ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՆԱՏԱՆ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՄԱՅԻՍԵԱՆ ԱՂՕԹՔ
Աստուածամօր Մայիսեան աւանդական ջերմեռանդութիւնը ամէն տարուան իր նուիրականութիւնը պահելով, նոյն եռանդով եւ հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցութեամբ այս տարի եւս շարունակուեցաւ Մխիթարեան հայրերու Անարատ Յղութիւն եկեղեցւոյ մէջ:
Մխիթարեան հայրերու Մայիսեան Տիրամօր խնկելի աղօթքները անոնց Պոլսոյ երկուհարիւրամեայ պատմութեան մէջ ունեցած է իր ուրոյն տեղը: Ջերմեռանդութեան աղօթքները՝ Ս. Վարդարանի, Լիտանիայի, Ս. Հաղորդութեան օրհնութեամբ երկնասլաց, զմայլելի եւ հոգեպարար խաղաղութիւն՝ անդորրութիւն կը պարգեւեն առօրեայ վազքի աւարտին:
Օրընդմէջ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէնի եւ Յակոբ Աւագ Սրկ. Մինասեանի ունկնդիր հաւատացեալը վերացնող, քաջալերող, Աստուծոյ մերձեցնող քարոզները ջերմեռանդութեան այլ դրական երեսակն է:
Հ. Յակովբոս Ծ. Վ. Չօփուրեանի բազմոցի դրուած Ամենասուրբ Հաղորդութեան լուսապայծառ Ճաճանչի շնորհաբաշխ օրհնութիւնը կը վերանորոգէ ներկայ հաւատացեալի հոգեաշխարհը:
Ջերմեռանդութեան ամբողջութեան մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ տարիներէ ի վեր խորանի ծառայող դպիրներու եւ եկեղեցւոյ Մխիթարեանի սաներէ բաղկացեալ կամաւոր երգչախումբը, զօրացած գեղաձայն մեներգիչներով, ղեկավարութեամբ վարժարանի երաժշտութեան ուսուցչուհի Լեռնա Պալօղլու-Աքպուլութի: Օփերայի երգչուհի Ժագլին Չարքճը եւս, իր բիւրեղական ձայնով Աստուածամօր ջերմեռանդութեան փայլը կ՚աւելցնէ: Իսկ նախակրթարանի բաժնէն երկսեռ 16 փոքրիկներ ալ իրենց հրեշտակային, անմեղունակ ձայնով մաս կազմած են երգչախումբին, Աստուածամօր գովքը հիւսելով:
Մայիսեան աղօթքները սկսան Մայիսի 2-ին եւ փակումը կատարուեցաւ Մայիսի 30-ին: Քաղաքի գնացքներու պատճառաւ գրեթէ սովորութիւն դարձած է երկու օր՝ ամսոյն սկիզբը եւ վերջը աղօթքները զանց առնել:
Ջերմեռանդութեան աւարտին վարժարանի ճաշասրահին մէջ Ծնողաց միութեան ժրաջան տիկիններու կողմէ պատշաճ ընդունելութիւն սարքուեցաւ եկեղեցական դասուն, մատակարար մարմնի եւ երգչախումբի անդանմերուն, իսկ նորեկ փոքրիկներն ալ պարգեւատրուեցան նուէրներով: