ԱՉԱԼՐՋՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ

Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը այս Հինգ­շաբ­թի պի­տի քննար­կէ հայ­կա­կան հար­ցը։ Պուն­տես­տա­կի մօտ օ­րա­կար­գի վրայ պի­տի գայ բա­նա­ձեւ մը, ո­րու վա­ւե­րաց­ման պա­րա­գա­յին 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րը Պեր­լի­նի կող­մէ պի­տի ճանչցուին որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։ Հե­տե­ւա­բար, Թուր­քիա-Գեր­մա­նիա ա­ռանց­քին վրայ ներ­կա­յիս ստեղ­ծուած է ար­տա­սո­վոր մթնո­լորտ մը։

Ե­րէկ, Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէլ հե­ռա­ձայ­նով կապ հաս­տա­տեց Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի հետ՝ շնոր­հա­ւո­րու­թեան հա­մար։ Կը հա­ղոր­դուի, որ եր­կու վար­չա­պետ­նե­րու հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած է նաեւ Պուն­տես­տա­կի մօ­տա­լուտ քուէար­կու­թիւ­նը։ Այս առ­թիւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ ա­չալր­ջու­թեան կոչ ուղ­ղած է իր գեր­մա­նա­ցի պաշ­տօ­նակ­ցին։ Վար­չա­պե­տա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ նշած է, թէ 1915 թուա­կա­նի դէպ­քե­րուն վե­րա­բե­րեալ նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ան­հիմն է եւ կը բո­վան­դա­կէ ա­նար­դար քա­ղա­քա­կան դա­տո­ղու­թիւն­ներ։ Այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը մտա­հո­գու­թեամբ կը դի­տար­կուի թէ՛ կա­ռա­վա­րու­թեան, թէ՛ ամ­բողջ Թուր­քիոյ եւ թէ՛ Գեր­մա­նիոյ մէջ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած մի­լիո­նա­ւոր թրքահպա­տակ­նե­րուն կող­մէ։ Ուս­տի, Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ նշած է, թէ Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թե­նէն եւ խորհր­դա­րա­նէն կ՚ակնկալուի ա­չալր­ջու­թիւն։

Իր կար­գին, կա­ռա­վա­րու­թեան բան­բե­րը՝ Փոխ-վար­չա­պետ Նու­ման Քուր­թուլ­մուշն ալ ե­րէկ անդ­րա­դար­ձաւ այս հար­ցին՝ յի­շեց­նե­լով Թուր­քիոյ եւ Գեր­մա­նիոյ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն խո­րու­թիւ­նը։ Ան ը­սաւ, թէ քա­նի մը քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չի սի­րոյն չի կար­ծեր, որ Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը քան­դէ այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Ե­թէ առ­նուի այդ­պի­սի քայլ մը, ա­պա Թուր­քիոյ տե­սա­կէ­տէ ո­րե­ւէ ար­ժէք չի ներ­կա­յաց­ներ։

Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի եր­դի­քին տակ ներ­կա­յա­ցուած կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն ե­րե­քը՝ ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւ­նը, ՃՀՓ-ն եւ ՄՀՓ-ն ալ ե­րէկ այս հար­ցին կա­պակ­ցու­թեամբ հան­դէս ե­կան հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ Կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը պա­խա­րա­կե­ցին ու մեր­ժե­ցին Պուն­տես­տա­կի կող­մէ քննար­կուե­լիք նա­խա­գի­ծը, որ են­թա­կա­յա­կան քա­ղա­քա­կան նպա­տակ­նե­րով կ՚ա­ռաջ­նոր­դուի։ Խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը բա­նա­ձե­ւը մեկ­նա­բա­նած են նաեւ հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Ար­դա­րեւ, նա­խա­գի­ծը չի կըր-նար ծա­ռա­յել ո­րե­ւէ նպա­տա­կի, ե­թէ ոչ յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն ժա­ռան­գել կան­խա­կալ կար­ծիք­ներ թշնա­մու­թիւն եւ քի­նախնդ­րու­թեան զգա­ցում­ներ։ Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ Պուն­տես­տա­կի պատ­մա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը հա­-մա­րուած է՝ ոչ թէ պատ­մու­թեան ա­ղա­ւա­ղումն ու տա­րան­ջա­տում­նե­րու խո­րա­ցու­մը, այլ պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու յայտ­նա­բեր­ման խրա­խու­սուի­լը։

Պեր­լի­նի մէջ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի քուէար­կու­թեան ըն­դա­ռաջ բո­ղո­քի ցոյց մը կազ­մա­կեր­պուած էր թրքա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն կող­մէ։ Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, այդ ցոյ­ցին մաս­նակ­ցու­թեան մա­կար­դա­կը ե­ղած էր կան­խա­տե­սուա­ծէն ա­ւե­լի նուազ։ Յա­մե­նայն­դէպս Պուն­տես­տա­կի քուէար­կու­թեան օրն իսկ՝ յա­ռա­ջի­կայ Հինգ­շաբ­թի թուր­քե­րը կը նա­խա­տե­սեն բո­ղո­քի ցոյց մը եւս ի­րա­կա­նաց­նել Պեր­լի­նի մէջ։ Շարք մը մեկ­նա­բան­ներ թեր­թե­րուն յայ­տա­րա­րած են, որ Գեր­մա­նիա մեղ­սա­կից մը կը փնտռէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան յան­ցա­գոր­ծու­թեան հա­մար։

Յատ­կան­շա­կան է նաեւ Պուն­տես­տա­կի մօտ նա­խա­-տե­սուած քուէար­կու­թեան թուա­կա­նը։ Ար­դա­րեւ, 1921 թուա­կա­նին Պեր­լի­նի մէջ դար­ձեալ Յու­նի­սի 2-ին սկսած էր Թա­լէաթ փա­շան սպան­նած Սո­ղո­մոն Թէհ­լէ­րեա­նի դա­տա­վա­րու­թիւ­նը։ Գեր­մա­նիոյ ընդ­դի­մա­դիր Կա­նաչ­նե­րու կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ պատ­րաս­տուած եւ հա­մա­խո­հա­կան իշ­խա­նու­թեան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն կող­մէ պաշտ­պա­նուած բա­նա­ձե­ւին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը կը բաղ­կա­նայ հինգ է­ջէ։ Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճէմ Էօզտե-միր յայտնեց, թէ բանաձեւին նպատակը չէ թշնամանք հրահրել թուրքերու, հայերու եւ գերմանացիներու միջեւ, այլ ապահովել՝ անցեալի հետ առերեսումը եւ անդորրու-թեան հաստատումը։

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2016