ԸՍՏ ՆԵԹԱՆԻՅԱՀՈՒԻ­­­­­­­, ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼ ՄՕՏ ԵՆ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ

«Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Նե­թա­նի­յա­հու այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով հան­դէս ե­կաւ՝ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն խումբ մը գոնկ­րէ­սա­կան­ներ հիւ­րըն­կա­լե­լու ժա­մա­նակ։ Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պե­տը հա­մո­զուած է, որ պէտք չէ ակն­կա­լել, թէ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը պի­տի վե­րա­դառ­նան տասն տա­րի ա­ռա­ջուան մա­կար­դա­կին, սա­կայն ա­նոնց կար­գա­ւո­րու­մը պի­տի նպաս­տէ եր­կու եր­կիր­նե­րու շա­հե­րուն։

Իս­րա­յէ­լէն բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեայ մը քա­նի մը օր ա­ռաջ յայտ­նած էր, թէ Թուր­քիոյ հետ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով մնա­ցած է միակ խո­չըն­դոտ մը։ Այս­պէս, Իս­րա­յէլ կը պա­հան­ջէ, թէ Թուր­քիոյ կող­մէ փա­կուի Հա­մա­սի ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւ­նը, որ կը գոր­ծէ Իս­թան­պու­լի մէջ։ Կող­մե­րը կը դժուա­րա­նան հա­մա­ձայ­նու­թեան հաս­նիլ այս խնդրին շուրջ։  

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016