ԱՐԱՄ ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆԷՆ ՍԷՐՎԱՆԴԷՍ

Իս­թան­պու­լա­հայ ե­րէց սե­րուն­դի մտա­ւո­րա­կան­նե­րէն Ա­րամ Գամ­պու­րեան ներ­կա­յիս մեր գրա­սէր­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ դրած է աշ­խար­հահռ­չակ Սէր­վան­դէ­սի «Պրու­նօ Ֆրանք» գոր­ծին հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը։ Սէր­վան­դէ­սի մա­հուան 400-րդ տա­րե­լի­ցի շրջա­նին զու­գա­դի­պած է այս գոր­ծին հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը։ Ա­րամ Գամ­պու­րեան գեր­մա­նե­րէ­նէ հա­յե­րէ­նի թարգ­մա­նած է Սէր­վան­դէ­սի գոր­ծը եւ այս աշ­խա­տու­թիւ­նը ձօ­նած է՝ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի իր գեր­մա­նե­րէ­նի ու­սուց­չին՝ հո­գե­լոյս Հայր Հմա­յեակ Ծ. Վրդ. Համ­բա­րեա­նի յի­շա­տա­կին։

Ա­րամ Գամ­պու­րեա­նի այս թարգ­մա­նա­կան աշ­խա­տան­քը ու­նի կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն։ Ար­դա­րեւ, մեր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ միշտ ալ կայ մի­ջազ­գա­յին դա­սա­կան­նե­րու ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի թարգ­մա­նու­թեան պա­կա­սը։ Գամ­պու­րեա­նի աշ­խա­տան­քը այս ա­ռու­մով կը հա­մա­րուի յատ­կան­շա­կան։ Ար­դա­րեւ, ան այս գիր­քը մեր ըն­թեր­ցա­սէր­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ կը դնէ որ­պէս մտա­ւո­րա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն, որ չէ խո­րա­ցած կամ չէ պար­փա­կուած միայն հայ­կա­կա­նին մէջ, այլ կա­նո­նա­ւոր շփում եւ լայն ծա­նօ­թու­թիւն ու­նի նաեւ հա­մա­մարդ­կա­յին մշա­կոյ­թին, մի­ջազ­գա­յին գրա­կա­նու­թեան հետ։ Այդ ծով պա­շա­րով է, որ Ա­րամ Գամ­պու­րեան հեր­թա­կան ան­գամ իս­թան­պու­լա­հայ գրա­սէր­նե­րու գրա­դա­րա­նին մէջ կու գայ նոր ան­կիւն մը գրա­ւել, ինչ որ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ու­րա­խու­թիւն մըն է բո­լոր ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք ան­կեղ­ծօ­րէն կ՚ո­գե­ւո­րուին իր տա­րած աշ­խա­տան­քով։

Ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րենք Ա­րամ Գամ­պու­րեա­նը, որ ազ­նուու­թիւ­նը ու­նե­ցած է այս գիր­քէն օ­րի­նակ­ներ մա­կագ­րե­լու նաեւ թեր­թիս խմբագ­րու­թեան հա­մար։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016