ԴՐՈՇՄԱԹՈՒՂԹԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Երեւանի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ դրոշմաթուղթերու հետաքրքրական ցուցահանդէս մը։ Հանրապետութեան տօնին շարժառիթով կազմակերպուած է այս ձեռնարկը, որու շրջագծով ներկայացուած բացառիկ նամականիշերը կ՚արժանանան հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան։ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման 98-րդ տարեդարձին ձօնուած ցուցահանդէսը բացուած է Ամերիկայի Հայկական համագումարի Երեւանի նորահաստատ գրասենեակի մուտքասրահին մէջ։ Մինչեւ այս շաբաթավերջը՝ Յունիսի 4-ը պիտի շարունակուի ցուցահանդէսը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի թղթատարութեան ազգային ընկերութիւնը՝ «Հայփոստ»ն ալ այս առթիւ թողարկած է յատուկ դրոշմաթուղթեր ու բացիկներ, որոնք հանդիսաւոր ձեւով պաշտօնապէս կնքուեցան ցուցահանդէսի բացման զուգահեռ։ Ներկայ էին «Հայփոստ»ի ընդհանուր տնօրէն Հայկ Աւագեան, Հայաստանի Փոխադրութեան ու կապի փոխ-նախարար Գագիկ Թադէոսեան, Հայաստանի Ֆիլաթելիսթներու միութեան նախագահ Յովիկ Մուսաէլեան եւ «Եունիքոմպ» ընկերութեան նախագահ Արմէն Պալտըրեան։ Վկայականներով ու մետայլներով պարգեւատրուեցան մասնակիցներն ու հովանաւորները։
Ցուցահանդէսին շրջագծով ներկայացուած են դրոշմաթուղթերու եզակի հաւաքածոներ։