ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Լիւք­սեմ­պուր­կի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան (ԵԺԿ) քա­ռաս­նա­մեա­կին ձօ­նուած յո­բե­լե­նա­կան գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Հա­մաեւ­րո­պա­կան քա­ղա­քա­կան ա­մե­նա­մեծ խմբա­ւո­րումն է ԵԺԿ-ն, ո­րու ե­րէ­կուան յո­բե­լե­նա­կան գա­գա­թա­ժո­ղո­վը վա­րեց ա­նոր նա­խա­գա­հը՝ Ժո­զէֆ Տոլ։ Եւ­րո­միու­թեան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թուսք եւ Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ժան-Քլոտ Եուն­քէր եւս մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Եւ­րո­միու­թեան կամ ա­նոր Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րէն ԵԺԿ-ին ան­դա­մակ­ցող կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յաց­նող պե­տու­թիւն­նե­րու կամ կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­ներ եւս հա­մախմ­բուե­ցան Լիւք­սեմ­պուր­կի մէջ։ Ա­նոնց շար­քին էր Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ։

Սերժ Սարգ­սեան ԵԺԿ-ի քա­ռաս­նա­մեայ յո­բե­լեա­նին կա­պակ­ցու­թեամբ փո­խան­ցեց պատ­գամ մը, ո­րու մէջ ընդգ­ծեց, թէ այս կու­սակ­ցու­թիւ­նը տա­րի­նե­րէ ի վեր ե­ղած է ու կը մնայ եւ­րո­պա­կան ինք­նու­թեան վե­րար­ժե­ւոր­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն օ­ղակ­նե­րէն եւ հա­մաեւ­րո­պա­կան յա­ռա­ջըն­թա­ցի մղիչ ու­ժե­րէն մին։ ԵԺԿ-ի ան­դամ քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րէն շա­տե­րը այ­սօր եւս ու­նին կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն եւ­րո­պա­կան բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րէն ներս։ Ան բարձր գնա­հա­տեց ԵԺԿ-ի դիր­քո­րո­շու­մը Հա­յաս­տա­նին վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու պա­րա­գա­յին զա­նա­զան եւ­րո­պա­կան կա­ռոյց­նե­րու մօտ, ինչ­պէս նաեւ խորհր­դա­րա­նա­կան հար­թակ­նե­րու վրայ։ «Հայ ժո­ղո­վուր­դը եւ­րո­պա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ան­բա­ժա­նե­լի մասն է իր ան­ցեա­լով ու մշա­կոյ­թով, իղ­ձե­րով ու նպա­տակ­նե­րով, իսկ Հա­յաս­տա­նի կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ԵԺԿ-ին ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը կը բխի մեր ընդ­հա­նուր քրիս­տո­նէա­կան ժա­ռան­գու­թե­նէն, ինչ­պէս նաեւ հիմ­նա­րար ա­զա­տու­թիւն­նե­րու, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու սկզբունք­նե­րուն նկատ­մամբ հա­մա­տեղ յանձ­նա­ռու­թե­նէն», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան, որ մե­ծա­պէս կա­րե­ւո­րեց ԵԺԿ-ի հետ միջ­կու­սակ­ցա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ եւ­րո­պա­կան քա­ղա­քա­կան մշա­կոյ­թի տա­րած­ման, հա­մաեւ­րո­պա­կան ար­ժե­հա­մա­կար­գի ամ­րապնդ­ման տե­սան­կիւ­նէն։

Միւս կող­մէ, դէ­պի Լիւք­սեմ­պուրկ այս միօ­րեայ այ­ցե­լու­թե­նէն վերջ Սերժ Սարգ­սեան ու­ղե­ւո­րուե­ցաւ Ղա­զա­խիս­տան։ Ան Աս­տա­նա­յի մէջ այ­սօր կը մաս­նակ­ցի Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան բարձ­րա­գոյն խոր­հուր­դի ժո­ղո­վին։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016