցին վերաբերեալ:
Ճիշդ է, որ Բարեգործականին պէս հսկայ կարելիութիւններ ունեցող մարմին մը պէտք է սեղանին գտնուող այս հարցին լուծումներ տալու մասին մտածէր: Առնուազն կազմէր յատուկ մարմին մը, որ վերահասու պիտի ըլլայ Մելգոնեանի հարցը դարձեալ եւ այս անգամ աւելի հանգամանօրէն քննարկելու: Սակայն մեզի անհասկնալի պատճառներով այս հարցին շուրջ նոյնիսկ քննարկումներ տեղի չունեցան:
Խնդիրը այն է, որ Սուրիոյ մէջ արդէն հինգերորդ տարին ըլլալով շարունակուող արիւնալի պատերազմը նօսրացուց Միջին Արեւելքի կարեւոր կայան համարուող հայ գաղութը եւ Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Քեսապի եւ Գամիշլիի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներուն ջախջախիչ տոկոսը հեռացաւ այդ շրջաններէն: Արեւմտահայերէնի գոյութիւնը պահպանելու կոչուած այդ կարեւոր հայ համայնքը այսօր տարբեր երկիրներու մէջ կը շարունակէ իր կեանքը: Ճիշդ է, որ սուրիահայերը տակաւին կը շարունակեն կառչած մնալ իրենց աւանդոյթներուն եւ մշակութային ժառանգութեան, բայց յստակ է նաեւ, որ բացի Պէյրութէն, անոնք Շուէտի, Փարիզի, Գերմանիոյ եւ նոյնիսկ Երեւանի մէջ ամէն օր կը հեռանան արեւմտահայերէն լեզուէն: Մեր լեզուի պահպանութեան պարագան լիւքս հարց մը չէ: Կարեւոր խնդիր է լեզուի հարցը եւ ընդունելի չեն այն վերագրումները, ըստ որոնց մենք շատ աւելի առաջնային հարցեր ունինք քան լեզուի հարցը: Եթէ համակարգուած օրակարգերու մասին խօսինք, պէտք է յստակօրէն ընդգծենք, որ Միջին Արեւելքի հայութեան ապագան կրնայ անորոշութեան մէջ յայտնուիլ:
Տարածքաշրջանին մէջ ընթացող հակամարտութիւնները, նաւթի եւ շահերու բախումներով պայմանաւորուած ընդհանուր տագնապները կրնան երկարիլ: Ու այդ իրադրութեան առջեւ շատ հաւանական է, որ Պէյրութը (որ այսօրուան տուեալներով Միջին Արեւելքի հայութեան հիմնական «ամրոց»ն է) կրնայ հայաթափումի նոր ալիքի մը հետեւանքով կորսնցնել իր առաջնային պարիսպ ըլլալու հանգամանքը: Ու հոս է, որ մտահոգութիւն մը կը ծագի: Ո՞վ պիտի մատակարարէ ամերիկեան հեռաւոր գաղութներու հիմնարար մարդուժը: Այսինքն ո՞ւր պիտի աճի ու հասնի Միացեալ Նահանգներու ու տարբեր հեռաւոր գաղութներու մարդկային այն ներուժը (այն ներուժը, որուն զէնքը՝ արեւմտահայերէնն է), որ պիտի կարողանայ տարիներու ազդեցութեան տակ ստեղծուած բացը լրացնել: Գաղտնիք ալ չէ, որ ամերիկեան ցամաքին վրայ հայագիտական պաշարով զինուած բաժինը բաւարար կամք պիտի չունենայ ապագայի նոր սերունդները ջամբելու իմաստով: Ու փաստ է նաեւ, որ անցնող գրեթէ յիսուն տարիներուն ընթացքին նոյն Ամերիկան մէկ հատիկ հայատառ գրող չկրցաւ ծնիլ: Այս ճշմարտութիւններուն լոյսին տակ վստահաբար պէտք է վերատեսութեան ենթարկել մեր գործող ամբողջ համակարգը:
Բարեփոխումները պէտք է կատարուին՝ շատ լուրջ եւ ծրագրուած աշխատանքի շնորհիւ: Ու այս բոլորը պիտի ըլլան ընդհանուր համախոհութեան մթնոլորտի մը մէջ, ուր գերխնդիրը եղած սխալներուն համար մեղադրեալներ որոնելը պիտի չըլլայ:
Այսօր բաւականին այժմէական է Մելգոնեան վարժարանի վերաբացման օրակարգը: Ու այս խնդրին համար հարկաւոր են, որ ազգային ամենաբարձր մարմիններէն մինչեւ ամենէն անզօր համարուած ուժերը միաւորուին եւ նոր ճանապարհներ գծեն:
Կարեւոր ընելիք ունին Մելգոնեան վարժարանի շրջանաւարտները, որոնք ցարդ տարբեր առիթներով կը հաւաքուին ու հաւաքոյթներ կը կատարեն յիշատակելով վարժարանի հիմնադիր Գրիգոր եւ Կարապետ աղա Մելգոնեանները, որոնց նուիրաբերած գումարներով եւ տուած ու շարադրած կտակով Մելգոնեանը 1924 թուականին առաջին անգամ իր դռները կը բանար ընդունելով արեւտահայոց ուսման ծարաւի որբուկները: Մելգոնեանցիները խոնարհումով կը յիշատակեն իրենց դպրոցը հիմնադրող մեծանուն ազգային գործիչները: Անոնք նոյնպէս կը յիշատակեն Մելգոնեանի բակերէն ու դասարաններէն անցած հարիւրաւոր վարժապետներն ու սաները, խոնարհ ու հեզ մայրիկները եւ նուիրուած ու Մելգոնեանի աղբիւրէն ջուր խմած բոլոր գործիչները:
Այս յիշատակումները սակայն բաւարար չեն: Անոնք ոչինչ պիտի տան Մելգոնեանի դատին եւ ոչ մէկ բան պիտի փոխեն այսօրուան իրավիճակէն: Դպրոցը այսօր կը մնայ փակ ու ան դարձած է անցեալի յիշատակներու տխուր հանդիսավայր մը: Շրջանաւարտները, նախկին՝ «Մելգոնեանի սաներ»ը լաւ գիտեն այս բոլորը, ու գիտեն նաեւ, որ այս իրավիճակէն դուրս գալու համար «մեզի հարկաւոր են գործեր եւ ոչ խօսքեր»:
Օրեր առաջ Միացեալ Նահանգներէն ստացած էի ե-նամակ մը, որուն միջոցաւ բարեկամ մը բաւական «ճոխ» քննադատական բառերով կարճ յօդուած մը ստորագրելով պախարակութեան արժանի դարձուցած էր մեր եկեղեցւոյ կարգ մը սպասարկուները: Յօդուածը ոչ իսկ կարդացի: Վերջին շրջանին համացանցին մէջ շրջան ընող մեղադրական թոյնով գրուած բանսարկումները աւելիով կը յոգնեցնեն մարդս:
Յօդուածը աղբարկղին մէջ թափելէ ետք այս անգամ ես մեղադրական շեշտով մը պատասխանեցի յօդուածագիր բարեկամիս՝ հարց տալով, թէ ի՞նչ օգուտ պիտի տան մեզի նման սնոտի եւ մերկ մեղադրանքները: Ան արագօրէն կը պատասխանէր, որ իր գիրը եղած է յանուն մեր ընկերային կեանքի բարելաւման, շեշտելով նաեւ, որ ամէն բան սկիզբ պիտի առնէ երազով մը:
Ամերիկայի ափերը վայելող բարեկամս բացի անկէ, որ կը գրէր պարզապէս իր հոգեմտաւոր պապակը գոհացնելու համար, կը մոռնար նաեւ, որ նիւթը գրողը պէտք է նոյնպէս այդ երազին հաւատացող ու երազին համար պայքարող ըլլայ:
Բացի այդ բոլորէն այդ նոյն բարեկամս պէտք է քաջ գիտնար, որ անիծելու եւ մեղադրելու փոխարէն, մեզի այսօր ամէն բանէ առաջ հարկաւոր են լուծումներ:
Լուծումներ որոնելու համար հարկաւոր է կամք:
Մեր ապրումներու, անցեալի գաղթականութենէն դէպի կեանք տանող մեծ ճանապարհին վրայ Մելգոնեանը ուղեցոյց ու փարոս է:
Ժամանակները հասունցած են, որ ճիշդ ախտորոշումներ կատարուին եւ այդ մօտեցումները հեռու ըլլան հրապարակային շոուներ սարքելու ախտէն:
Այդ լուծումները մեզի խթան պիտի դառնան, որպէսզի մեր սիրտն ու հոգին տանջող ու մեզ մտատանջող վէրքերը դարմանուին:
Մելգոնեան վարժարանի վէրքը այդ տեսակի վէրքերէն է ու մենք հաւաքաբար պարտաւոր ենք դարմանել մեզ տանջող բոլոր վէրքերը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան