ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՊԻՆԱԼԻ ԵԸԼՏԸՐԸՄ ՊԱՔՈՒ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Պա­քու։ Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ձե­ւա­ւո­րուած նա­խըն­թա­ցին զու­գա­հեռ՝ պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու փո­փո­խու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին նո­րան­շա­նակ դէմ­քե­րը ի­րենց ա­ռա­ջին ար­տա­սահ­մա­նեան ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն դէ­պի Ատր­պէյ­ճան։ Ներ­կա­յիս Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմն ալ կը շա­րու­նա­կէ այս նա­խըն­թա­ցը։ Ան վա­ղը շփում­ներ պի­տի ու­նե­նայ Պա­քուի մէջ, ուր պի­տի հիւ­րըն­կա­լուի ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։

Ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մին պի­տի ու­ղեկ­ցին Փոխ-վար­չա­պետ Թուղ­րուլ Թիւր­քէշ, Ելմ­տա­կան նա­խա­րար Նա­ճի Աղ­պալ եւ Ան­տառ­նե­րու ու ջրա­յին մի­ջոց­նե­րու նա­խա­րար Վէյ­սէլ Է­րօղ­լու։

Հինգշաբթի, Յունիս 2, 2016