ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ ՄԷՋ ԲՈՅՍԵՐ - Բ -
Կը շարունակենք ներկայացնել բոյսերու այն ցանկը՝ որ յիշատակուած է Սուրբ Գիրքի մէջ։
15) ԶՄՈՒՌՍ.- Զմուռս տառացիօրէն կը նշանակէ՝ անուշահոտ խէժ՝ ռետին, ծառերէն հոսող կպչուն հիւթ։ Երկու եբրայեցերէն բառ «զմուռս» կը թարգմանուին Սուրբ Գրոց մէջ. նախ՝ «մուռ» բառը՝ (Ելից Լ 23), (Սաղմոսաց ԽԵ 8) եւ այլուր։ Կը կարծուի, թէ այս համարներուն մէջ «զմուռս»ն է բժշկական եւ շատ համեմային եւ ըստ բաւականին գրգռիչ խէժը՝ որ կ՚ելլէ Արաբիոյ եւ Ափրիկէի մէջ բուսնող ծառէ մը, որուն գոյնն է նախ ճերմակ եւ իւղային, եւ ապա կը մթագնի։ Յոյները զմուռսը կը գործածէին գինիի բաղադրութեան համար, ըստ պատմական վկայութիւններու։
Երկրորդ՝ «լոդ» բառը՝ (Ծննդոց ԼԷ 25), (ԽԳ 11) համարներուն մէջ յիշուած, որ կը թարգմանուի «զմուռս»։ Բուն զմուռս չէր գտնուեր Պաղեստինի մէջ, ուստի կը կարծուի, թէ այս վերջինը «աղանգանոյն» ըսուած խէժն է՝ որ կ՚ելլէ Պաղեստինի եւ Կիպրոս կղզիին մէջ գտնուած ծառէ մը, եւ հիմա կը գործածուի գլխաւորապէս իբրեւ «անուշահոտ նիւթ»։
Սուրբ Գրոց մէջ յիշուած ուրիշ խէժեր ալ կան, որոնք կը դասաւորուին ըստ հետեւեալին։
ա) Բալասան.- (Ծննդոց ԼԷ 25), (Երեմեայ Ը 22) համարներուն մէջ յիշուած է։ Այս խէժի ծառը հասարակ է Պաղեստինի, Արաբիոյ եւ Ափրիկէի մէջ, կու տայ շատ քիչ խէժ, բայց սաստիկ համեմային եւ բժշկական է։ Կը համարուէր Պաղեստինի ազնուագոյն բերքերէն մին, եւ կը գործածուէր մանաւանդ վէրքեր օծելու։
բ) Խունկ.- Խունկը խէժ մըն է, որ կ՚ելլէ «ստիւրակ» կոչուած տեսակ մը կնդրկի ծառէ եւ շատ հոտաւէտ է։ Եբրայեցիներ խունկը իբրեւ ծխանելիք կը գործածէին իրենց կրօնական պաշտամանց ժամանակ։ Խունկը համարուած էր աղօթքի այլանական նշան. (Ղեւտացիներ Բ 2), (Սաղմոսաց ՃԽԱ 2), (Յայտնութիւն Ը 3-4) համարներու վկայութեամբ։
գ) Համեմունք.- Ծննդեան Գիրքի ԼԷ 25, ԽԳ 11 համարներուն մէջ յիշուած է։ Այս եւս տեսակ մը խէժ է, որ թերեւս «գազ» կոչուած ծառին հոյզն է, այսինքն բոյսերէ քամուած հիւթ։
դ) Ստաշխ.- Կը յիշուի Ելից Լ 34 համարին մէջ։
Անտարակոյս խէժի ուրիշ տեսակ մը, որ հիմա յայտնի չէ։ Կը կարծուի, թէ այսպէս կը կոչուէր զմուռսին ստորին մէկ տեսակը։
ե) Քաղբան.- Ելից Լ 34 համարին մէջ յիշուած է, զօրաւոր, բայց ո՛չ շատ անուշահոտ խէժ, որ կը ծորէ հովանոցաձեւ ծառէ մը, եւ վերոյիշեալ Ելից Լ 34 համարին մէջ հրամայուած բաղադրութեան բաղկացուցիչ մէկ մասն էր։ Եւ դարձեալ, նոյն Ելից Լ 34 համարին մէջ յիշուած «Եղունգ»ը՝ որ այն բաղադրութեան մէկ ուրիշ բաղկացուցիչ մասն էր՝ տեսակ մը խեցեմորթէ շինուած անուշահոտ նիւթ էր. («Խեցեմորթ»=կարծր կեղեւով ծովային կենդանի, ժժմակ, խեցի)։
16) ԶՈՊԱ.- Յիշուած է Ելից ԺԲ 22 համարին մէջ։ Զոպան կա՛մ կաքաւախոտն է՝ «քէքլիկ օթու», եւ կա՛մ անոր նման կակուղ եւ աղուամազոտ («աղուամազ»=հազիւ նշմարելի մազ, փափկամազ) տերեւներով վայրի խոտ մը։
Զոպան ջուր բռնելու յատկութիւն ունէր, ուստի եւ անով հեղուկներ կը սրսկուէին։
Յովհաննէս Աւետարանիչ կը յիշէ «զոպա»ն.
«Զինուորները սպունգը լեղիով խառն՝ քացախին մէջ թաթխելով՝ անցուցին զոպայի ճիւղի մը ծայրը եւ մօտեցուցին անոր բերանին» (Յովհաննէս ԺԹ 29)։
17) ԹԶԵՆԻ.- Պաղեստինի մէջ ընտանի ծառ մըն է. Ծննդոց Գ 7, Բ Օրինաց Ը 8 համարներուն մէջ յիշուած է։ Թզենին լայն ու հովանաւոր տերեւներով (Գ Թագաւորաց Դ 25) ծառ մըն է։ Մարտ ամսոյն մէջ կը բողբոջի (Երգ Երգոց Բ 13) եւ այլ եւ այլ տեսակներէն տարին երեք անգամ պտուղ կ՚առնուի։ Թզենիին առաջին պտուղը կը հասնի Յունիս ամսոյ վերջերը. ունի ընտիր համ եւ ընդհանրապէս դալար (չչորցած) կ՚ուտուի. (Երեմեայ ԻԴ 2)։ Նոր Կտակարանի մէջ ալ յիշուած է թզենին. (Մատթէոս ԻԱ 18-22), (Մարկոս ԺԱ 12-14), (Մարկոս ԺԱ 20-24)։
18) ԹԹԵՆԻ.- Թթենին Պաղեստինի մէջ հասարակ, սովորական ծառ է. (Ղուկաս ԺԷ 6), (Բ Թագաւորաց Ե 23-24)։ Թթենին թութի ծառն է։
19) ԹՈՒՆԱՒՈՐ ԽՈՏ.- Ովսեայ Ժ 4 համարի մէջ յիշուած է։ Ոմանք կը կարծեն, թէ այս համարին մէջ գործածուած եբրայեցերէն «րոշ» բառը կը նշանակէ «մոլեխինդ» (=շատ զօրաւոր թոյն արտադրող բոյս). ուրիշներ կը կարծեն, թէ կը նշանակէ որեւիցէ թունաւոր եւ դառն խոտ։
20) ԽԻԺԱԲԵՐ ՓԱՅՏ կամ ՆՈՃԻ.- Յիշուած է միա՛յն Ծննդոց Զ 14 համարին մէջ, եւ հաւանական է, թէ կը նշանակէ տեսակ մը «սոճի» կամ բո՛ւն «նոճի», քանի որ նոճին (=կոնաբերներու ընտանիքէն սլացիկ ծառ) շատ առատ է ասորիներու երկրին մէջ։
21) ԽՆՁՈՐ.- Թերեւս այս անունով կ՚իմացուի, կը հասկցուի սերկեւիլ կամ կիտրոն՝ որ սոկեգոյն պտուղ է. (Առակաց ԻԵ 11), (Յովել Ա 12), (Երգ Երգոց Բ 3-5 եւ Է 8)։
22) ԽՈՒՆԿԵՂԷԳՆ.- Ելից Լ 23, Եզեկիէլ ԻԷ 19, Եսայեայ ԽԳ 24, Երեմեայ Զ 20 համարներու մէջ յիշուած է։ Այս տունկը Հնդկաստանի եւ Եգիպտոսի մէջ կը գտնուի. բունն ու տերեւները շատ անոյշ հոտ կը բուրեն, մանաւանդ եթէ ճմլուին։ Կը կարծուի, թէ միջին Ասիոյ «Հիմալայա» կոչուած լերան մէջ արդի ժամանակներուս գտնուած մէկ տեսակն է Սուրբ Գիրքի մէջ յիշուածին նման։ Այն որ կը յիշուի Երեմեայ Զ 20 համարին մէջ, թէ՝ «հեռու երկրէ կու գար…»։
23) ԽՈՒՆԿԻ ՓԱՅՏ.- Յայտնութիւն ԺԸ 12 համարին մէջ յիշուած է։ Հռոմայեցիներու մէջ շատ յարգի էր այս տունկը, եւ կ՚անուանուէր՝ «Կիտրոնի փայտ»։ Այս ծառը կը բուսնի Ափրիկէի մէջ միայն, «Ատլաս» լերան մօտ։ Ասկէ կ՚ելլէ վաճառականութեան մէջ ծախուած ջնարակի ռետինը՝ որ շատ իւղային է եւ հոտաւէ՛տ։ («Ջնարակ»=ջրդեղ, կոնաբեր ծառի հիւթ՝ որով կարասի կը փայլեցնեն, իւղանկարի մակերեսը կը պատեն. «շպար-կեղծ»)։
24) ԽՍՏՈՐ.- Այս տունկը կը յիշուի միա՛յն (Թուոց ԺԱ 5) համարին մէջ։
Ըստ Հերոդոտոսի, այս էր Եգիպտոսի մէջ բուրգերը շինող գործաւորներուն տրուած կերակուրներէն մի՛ն…։
- Պիտի շարունակենք։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 26, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024