ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 28-րդ նստաշրջանի շրջագծով։ ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնին մէջ գումարուեցան այս ժողովները, որոնց շրջագծով հանդէս գալով Եդուարդ Նալպանտեան առաջին հերթին շեշտեց, թէ իրեն համար առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Մարդու իրաւանց խորհուրդին մօտ ելոյթ ունենալը՝ 2015-ի տարելիցի շրջանին։ Ըստ Նալպանտեանի, վերջին տարիներուն ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդը ընդլայնած է իր աշխատանքի թեմաթիք շրջագիծը՝ առաւել համապարփակ արձագանգելու համար աշխարհի զանազան շրջաններուն մէջ մարդու իրաւանց կոպիտ խախտումներուն՝ ուշադրութիւն կեդրոնացնելով ամենախոցելի խումբերու պաշտպանութեան հարցերուն վրայ։ Ան ընդգծեց, որ կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը կը պահանջէ միջազգային հանրութեան կողմէ արձագանգ եւ գործողութիւններ, որովհետեւ ահաբեկչական խումբերը կ՚իրագործեն մարդու իրաւանց լայնածաւալ խախտումներ։ Եդուարդ Նալպանտեան համոզուած է, թէ այլոց քաղաքակրթութեան պատկանող արժէքներուն հանդէպ անհանդուրժողութիւնը, մշակութային կամ կրօնական ժառանգութեան վնասումը, աւերումը պէտք է վճռականօրէն դատապարտուի միջազգային հանրութեան կողմէ։ Հայաստան անվերապահօրէն դատապարտած է ահաբեկչական խումբերու կողմէ իրակա-նացուած ոճրագործութիւններն ու վայրագութիւնները եւ կոչ ուղղած է միջազգային հանրութեան, որպէսզի վճռական քայլերու ձեռնարկէ։ Այս համատեսքին մէջ Հայաստան միանգամայն կը սատարէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերու լիակատար իրականացման։
Նախարար Նալպանտեան աւելի վերջ անդրադարձաւ, որ այդ ահաբեկիչներուն կողմէ Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցւոյ աւերումը ցաւալի, բայց միեւնոյն ժամանակ, խորհրդանշական կապ մըն է մարդկութեան դէմ անցեալի մէջ եւ այսօր գործուած յանցագործութիւններուն միջեւ։ Ըստ իրեն, յիրաւի, «մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ» հասկացութիւնը, որպէս այդպիսին, միջազգային իրաւական համակարգ ներմուծուած է 24 Մայիս 1915 թուականին Դաշնակից տէրութիւններու՝ Ռուսաստանի, Ֆրանսայի եւ Անգ-լիոյ հռչակագրին մէջ, որով անոնք կը նախազգուշացնէին հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուող ոճրագործութիւններուն կազմակերպիչները։
Աւելի վերջ Նալպանտեան դիտել տուաւ, թէ մարդու իրաւանց պաշտպանութիւնը մշտական ու շարունակական գործընթաց մըն է։ Այս տարի Յունուարի 22-ին Հայաստան ներկայացուց իր երկրորդ Համընդհանուր պարբերական զեկոյցը։ Հայաստանի առաջին զեկոյցի շրջափուլէն ի վեր Մարդու իրաւանց պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութիւն մը եւ Ազգային գործողութիւններու ծրագրեր ընդունուած են։ Մարդու իրաւանց պաշտպանութեան ոլորտէն ներս արձանագրուած են Հայաստանի պարտաւորութիւններու կատարման ճանապարհին էապէս դրական զարգացումներ։ Ըստ միջազգային զեկոյցներուն, Հայաստանի մէջ արձանագրուած են դրական էական ձեռքբերումներ՝ ժողովրդավարական բարեփոխումներու, արդիւնաւէտ կառավարման, մարդու իրաւանց պաշտպանութեան, հաւաքներու, խօսքի, մամուլի, համացանցի ազատութեան եւ այլ բնագաւառներէ ներս։
Նալպանտեան ժողովի ընթացքին մատնանշեց, որ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդը էական դեր խաղացած է պետութիւններու՝ Ցեղասպանութեան մասին պայմանագրէն բխած պարտաւորութիւնները ուղղորդելու մարդու իրաւանց համակարգուած պաշտպանութեան եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման բանաձեւերու ընդունման գործին մէջ։ Այս տարի Հայաստան կրկին նախաձեռնած է ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման բանաձեւի մը։ Գոյութիւն ունի միջազգային հանրութեան աճող համաձայնութիւնը առ այն, որ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլումը մշտապէս կը պահանջէ քաղաքակիրթ աշխարհի մշտական ուշադրութիւնն ու առաւելագոյն ջանքերը՝ առանց ստորադասելու այդ վեհ գաղափարը աշխարհաքաղաքական հաշուարկներուն։ Միջազգային հանրութեան բոլոր անդամները պէտք է միասնական ըլլան ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու իրենց ջանքերուն մէջ եւ Հայաստան կոչ կ՚ուղղէ բոլոր անդամ պետութիւններուն՝ սատար հանդիսանալու այս բանաձեւին, այնպէս, ինչպէս եղած էր երկու տարի առաջ։
Իր ելոյթին վերջին բաժնին մէջ Եդուարդ Նալպանտեան մէջբերեց Անտրէյ Սախարովի խօսքը, ըստ որու Մարդու իրաւունքները ունին համախմբող ուժ մը։ «Ես համոզուած եմ, որ մարդու իրաւանց պաշտպանութեան բացառիկ գաղափարը կրնայ միաւորել մարդիկ՝ անկախ ազգութենէն, քաղաքական համոզումներէն, կրօնէն, կամ հասարակութեան մէջ զբաղեցուցած դիրքէն։ Նալպանտեան համոզուած է, թէ սա իսկապէս կարեւոր պատգամ մըն է ու չափանիշ մը՝ պատերազմներէն, բաժանարար գիծերէն եւ ցեղապաշտ գաղափարախօսութիւններէն զերծ աշխարհի մը կառուցման ուղղեալ ապագայ գործողութիւններուն համար. աշխարհ, ուր առկայ է ամուր հաւատ, թէ մարդու իրաւունքները կրնան ու պէտք է մարդիկ միաւորել եւ սա է ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի գոյութեան գլխաւոր իմաստը։
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ
Մինչ այդ, Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի նախագահ Եոախիմ Ռիւքքէրի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեան այս առթիւ տեղեկացուց, թէ Հայաստան՝ որպէս մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու միջազգային հանրութեան պայքարի կարեւոր դերակատար, Մարդու իրաւանց խորհուրդի 28-րդ նստաշրջանի հաստատման կը ներկայացնէ «Ցեղասպանութեան կանխարգիլման» բանաձեւը։
Բաց աստի, Եդուարդ Նալպանտեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց գերագոյն յանձնակատար Զէիտ Ռաատ Էլ Հիւսէյինի հետ։