ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ԿԸ ՁԳՏԻ ՀԱՄԱՐԿՄԱՆ
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին կոչ ուղղեց, որպէսզի տնտեսական ու մարդասիրական համագործակցութեան գօտի մը ստեղծուի Ատլանտեանէն մինչեւ Խաղաղական ովկիանոս՝ ընդարձակ տարածքաշրջանին մէջ։ Փութինի համոզմամբ, այդ ճանապարհին վրայ կարեւոր քայլ մը պէտք է դառնայ եւրոպական ու եւրոասիական համարկման ներդաշնակեցումը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Փութին դիտել տուաւ, որ այդ աշխատանքը յատկապէս պահանջուած է առկայ պայմաններուն ներքեւ, երբ Եւրոպա հետզհետէ աճող մրցակցութեան մը դէմ յանդիման կը մնայ ազդեցութեան այլ կեդրոններու կողմէ։ «Ակնյայտ է, որ նոր միջազգային իրողութիւններուն մէջ հին աշխարհին համար կարելի է արժանի տեղ մը ապահովել միայն միաւորելով բոլոր եւրոպական երկիրներուն, ներառեալ Ռուսաստանի ներուժը», նշեց Փութին՝ Յունաստանի «Քաթիմերինի» թերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ։
Փութին այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ դէպի Աթէնք։ Այս ուղեւորութեան ընդառաջ հրապարակուած յօդուածին մէջ ան շեշտեց, որ Մոսկուայի եւ Եւրոմիութեան միջեւ գոյութիւն չունին հակասութիւններ, որոնք անլուծելի են։ Ռուս ղեկավարը աւելցուց, որ առայժմ չի տեսներ Եւրոպայի կողմէ պատրաստակամութիւն՝ Ռուսաստանի հետ երկխօսութեան ուղղութեամբ։