ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ ՈՒ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Աստանայի մէջ յայտարարեց, որ Երեւան մտադիր է հետեւողականօրէն աշխատիլ Վիեննայի գագաթաժողովին ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն ուղղութեամբ։
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի վերակենդանացման հարցը ներկայիս առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ օրակարգը։ Ապրիլի սկիզբին պատահած ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններէն վերջ Սերժ Սարգսեան Վիեննայի մէջ տեսակցած էր Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն միջնորդութեամբ։ Ներկայիս նախագահներու հաւանական նոր հանդիպման մը պատրաստութիւնները յառաջ կը տարուին եւ այս շրջագծով երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներն ալ շփում կը պահեն միջնորդներուն հետ։ Սպասումներու ներկայ ժամանակաշրջանին հակամարտ կողմերը իրերայաջորդ ձեւով կը փոխանցեն իրենց պատգամները։ Իլհամ Ալիեւ վերջերս դրական արտայայտութիւններ ունեցած էր Վիեննայի գագաթաժողովի արդիւնքներուն շուրջ։ Նոր տեսակցութեան մը սպասման մթնոլորտին մէջ երէկ ալ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութիւններով։ Անդրադառնալով Ապրիլի սկիզբին Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գծի եւ Հայաստանի հետ սահմանի ամբողջ երկայնքով Ատրպէյճանի կողմէ իրադրութեան լարման՝ Սերժ Սարգսեան ըսաւ.
«Հայաստան չի կրնար անմասն մնալ Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ յարձակումներու պարագայէն։ Ի հարկէ, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնապաշտպանական ուժերը արագ վերականգնեցին իրավիճակը՝ զայն վերցնելով իրենց վերահսկողութեան տակ։ Այստեղ կարեւոր դեր խաղաց Ռուսաստան, որուն Ատրպէյճան դիմած էր հրադադարի դրութեան վերահաստատման խնդրանքով։ Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի միջնորդութեամբ կայացաւ հանդիպում մը, որու ընթացքին պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուեցան վստահութեան ամրապնդման միջոցներու՝ շփման գծին վրայ մշտադիտարկման եւ դէպքերու հետաքննութեան դրութեան հաստատման ուղղութեամբ։ Հայաստան մտադիր է հետեւողականօրէն աշխատիլ այս պայմանաւորուածութիւններու իրականացման ուղղութեամբ ու շարունակել փնտռել խաղաղ կարգաւորում, որ առաջին հերթին հիմնուած պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի՝ սեփական ճակատագիրը տնօրինելու եւ ինքնորոշուելու իրաւունքին հիման վրայ։ Հայաստան համաձայն է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ, թէ այդ սկզբունքը, ինչպէս նաեւ ուժի կամ անոր սպառնալիքի չկիրառման սկզբունքները եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը կը հանդիսանան ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հիմքը»։
Հարկ է նշել, որ Սերժ Սարգսեան վերջին օրերուն բարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարութիւններուն հետ։ Ան տեսակցեցաւ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ, որ Երեւան մեկնած էր Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին առթիւ։ Բաց աստի, ան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ Այս երկու զրոյցներուն ընթացքին ալ առաջնահերթօրէն անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։
ՆԱԽԱՐԱՐ ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻ ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վաղը Փարիզի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները արդէն հաստատած են այս լուրը։
Եռանախագահները՝ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Փիէռ Անտրիու (Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ երէկ հանդիպում մը ունեցան Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ, Պրիւքսէլի մէջ։ Ազէրի նախարարը Պրիւքսէլի մէջ կը գտնուէր ՆԱԹՕ-Ատրպէյճան խորհուրդի ժողովին առթիւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արդիւնքները։ Ծանօթ է, որ յառաջիկայ ամիս երկու նախագահներուն մասնակցութեամբ նոր գագաթաժողով մը կը նախատեսուի եւ այդ մէկը նախապատրաստելու առաջադրութեամբ՝ միջնորդները զարկ տուած են իրենց աշխատանքին։ Նախագահներու յառաջիկայ տեսակցութենէն կ՚ակնկալուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ յառաջխաղացում։ Ներկայիս այս առումով սպասումներու ժամանակաշրջան մըն է, որու պայմաններուն ներքեւ միջազգային դերակատարներն ալ զանազան առիթներով կ՚անդրադառնան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։
Երէկ, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ յայտարարեց, թէ չի հաւատար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ռազմական ճանապարհով լուծման։ Վարշաւիոյ համալսարանին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին ան պատասխանեց Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ հայ ուսանողի մը կողմէ իրեն ուղղուած հարցման։ Ըստ իրեն, Ապրիլ ամսուան իրադարձութիւններու սկիզբին ժամանակ դաշինքը անտարբեր չէ մնացած ու հանդէս եկած է յայտարարութեամբ։ «Ես կոչով դիմած եմ երկու կողմերուն, որպէսզի յարգանք դրսեւորեն կրակի դադրեցման դրութեան նկատմամբ։ Մենք կը յայտարարենք ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ բանակցութիւններու ուղիով կարգաւորման եւ կրակի դադրեցման դրութիւնը յարգելու կարեւորութեան մասին», նշեց Սթոլթենպերկ։