ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՓԱՌԱՏՕՆ
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտներուն բանաստեղծութեան, պարի եւ երաժշտութեան ելոյթներու փառատօնը։ Յայտագրին շրջագծով տղաքը հանդէս եկան հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն ելոյթներով։ «Ճամբայ» կարգախօսով գործադրուեցաւ յայտագիրը, որուն մաս կազմեցին ութ խմբերգներ, երկու պարեր եւ տասներեք բանաստեղծութիւններ։ Փառատօնի պատրաստութիւնը վերահսկած էին դպրոցի ուսուցչական կազմէն Հերա Իսկէնտէրօղլու, Լուսիա Քըլընչլը, Սունա Քորքմազ, Լեռնա Էօլմէզ եւ Գարին Սուսմաք-Քաթրանճըօղլու։
Փառատօնի աւարտին շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան, որ գնահատեց աշակերտներուն այս յաջող գործունէութիւնը։